Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդն Ու Ազգային Վարժարանները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

March 22, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 19 մարտ 2022-ին Լիբանանի թեմի Ուսումնական խորհուրդն ու ազգային վարժարանները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Այցելութեան նպատակն էր կաթողիկոսին շնորհակալութիւն յայտնել Ուսուցչաց տօնին առիթով Լիբանանի ու Սուրիոյ բոլոր հայ դպրոցներու ուսուցիչներուն կատարած նիւթական օժանդակութեան համար:

Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեան ընդհանուր գիծերու մէջ վեհափառ հայրապետին ներկայացուց Լիբանանի ազգային վարժարաններուն պարզած ներկայ պատկերը եւ անոնց դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւնները: Ան խօսեցաւ այդ հարցերու դիմագրաւման միջոցներուն մասին եւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ կրթական հաստատութիւններու անխափան երթին, որուն մէջ տնօրէններուն եւ կրթական պատասխանատուներուն կողքին կանգնած են բարերարներն ու նիւթական յատկացումներով դպրոցը ոտքի պահող կառոյցները: Վիգէն Աւագեան երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառին, որ անցնող աւելի քան երկու տարիներուն, լիբանանեան տագնապի օրերուն, իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձուց հայկական վարժարաններուն մէջ գործող ուսուցիչները, շեշտելով, որ այդ ուշադրութիւնը նիւթականէն անդին` բարոյական նեցուկ, քաջալերանք եւ մղում կը հանդիսանայ մերօրեայ դժուարին պայմաններուն մէջ իրենց առաքելութեան մէջ անսասան մնացող դաստիարակներուն:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հայ դպրոցին դերն ու կարեւորութիւնը` ազգի գոյատեւումը երաշխաւորելու իմաստով: Ան հաստատեց, որ դպրոցը դպրոց է իր նուիրեալ ուսուցիչներով եւ այս մարզին մէջ գործողներով, այլապէս անիկա կը վերածուի լոկ քարեղէն կառոյցի մը, որուն մէջ շունչ եւ ոգի գոյութիւն չունին: Կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքին` զայն նկատելով առաքելութիւն, իսկ ուսուցիչները` առաքեալներ, որոնք կարեւոր եւ առանցքային աշխատանք կը տանին հաւաքական կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ հայ դպրոցը իր էութեամբ առաքելութիւն է, եւ զայն իրագործողը հայ ուսուցիչն է, շեշտելով, որ եթէ կ՛ուզենք հայ դպրոցին առաքելութիւնը առաւել ծաղկեցնել, պէտք է հայ ուսուցիչին նկատմամբ գործնապէս յարգանք ու գնահատանք ցուցաբերենք: «Որեւէ ժամանակէ աւելի, հայ ուսուցիչին կողմէ կատարուող առաքելութիւնը կոչումի գիտակցութեամբ հարկ է որ կատարուի, որովհետեւ, յատկապէս սփիւռքի մէջ, հայապահպանումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, եւ այս ծիրին մէջ հայ ուսուցիչին դերը վճռական է», շեշտեց հայրապետը:

Լիբանանեան իրականութեան մէջ տիրող ծանր կացութեան անդրադարձ կատարելով` վեհափառը յիշեցուց, որ ընկերային ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան էական տարածքներէն մէկն է: Հետեւաբար ան հաստատեց, որ կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի շարունակուի այս առաքելութիւնը:

Նշենք, որ օրեր առաջ Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչակազմէն պատուիրակութիւն մը արդէն միեւնոյն նպատակով այցելած էր Արամ Ա. վեհափառին եւ երախտագիտութիւն յայտնած` հայ դպրոցին հանդէպ ցուցաբերած իր հոգածութեան եւ Ուսուցչաց տօնին առթիւ իր կողմէ ուսուցիչներուն կատարուած նիւթական օժանդակութեան համար:

Նախորդը

Լէյլաւանի Մէջ. Հայ Ուսուցիչներու Գնահատանքի Հաւաք

Յաջորդը

Ուքրանական Տագնապ, Շահախնդրութիւններ, Քիչ Մը Աւելի Մօտը Կամ Հեռուն

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.