10 մարտ 2022-ին Հայկազեան համալսարանը յարգանքի տուրք մատուցեց իր Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին, որ անցեալ տարի իր մահկանացուն կնքեց` «Քորոնա» ժահրով վարակուելուն պատճառով:
Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին նուիրուած յիշատակի երեկոն տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ուղիղ սփռումը կատարուեցաւ Դիմատետրով:
Այս առիթով հանգուցեալ տոքթ. Նիկոլեանի գեղանկարներէն մաս մը առցանց ցուցադրուեցաւ վաճառքի նպատակով, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի համալսարանի սաներու ֆոնտին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեանը, որ ներկայացուց հանգուցեալին յատկանիշները` իբրեւ արհեստավարժ բժիշկի, արուեստագէտի եւ մտաւորականի:
Այս առիթով Հայաստանէն դոկտ. Երուանդ Խաչատրեան խօսեցաւ տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան արուեստագէտին, բանաստեղծին եւ մտաւորականին մասին` ներկայացնելով անձնական կեանքէ դրուագներ եւ յուշեր:
Իր կարգին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ուղղեց իր սրտի խօսքը` տոքթ. Նիկոլեանը ներկայացնելով իբրեւ իւրայատուկ անձնաւորութիւն` նկարագրային յատուկ գիծերով: