Գաղութային

Արցախցի Տաղանդաւոր Պատանիները  Խանդավառեցին Այնճարցիները

Արցախցի Տաղանդաւոր Պատանիները Խանդավառեցին Այնճարցիները

Հովանաւորութեամբ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան եւ կազմակերպութեամբ ՋԱՀ յանձնախումբին, Լիբանան գտնուող արցախցի պատանիները կիրակի, 3 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին այցելեցին Այնճար, ուր ունեցան միօրեայ ծրագիր եւ ելոյթ ունեցան այնճարցի հայորդիներուն դիմաց: Պատանիները ներկայ գտնուեցան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին ընկերակցութեամբ անոնք հերթաբար...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական  Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքային յղեց նամակ մը` իր գնահատանքը արտայայտելով ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանի ընթացքին 31 մարտին «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւի որդեգրումին համար: Բանաձեւը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայ վտանգներն ու մարտահրաւէրները, կը նախանշէ ցեղասպանութեան կանխարգիլման, ատոր ճանաչման, արդարութեան վերականգնման, փոխհատուցման, մեղաւորները պատժելու եւ հաշուետուութիւն...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Հռոմի քահանայապետ Ֆրանչիսքոս պապի տնօրինումով, ի տես Ընդհանրական աբբահօր եւ վարչականներու մօտալուտ ընտրական  ժողովին, Մխիթարեան միաբանութեան նոր քահանայապետական պատուիրակ նշանակուեցաւ գեր. Մաուրիցիոյ  Մալվեսթիթի, Լոտի քաղաքի եպիսկոպոս: Ի տարբերութիւն նախորդ պատուիրակին` Լեւոն արք. Զէքիեանի, իրեն խորհրդատու տրուեցան  Մխիթարեան միաբաններ` Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան եւ  Սերովբէ վրդ. Չամուրլեան: Քարտուղարն է Համազասպ վրդ. Քէշիշեան եւ մատակարար`  Նարեկ վրդ. Տատուրեան: Նոր պատուիրակն ու օգնական հայրերը...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հանդիպում

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հանդիպում

Երկուշաբթի, 28 Մարտ 2022-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները գումարեցին ժողով մը՝ ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ։ Առաջին առիթով հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ շղթայազերծուած հակահայ ծրագիրներուն՝ նոր տարածքներ բռնագրաւելու եւ Արցախը հայաթափելու  կազմակերպուած ներխուժումներուն ու սադրանքներուն։ Ժողովականները շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է համազգային ուժերու ամբողջական լարումով դիմակայել թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Վերջին Զարգացումներուն Հարցով Կապ Հաստատեց Լիբանանի Մէջ Շարք Մը Դեսպանատուներու Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Արցախի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն հարցով կապ հաստատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու դեսպանատուներու հետ: Միացեալ Նահանգներ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 25 մարտին կապ հաստատեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անձնակազմին հետ` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու գրասենեակին «Թուիթըր»-ի վրայ...

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի  Հովուապետական Եւ Զօրակցական Այցելութիւնը  Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հովուապետական Եւ Զօրակցական Այցելութիւնը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Շաբաթ, 26 մարտի  յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը հովուապետական այցելութիւն կատարեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոն` մօտէն ծանօթանալու կառոյցի եւ կեդրոնի աշխատանքներուն: Մուտքին հոգեւոր տիրոջ դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անդրանիկ Մսըրլեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի, Ազգային վարչութեան ու Համազգայինի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի ԻԸ. Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 25 մարտ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի շրջանային եւ մասնագիտացած մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատուներու եւ հրաւիրեալներու: Ժողովը նախ եւ առաջ լսեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան...

«Նախորդ Սերունդներուն Հաւատքով Կերտածը  Անտարբերութեամբ Չքանդենք»  Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

«Նախորդ Սերունդներուն Հաւատքով Կերտածը Անտարբերութեամբ Չքանդենք» Պատգամեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Երէկ` կիրակի, 27 մարտ 2022-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան հասաւ Արաքս թաղի մուտքը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Յընթացս Ս. պատարագին, առաջնորդ սրբազանը օծեց 40 սուրբ զինուորները...

«Ազդակ»-ի 46-րդ Լսարան.  Խորհրդային Միութեան Կազմութեան Նախօրեակը Եւ Ներկայ Իրադարձութիւնները

«Ազդակ»-ի 46-րդ Լսարան. Խորհրդային Միութեան Կազմութեան Նախօրեակը Եւ Ներկայ Իրադարձութիւնները

«Ազդակ»-ի առցանց 46-րդ լսարանը, որ վարեց թերթին ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեանը, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 24 մարտին: Դասախօսն էր պատմաբան դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան. նիւթ` «Խորհրդային Միութեան կազմաւորում եւ արդի իրողութիւններ. պատմահամեմատական վերլուծումներ»: Դասախօսը  պատմական բաժինով ներկայացուց Անդրկովկասեան դաշնութեան կազմաւորման, Խորհրդային Միութեան կազմութեան, Ռուսիոյ կազմին մէջ հանրապետութիւններ ներառելու մօտեցումներուն հոլովոյթը, իւրաքանչիւր փուլի քաղաքական պայմանները, ներխորհրդային մօտեցումներու տարբերութիւններն ու հակասութիւնները: Դոկտ....

Ոչ Կառավարական «Եուհանիթըր» Եւ «Նապըը» Կազմակերպութիւններու Երախտիքը` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին

Ոչ Կառավարական «Եուհանիթըր» Եւ «Նապըը» Կազմակերպութիւններու Երախտիքը` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետին

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք միջազգային եւ տեղական ոչ կառավարական բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին Լիբանանի տագնապահար ժողովուրդին: Անոնցմէ շատերը առ այսօր իրենց ներդրումը կը բերեն ժողովուրդին կեանքը բարեկարգելու աշխատանքներուն:  Մեծաթիւ կազմակերպութիւններ համագործակցաբար կատարեցին իրենց աշխատանքը շրջաններու պատասխանատու մարմիններուն հետ, որոնք իրենց կարգին դիւրութիւններ տուին` մարդկային անոնց առաքելութեան հեզասահ ընթացք տալու եւ անոնց օգնութիւնները թիրախաւորելու համար: Պուրճ Համուտի հայահոծ...

Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը

Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ձեռնադրութեան Արարողութիւնը

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Միաբան դառնալ կ՛ենթադրէ անվերապահօրէն ծառայել միաբանութեան յառաջընթացին, եկեղեցւոյ պանծացումին, ազգային գերագոյն շահերուն ու ազգի բարգաւաճման: Տրուած ըլլալով, որ Սահակ սարկաւագ Քէշիշեան նախանձախնդութեամբ ու համակ նուիրումով կը մօտենայ եւ բծախնդրութեամբ կը վերաբերի վերոյիշեալ նուիրական սրբութիւններու նկատմամբ, նաեւ սոյն բնագաւառներուն մէջ աւարտած է ուսման ընթացքը, Զմմառու պատրիարքական Կղերի միաբանութեան վանքի վարչութեան եւ հոգեւոր տիրոջ հաւանութեամբ` շաբաթ, 19 մարտ 2022-ին` երեկոյեան...

Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդն Ու Ազգային Վարժարանները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդն Ու Ազգային Վարժարանները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 19 մարտ 2022-ին Լիբանանի թեմի Ուսումնական խորհուրդն ու ազգային վարժարանները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Այցելութեան նպատակն էր կաթողիկոսին շնորհակալութիւն յայտնել Ուսուցչաց տօնին առիթով Լիբանանի ու Սուրիոյ բոլոր հայ դպրոցներու ուսուցիչներուն կատարած նիւթական օժանդակութեան համար: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան ընդհանուր գիծերու մէջ վեհափառ հայրապետին ներկայացուց Լիբանանի ազգային վարժարաններուն պարզած ներկայ պատկերը եւ...

Լէյլաւանի Մէջ.  Հայ Ուսուցիչներու Գնահատանքի Հաւաք

Լէյլաւանի Մէջ. Հայ Ուսուցիչներու Գնահատանքի Հաւաք

Ուսուցչաց տօնին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, հինգշաբթի, 10 մարտ 2022-ին Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ուսուցիչներու գնահատանքի հաւաք: Այս առիթով խօսք առաւ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ Լիբանանի տագնապալի օրերուն, հակառակ կրթական, տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններուն, ծանր պատասխանատուութիւն կրած են ուսուցիչները, որոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց առաքելութեան: Տէմիրճեան յայտնեց, որ հայ ուսուցիչները արժանի...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական  Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքային յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց. «Ազրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը 18 մարտին վերջերս բռնագրաւուած Շուշիի մէջ մասնակցեցաւ Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը բուռն կերպով կը դատապարտէ ՄԱԿ-ի գրասենեակին մասնակցութիւնը այդ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հայկական պատմական այդ...

«Մեր Շուկան» Միօրեայ Նախաձեռնութիւնը Ունեցաւ  Մեծաթիւ Մասնակիցներ Եւ Այցելուներ

«Մեր Շուկան» Միօրեայ Նախաձեռնութիւնը Ունեցաւ Մեծաթիւ Մասնակիցներ Եւ Այցելուներ

Շուրջ երկու տարիէ ի վեր «Քորոնա» ժահրին պարտադրած սահմանափակումներուն  եւ տնտեսական կացութեան պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող անդամալոյծ վիճակէն ետք, ահաւասիկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը քաջութիւնը ունեցաւ նախաձեռնելու «Մեր շուկան» ցուցահանդէս-վաճառքը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ժողովուրդին մէջ: Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երէկ` կիրակի, 20 մարտի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Մասթըր մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» միօրեայ նախաձեռնութեան բացումը: «Մեր շուկան»...

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով Վեհափառ Հայրապետի Գլխաւորութեամբ  Առցանց Քննարկում

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով Վեհափառ Հայրապետի Գլխաւորութեամբ Առցանց Քննարկում

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով, հինգշաբթի, 17 մարտ 2022-ին տեղի ունեցաւ առաջին առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը: Առցանց նիստին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Սալբի Ղազարեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Տիգրան Եկաւեան, Անգլիայէն` Հրաչ Գույումճեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան: Կամքէ անկախ պատճառներով նիստին չկրցան մասնակցիլ հարաւային Ամերիկայէն` Խաչիկ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շարք Մը Դեսպաններու Յղեց Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Վերաբերեալ Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Լեհաստանի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի, Իտալիոյ, Նետերլանտներու, Դանիոյ, Չեխիոյ, Արժանթինի, Չիլիի եւ Պրազիլի դեսպաններուն յղեց հետեւեալ նամակը. «Ազրպէյճանական բռնագրաւող ուժերուն կողմէ Արցախը բնական կազով մատակարարող խողովակի դէմ գործուած խափանարարական արարքին պատճառով` Արցախի ամբողջ տարածքը 7 մարտէն ի վեր զրկուած է կազէն: Կազի մատակարարման դադրեցումով Արցախի աւելի քան 100 հազար խաղաղ մարդու...

Լիբանանի Մէջ Միացեալ  Նահանգներու Դեսպանը  Հանդիպում Ունեցաւ  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին Հետ

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին Հետ

Երկուշաբթի, 14 մարտ 2022-ին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա այցելութիւն տուաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու Լիբանանի ներքին քաղաքական եւ տնտեսական հարցերուն շուրջ: Անոնք ունեցան տեսակէտներու փոխանակում` ակնարկելով Լիբանանի ընկերային-տնտեսական տագնապի լուծման: Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին` համաձայն գտնուելով, որ...

Page 119 of 365 1 … 118 119 120 … 365

Արխիւներ