Ուրբաթ, 11 մարտ 2022-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապսին:
Պատուիրակութիւնը նախ ընդհանուր զեկուցում մը ներկայացուց կաթողիկոսին` ՄԱԵԽ-ի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ, ապա հրաւիրեց զայն` ներկայ գտնուելու Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԵԽ-ի ընդհանուր համաժողովին եւ իր խօսքը ուղղելու:
Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց ՄԱԵԽ-ին նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` նոր ծրագիրներ մշակելու ու աշխատանքներ իրագործելու անյետաձգելի հրամայականը, յատկապէս շրջանը եւ եկեղեցիները դիմագրաւող ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց:


