Հինգշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2021-ին, առցանց բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպած «Նոր տարի, նոր յոյս» նիւթով հաւաքական ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ արտերկրէն 120 վաստակաշատ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներ:
Համազգայինի ցուցասրահի հիմնադրութեան տասնամեակին առիթով կայանալիք ցուցահանդէսին, որ օրին յետաձգուած էր Լիբանանի դիմագրաւած առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, ցուցասրահին հետ գործակցած արուեստագէտները իւրաքանչիւրը մէկ արուեստի գործ նուիրելով իր երախտագիտութիւնը յայտնած էր: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք նաեւ կարգ մը արուեստագէտներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ցուցասրահին եւ տրամադրեցին արուեստի մէկական գործեր: Այս բոլորին հանրագումարը կազմեց 120 արուեստի գործ, եւ այս ցուցահանդէսով անոնք դրուեցան արուեստասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ:
Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ առաջին առիթով անդրադարձաւ ցուցասրահի բարերար արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի կորուստին եւ անոր ունեցած մեծ դերակատարութեան` ցուցասրահի աւելի քան 11-ամեայ երթին մէջ: Ան յիշատակեց նաեւ ցուցասրահին հետ համագործակցած արուեստագէտները, որոնք անցնող երկու տարիներուն զոհ դարձան «Քորոնա» ժահրի համավարակին:
Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի մասնակից բոլոր արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ այս ծրագիրի իրագործման իր հիմնական նպաստը բերած Հայ նկարիչներու կեդրոնի եւ Հայ կերպարուեստի հիմնադրամի նախագահ Խաչիկ Աբրահամեանին: Ան հաստատեց, որ արուեստագէտներու կողմէ կատարուած այս սիրայօժար նախաձեռնութիւնը փաստօրէն մշակոյթի ճամբով զօրակցութեան արտայայտութիւն է լիբանանահայ գաղութի եւ անոր մշակութային առաքելութեան շարունակականութեան: Հաւաթեան աւելցուց, որ մեկնելով ներկայ տնտեսական դժուարութիւններէն եւ յատուկ այս առիթին համար որոշուած է առիթ ընձեռել արուեստասէրներուն` մատչելի արժեգիներով արուեստի գործ մը ունենալու:
Իր խօսքի աւարտին ցուցասրահի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ Նոր տարուան հետ կարելի կ՛ըլլայ վերադառնալ աշխատանքային բնականոն հուն եւ ցուցասրահին վերադարձնել արուեստով եռուն կեանքի մթնոլորտն ու գործունէութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիւսի Թիւթիւնճեանի մահուան առիթով Թիւթիւնճեան ընտանիքին եւ Համազգայինի ցուցասրահին կողմէ ստեղծուած «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտին, որ հիմնականին մէջ կը նպատակադրէ երիտասարդ սերունդի կերպարուեստի բնագաւառին մէջ հետաքրքրութիւնները պեղել ու անոնց տաղանդը քաջալերել եւ զարգացնել:
Գեղարուեստական բաժինով իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտ Սելլա Սվաքճեան:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 16 յունուար, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: