Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Շուկան» Միօրեայ Նախաձեռնութիւնը Ունեցաւ Մեծաթիւ Մասնակիցներ Եւ Այցելուներ

March 21, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուրջ երկու տարիէ ի վեր «Քորոնա» ժահրին պարտադրած սահմանափակումներուն  եւ տնտեսական կացութեան պատճառով Լիբանանի մէջ տիրող անդամալոյծ վիճակէն ետք, ահաւասիկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը քաջութիւնը ունեցաւ նախաձեռնելու «Մեր շուկան» ցուցահանդէս-վաճառքը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ժողովուրդին մէջ:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երէկ` կիրակի, 20 մարտի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Մասթըր մոլ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր շուկան» միօրեայ նախաձեռնութեան բացումը:

«Մեր շուկան» շրջուն ժողովրդային շուկայ մըն է, որ այսուհետեւ ամսական դրութեամբ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի տարբեր վայրերու մէջ: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է շրջանին մէջ պահպանել հայեցի դիմագիծը, հանրութեան ծանօթացնել հայ մշակոյթը, ձեռարուեստը, տոհմիկ ճաշերը, տարբեր բնագաւառներու աշխատանքները, հայկական եւ լիբանանեան արտադրութիւնները:

«Մեր շուկան» նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մեծ թիւով անհատներ, ինչպէս նաեւ միութիւններ, հաստատութիւններ, գրախանութներ, հրատարակչատուներ: «Մասթըր մոլ»-ի երկու յարկերուն վրայ զետեղուած սեղաններուն վրայ ցուցադրուած էին գիրքեր, զարդեղէններ, արուեստի գործեր, ձեռային աշխատանքներ, հայկական գորգեր, պայուսակներ, մոմեր, ճաշատեսակներ, կարկանդակներ, անուշեղէններ, խաղալիքներ, յուշանուէրներ եւ այլն: Ուշագրաւ էին ճաշարան «Պատկեր»-ի գորգաշինութեան սեղանները, ուր պատանի-պարմանուհիներ  կը զբաղէին գորգաշինութեամբ եւ այցելուներուն կը սորվեցնէին այդ աշխատանքը:

Խուռներամ ժողովուրդին կողքին, «Մեր շուկան» այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, նախկին նախարարներ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ Աւետիս Կիտանեան:

Օրուան հանդիսավարն էր Մարալ Մխսեան, որ «Մեր շուկան» նախաձեռնութեան բացման առիթով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն եւ այցելուներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաջողցնել այս ծրագիրը, ինչպէս նաեւ բացատրեց նման նախաձեռնութեան մը կազմակերպման նպատակը: Ան հերթաբար ներկայացուց մասնակիցներն ու անոնց արտադրութիւնները:

«Մեր շուկան» նախաձեռնութեան ընթացքին նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 7:00, կատարողութեամբ լիբանանահայ վարժարաններուն, նաեւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտներուն: Մասնակցող  վարժարաններն էին` Վահան Թէքէեան` պար, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան`  պար, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց` երգ, Ազգային Միացեալ` պար, Հայ աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան` մենապար, Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներէն` «Քնար» եւ «Գայեանէ» պարախումբերը, «Տաւիղ»-ը եւ տհոլահարները, ինչպէս նաեւ «Գարուն տենս կրուփ»-ը: Ժամը 5:00-էն 6:00 ուղղակի սփռումով իր մասնակցութիւնը բերաւ «Վանայ ձայն»-ի մանկապատանեկան յայտագիրը` «Հուրիկն ու մեծ հայրիկը»:

«Մեր շուկան» ունեցաւ մեծ թիւով այցելուներ, որոնք մեծապէս գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ տրամադրութիւն յայտնեցին յառաջիկային իրենք եւս մասնակցելու սոյն նախաձեռնութեան:

Յայտնենք, որ մեր «Մեր շուկան» նախաձեռնութիւնը տեւեց մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

Կարելի է հաստատել, որ բաւական երկար ատեն է, որ առեւտրական այս կեդրոնը` «Մասթըր մոլ»-ը այսքան մեծաթիւ այցելու չէր ունեցած. հակառակ ցուրտին, հայորդիները այցելեցին «Մեր շուկան», վայելեցին հայկական ջերմ մթնոլորտը, հետեւեցան գեղարուեստական յայտագիրին եւ այս դժուար օրերուն որոշ չափով լիցքաւորուած վերադարձան իրենց տուները:

Նախորդը

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Առիթով

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.