Հռոմի քահանայապետ Ֆրանչիսքոս պապի տնօրինումով, ի տես Ընդհանրական աբբահօր եւ վարչականներու մօտալուտ ընտրական ժողովին, Մխիթարեան միաբանութեան նոր քահանայապետական պատուիրակ նշանակուեցաւ գեր. Մաուրիցիոյ Մալվեսթիթի, Լոտի քաղաքի եպիսկոպոս: Ի տարբերութիւն նախորդ պատուիրակին` Լեւոն արք. Զէքիեանի, իրեն խորհրդատու տրուեցան Մխիթարեան միաբաններ` Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան եւ Սերովբէ վրդ. Չամուրլեան: Քարտուղարն է Համազասպ վրդ. Քէշիշեան եւ մատակարար` Նարեկ վրդ. Տատուրեան:
Նոր պատուիրակն ու օգնական հայրերը կոչուած են լուծումներ գտնելու միաբանութեան առկախ հարցերուն, բոլոր միաբաններուն հետ միասին սահմանադրութիւնը վերանայելու եւ կատարելու ընտրական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները:
Լիայոյս ենք, որ Մխիթարի տան արեւաբոյր ցայգալոյսը հրճուանքի պատճառ դառնայ համայն հայորդիներուն եւ բարեմաղթութիւն հայազգի վերելքին:
ԴԻՒԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ