Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան 45. Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան Դասախօսեց «Հայ-Թուրք Երկխօսութեան Գործընթաց. Վիճելի Եւ Համաձայնելի Կէտեր, Հեռանկարներ» Նիւթով

Մարտ 9, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3 մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 45-րդ առցանց  լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ-թուրք երկխօսութեան գործընթաց. վիճելի եւ համաձայնելի կէտեր, հեռանկարներ», իսկ դասախօսը` ցեղասպանագէտ, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան: Առցանց լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց նախորդող շուրջ 10-15, ի մասնաւորի վերջին քանի մը տարիներուն հայ-թուրք յարաբերութիւններուն վերաբերող շրջագիծն ու անոնց առնչուող իրավիճակը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններն ու հայ-թրքական յարաբերութիւնները տարբեր հարթակներու վրայ են, անոնց վերաբերող տարբեր պատկերացումներ ու մօտեցումներ կան, թէեւ խորքին մէջ այս երկուքը անքակտելիօրէն փոխկապակցուած են, եւ կարելի չէ պատկերացնել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները` առանց մտածելու ազգային համընդհանուր շահերուն մասին, բայց եւ այնպէս փաստ է, որ Հայաստանի մէջ, յատկապէս վերջին երկու տարիներուն, կարելի է խօսիլ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մասին այլ ձեւաչափով եւ անոնց մասին մտածել այլ հարթակի վրայ:

Խ. Մուրատեան խօսեցաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն գծով գոյութիւն ունեցող հանրային կարծիքի, խօսոյթի, հանրաքուէներու եւ հարցախոյզերու մասին, որոնք յատկապէս ի յայտ կու գան, երբ այս կապերուն վերաբերող զարգացում մը կ՛արձանագրուի, եւ անոնք լուսարձակի տակ կու գան: Ան շեշտեց, որ պէտք է այս բոլորին նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերել, որովհետեւ թէ՛ թրքական, եւ թէ՛ հայկական իրականութեան մէջ առկայ պատկերացումներն ու մօտեցումները առարկայական եւ շօշափելի տուեալներու վրայ չեն հիմնուած, անոնց վերլուծումը փթացնող արտայայտութիւններ եւ կարգախօսներ կրնան ըլլալ, սակայն պէտք չէ ներառուին մասնագիտական վերլուծման մէջ: Դասախօսը շեշտեց, որ վերլուծում ընելու եւ պատկերացումներ կազմելու համար անհրաժեշտ է բաւական լայն դիտանկիւնէ մօտենալ հարցերուն, սերտել ամէն տուեալ ու մանրամասնութիւն` իրողութիւններէն մեկնելով եւ անոնց վրայ հիմնուելով:

Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին, Հայ դատի աշխատանքներուն եւ անոնց ազդեցութեան` հայ-թուրք յարաբերութիւններուն եւ ընդհանրապէս այսօրուան մեր խօսոյթին վրայ: Ան դիտել տուաւ, որ մենք Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը նոյնացնենք հաւաքականութիւններուն մէջ ամբողջ մտայնութեան մը, քաղաքական աշխարհահայեացքի փոփոխութեան հետ, բայց եւ այնպէս, այլ օրինակներէ մեկնած կրնանք ըսել, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ամբողջ աւանդութիւն մը, մտայնութիւն մը պիտի չփոխուի, այլ ատիկա պիտի ըլլայ այս փոփոխութեան լոկ սկիզբ տուող կայծը: Ըստ անոր, Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւները ընդհանրապէս կարելի չէ դիտել իբրեւ կախարդական փոփոխութիւն յառաջացնող երեւոյթ, նաեւ կարելի չէ շատ բան ակնկալել Ցեղասպանութիւն ճանչցող բանաձեւերէն, բայց եւ այնպէս պէտք է գիտացիլ, որ փուլային ձեւաչափը մաս կը կազմէ այս բոլորին, իսկ ատիկա տարիներու կը կարօտի եւ ժամանակի ընթացքին ի յայտ կու գայ:

Առցանց լսարանին ընթացքին դոկտ. Մուրատեան լուսարձակի տակ առաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ուղղակի առնչուած առանց նախապայմաններու կապեր  հաստատելու խնդիրին, զոյգ հաւաքականութիւններուն մէջ այս նիւթին վերաբերող խօսոյթներուն եւ պաշտօնական մակարդակի վրայ անոնց առկայութեան` նշելով, որ անցնող երկու տասնամեակներուն մենք  քանիցս այս իրավիճակին դէմ յանդիման գտնուած ենք, բայց եւ այնպէս պետական եւ լուրջ մակարդակի վրայ պէտք եղած աշխատանքը չէ կատարուած, այդ պատճառով ալ միշտ լոզունգն է տիրականը: Դասախօսը կարեւոր նկատեց այս գործընթացներուն մէջ մտաւորականներու եւ գիտնականներու ներգրաւումը, անոնց կարծիքը, մտածումներն ու կեցուածքը գիտնալն ու նկատի առնելը: Ան նաեւ անհրաժեշտ սեպեց փոխադարձ վստահութեան վերաբերող քայլերուն մէջ իսկականն ու ձեւականը զանազանել եւ ըստ այնմ արժեւորել: Ըստ անոր, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ իր դերը ունի նաեւ Ազրպէյճանի դիրքորոշումն ու անոր կեցուածքներուն որոշ մեղմացումը, յատկապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, որովհետեւ Թուրքիա միշտ կը շեշտէ, որ ինք մնայուն կերպով կը դիմէ Ազրպէյճանի կարծիքին եւ անոր հետ կը խորհրդակցի:

Եզրակացնելով` դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան յայտնեց, որ արցախեան պատերազմէն եւ Ուքրանիոյ դէպքերէն ետք ստեղծուած կացութենէն մեկնած, յատկապէս արցախեան պատերազմի լոյսին տակ Հայաստանի եւ հայութեան մէջ տիրող իրավիճակը մէկ օրէն միւսը պիտի չփոխուի. թէեւ ծանր է վիճակը, սակայն պէտք չէ յուսալքուիլ եւ թուլնալ, նաեւ այս բոլորին մէջ իւրաքանչիւր հայ պէտք է նաեւ ինքն իրեն հետ հաշիւ տայ եւ պատասխանատուութեան զգացում ունենայ: Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր յաջորդող արհաւիրքէն ետք այսօր մենք կը գտնուինք ամէնէն մեծ ու ցնցիչ իրականութեան դէմ յանդիման` իբրեւ երկիր, ժողովուրդ եւ ազգ, բայց եւ այնպէս պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ արհաւիրքէն ետք կարելի է վերականգնիլ, պետութիւն ստեղծել, ուստի այսօր եւս յուսալքումէ, դատապարտումներէ անդին պէտք է երթալ, եւ իւրաքանչիւրս իր դերակատարութեան անդրադառնայ` այս իրավիճակի փոփոխութեան առումով:

Դասախօսութեան յաջորդեց քննարկում եւ միտքերու փոխանակում, ուղղուեցան հարցումներ:

Նախորդը

Կարօտի Նամակ` Դաստիարակ-Ուսուցիչներուս (9 Մարտ)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?