Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Բժիշկները Այնճարի Մէջ Իրենց Ծառայութիւնը Մատուցեցին

Մարտ 11, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 10 մարտի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Այնճար այցելեցին Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի:

Պատուիրակութեան մաս կազմող բժիշկներ Վաչէ Վասիլեան (ատամնաբուժ), Վան Պօղոսեան (վիրաբուժ), Ճէյք Գուշիկեան (ներքին հիւանդութեան մասնագէտ), Կարինէ Վասիլեան (մանկաբուժ), Անիթա Պօղոսեան (թղթակից) եւ Պերճ Աբգարեան «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ դիմաւորուեցան Վարուժան արք. Հերկելեանի, Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, գիւղի հոգեւոր հայրերուն, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան պատասխանատու անդամներուն կողմէ:

Բարի գալուստի խօսքը ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անունով արտասանեց Եսայի Հաւաթեան: Ան բոլոր ներկաներուն կողմէ շնորհակալական խօսք ուղղեց Ֆրեզնոյէն եկած բժիշկներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին Այնճար այցելելու եւ օգտակար հանդիսանալու մեր հիւանդ հայրենակիցներուն: Ան յայտնեց, որ Այնճարի հայութիւնը բարձր կը գնահատէ բժիշկներու այս առաքելութիւնը, որ մարդոց յոյս եւ կորով կը ներշնչէ:

Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ  իր երախտագիտութիւնը յայտնեց` նշելով, որ մենք ձեր գալուստով անգամ մը եւս հաստատեցինք, որ մենք առանձին չենք սփիւռքի մէջ, ամէն մէկ սիրտ, որ կը տրոփէ աշխարհի տարածքին, մեր սրտի տրոփումին արձագանգն է: Ան յոյս յայտնեց, որ շատոնց սկսած այս առաքելութիւնը շարունակուի:

Աւարտին խօսք առաւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց իրենց ծրագրած այս փոքր քայլին իրականացումը տեսնելով: Ան այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք առիթ ընծայեցին բժիշկներուն օգտակար հանդիսանալու այնճարցիներուն եւս, եւ ըսաւ. «Այս ծրագիրը կատարուեցաւ բոլորին ճիգերով, նիւթական ներդրում ունեցող օժանդակողներուն միասնականութեամբ, գետնի վրայ աշխատողներուն եւ յատկապէս բժիշկներուն անձնական ներդրումով: Անոնք իրենց առաքելութիւնը իր բարձրութեան եւ գործնականացման հասցուցած են` իրենց համեստ, բայց վեհ հոգիով, մէկ խօսքով` ձեռք-ձեռքի գործը յառաջ տանող պատրաստակամ անձերու ջանքերով»:

Հոգեւոր հայրերու աղօթքէն ետք բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան նախաճաշով, որ պատրաստուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ:

Ապա ներկաները ուղղուեցան «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոն, ուր բժիշկները ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան յանձնեցին մեծ քանակութեամբ դեղորայք,  նախնական դարմանումի անհրաժեշտ պիտոյքներ,  բժշկական  գոյքեր, ինչպէս նաեւ Այնճարի «Գարակէօզեան» հաստատութեան ատամնաբուժական դարմանատան տրամադրեցին որոշ քանակութեամբ  ատամնաբուժական նիւթեր: Ապա անջատ սենեակներու մէջ, իւրաքանչիւրը անցաւ գործի` իր մասնագիտութեան մէջ. անոնք ընդունեցին հիւանդներ, չափահասներ, երեխաներ, կատարեցին վիրաբուժական  փոքր գործողութիւններ` օժանդակութեամբ դարմանատան երկու հիւանդապահուհիներուն եւ կամաւոր ԼՕԽ-ականներուն: Պէտք է յիշել, թէ ամբողջ օրը անընդմէջ բժիշկները կատարեցին իրենց մարդասիրական առաքելութիւնը մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր:

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Հասարակական-Քաղաքական Գործիչ Եւ Գրող Ալվարդ Պետրոսեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?