Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, «Մշակութային բազմազանութիւն` քաղաքացիութեան եւ պատկանելիութեան միջեւ» խորագրով ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 մարտ 2022-ի առաւօտուն, յոյն կաթողիկէ պատրիարքական կեդրոնատեղիին մէջ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան Մշակութային կեդրոնին եւ համագործակցութեամբ Մշակոյթներու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին: Սոյն ձեռնարկին, տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու կողքին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, մասնակցեցաւ Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան, որ կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքը:
Ողջունելէ ետք կազմակերպիչները նման ձեռնարկի մը կայացման համար, վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ընդգծած էր համակեցութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ ներկայ ժամանակներու ընկերութիւնը բազմազանութեամբ կը յատկանշուի եւ ուստի կը պահանջէ երկխօսութիւն` փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ: Հայրապետը լուսարձակի տակ առած էր Լիբանանի ընկերային դրուածքը, ինչպէս նաեւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ուր հայեր իբրեւ տիպար քաղաքացիներ կ՛ապրին ու կը ստեղծագործեն` պահպանելով իրենց մշակոյթն ու կրօնը: Ասկէ մեկնելով` նորին սրբութիւնը շեշտը դրած էր կողմերու միջեւ փոխհասկացողութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ առողջ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան վրայ:


