Կիրակի, 27 փետրուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 8:30-էն յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի «Ռաֆիք Հարիր»-ի անուան օդակայանի «Ռիատ Սալամէ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի կազմակերպած Սկաուտական համաժողովը` հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեան Համաշխարհային Սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ` Էնտի Շեփմընի:
Սոյն համաժողովին տարբեր երկիրներու եւ միութիւններու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութենէն Շրջանային խմբապետուհի եւ Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի խմբապետութեան անդամ Լոռի Պիլալեան, Շրջանային Արենուշ ճիւղի խմբապետուհի եւ Սկաուտական ֆետերասիոնին մէջ Կենսոլորտի բարգաւաճման յանձնախումբի նախագահ Սանահին Թովմասեան, Շրջանային մոկլի ճիւղի խմբապետուհի Թալին Փափիրեան նաեւ յանձնախումբերու անդամներ Սիմոն Տէրտէրեան եւ Կասիա Էճիտեան:
Համաժողովին ընթացքին Լոռի Պիլալեան եւ Սանահին Թովմասեան ներկայացուցին կենսոլորտի բարգաւաճման ծրագիրին մասին զեկոյց մը:
Երկուշաբթի, 28 փետրուար 2022-ին, կԷսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանի վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սկաուտութեան շարժման հիմնադրութեան 110-րդ տարեդարձին առթիւ տօնակատարութիւն մը` հովանաւորութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուատական խորհուրդի ատենապետ Յակոբ Չպլաքեան, Շրջանային խմբապետուհի եւ Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի խմբապետութեան անդամ Լոռի Պիլալեան եւ Սկաուտական ֆետերասիոնին մէջ Կենսոլորտի բարգաւաճման յանձնախումբի նախագահ Սանահին Թովմասեան:


