Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջազգային Համայնքին Նեցուկը Հրամայական Է Լիբանանի Վերականգնումին»

Դեկտեմբեր 21, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2021-ին, կարճ այցելութեամբ Լիբանան եկած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի, յոյն ուղղափառ, հայ, սիւննի, շիի եւ տիւրզի համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումը սկսաւ ընդհանուր քարտուղարին բացման խօսքով, ուր ան յայտնեց, թէ միջազգային համայնքը մտահոգ է Լիբանանով, ան պէտք է աւելին կատարէ Լիբանանի համար, եւ թէ ինք եկած է լսելու համայնքային ու քաղաքական ղեկավարներու տեսակէտները եւ զանոնք համադրելով ներկայացնելու ՄԱԿ-ի յատուկ մարմիններուն:

Դռնփակ հանդիպումի ընթացքին համայնքապետները յաջորդաբար խօսք առին եւ պարզեցին իրենց մտահոգութիւններն ու սպասումները:

Վեհափառ հայրապետը Նիւ Եորքի ու Պէյրութի օդակայանին մէջ ընդհանուր քարտուղարին խօսքէն մէջբերում մը կատարելով ըսաւ, թէ` «Դուք եկած էք ձեր զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանին. ա՛յս է ձեր պատգամը Լիբանանին: Մեր պատգամն է ձեզի` օգնեցէ՛ք Լիբանանին, որովհետեւ ծանր հիւանդ է Լիբանանը»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, թէ լիբանանցիները եւ Լիբանանի բարեկամները խօսելով Լիբանանը դիմագրաւած տագնապներուն մասին, կ՛անդրադառնան անոնց հետեւանքներուն միայն` զգուշանալով անոնց տուն տուող հիմնական պատճառները քննելու: Ներկայ կացութիւնը պատահական եւ անակնկալ երեւոյթ մը չէ, այլ` ան տարիներու վրայ տարածուած բազմազան ու այլազան պատճառներու հետեւանք է: Փաստօրէն կարելի չէ լիբանանեան տագնապը լուծել առանց անդրադառնալու այդ հիմնական պատճառներուն, ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ ապա չորս կէտերու մէջ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի տագնապներուն ետին կանգնող պատճառներուն.

Առաջին` Լիբանանի քաղաքական դրուածքին համայնքային դրութիւնը թէ՛ Լիբանանի հարստութիւնն է եւ թէ՛ իր խոցելիութիւնը, որ առիթ կու տայ ուրիշներուն միջամտելու Լիբանանի ներքին հարցերուն: Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է համայնքային դրութիւնը պահելով հանդերձ զայն դարձնել ապակեդրոն, թափանցիկ եւ համարատու:

Երկրորդ` քաղաքական պատասխանատուներուն յաճախ անպատասխանատու եւ շահադիտական մօտեցումները, որոնք պատճառ դարձած են անարդարութեան ու փտածութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է պետական պաշտօններ ստանձնած մարդոց համար համարատուութեան յստակ ուղեգիծ ճշդել` ներառելով նաեւ պատժական միջոցներ:

Երրորդ` Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն սպասելի է, որ յարգեն Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը` պահելով հանդերձ իրենց պատմական ու կրօնական յարաբերութիւնները:

Չորրորդ` Լիբանանը պէտք է վերահաստատէ իր ինքնաճանաչումը իբրեւ պետութիւն` շեշտելով օրէնքի գերակայութիւնն ու պետութեան կեդրոնական հեղինակութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ յիշեալ եւ առնչակից խնդիրները անհրաժեշտ է, որ քննարկուին լիբանանցիներու կողմէ` լուրջ, պատասխանատու եւ համապարփակ երկխօսութեան ճամբով:

Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան: Ան ըսաւ, թէ որոշ չափով ծանօթ ըլլալով ՄԱԿ-ի պատասխանատուութեան, կը խորհիմ, թէ երեք ուղղութեամբ ան կրնայ օգտակար դառնալ Լիբանանին, կարճաշունչ ու երկարաշունչ աշխատանքներով եւ ծրագիրներու մշակումով: Այս շրջագիծին մէջ վեհափառ հայրապետը յատկապէս շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.

Ա.- Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿ-ը կոչ ուղղէ միջազգային համայնքին եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն` անմիջական օգնութիւն  կատարելու Լիբանանին մասնաւորաբար մարդասիրական, ընկերային ծառայութեան, առողջապահական եւ կրթական մարզերուն մէջ:

Բ.- Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿ-ը մղէ Լիբանանի կառավարութիւնը հիմնական բարեկարգութեան գծով անմիջական ու շօշափելի քայլեր առնելու, յառաջիկայ ընտրութիւններու թուականը ճշդելու եւ այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ պետական կազմալուծուած կառոյցները վերակազմակերպելու եւ օգտակար դառնալու ժողովուրդի հիմնական կարիքներուն:

Գ.- Անհրաժեշտ է, որ ՄԱԿ-ը յիշեցնէ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն, որ գործնապէս աջակից դառնան Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ իր վէրքերը դարմանել, տնտեսութիւնը վերականգնել եւ իր քաղաքական դերը վերստանձնել յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ այս բոլոր քայլերէն առաջ եւ անդին ՄԱԿ-ը պէտք է զգուշացնէ միջազգային համայնքը, թէ խաղաղ եւ բարգաւաճ Լիբանան մը կարեւոր նպաստ մըն է մարդկային քաղաքակրթութեան, կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան եւ գոյակցութեան. սակայն տագնապալից Լիբանան մը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ՛ նոյնիսկ անկէ անդին:

Յայտնենք, որ պաշտօնական հանդիպումէն առաջ եւ ետք, վեհափառ հայրապետը առիթը ունեցաւ կարճ խօսակցութիւն մը ունենալու ընդհանուր քարտուղարին հետ Հայաստանի ու Արցախի մասին:

Նախորդը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Փափազեան. «Եթէ Արցախը Ազրպէյճանի Մաս Դառնայ, Կը Նշանակէ` Հայաստանի Օրերը Հաշուըուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Փափազեան. «Եթէ Արցախը Ազրպէյճանի Մաս Դառնայ, Կը Նշանակէ` Հայաստանի Օրերը Հաշուըուած Են»

Յունիս 5, 2023
«Տեղեկատուական Դաշտը Երէկ Եւ Այսօր, Եւ «Ազդակ» Օրաթերթը». Ապագայ Լրագրողներու Հանդիպումը` Շահան Գանտահարեանի Հետ
Գաղութային

«Տեղեկատուական Դաշտը Երէկ Եւ Այսօր, Եւ «Ազդակ» Օրաթերթը». Ապագայ Լրագրողներու Հանդիպումը` Շահան Գանտահարեանի Հետ

Յունիս 5, 2023
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Գիտաժողով` Շնորհալի Հայրապետի 850-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Գիտաժողով` Շնորհալի Հայրապետի 850-Ամեակին Առիթով

Յունիս 5, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In