Ուսուցչաց տօնին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, հինգշաբթի, 10 մարտ 2022-ին Ֆանարի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ուսուցիչներու գնահատանքի հաւաք:
Այս առիթով խօսք առաւ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան, որ նշեց, թէ Լիբանանի տագնապալի օրերուն, հակառակ կրթական, տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններուն, ծանր պատասխանատուութիւն կրած են ուսուցիչները, որոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց առաքելութեան: Տէմիրճեան յայտնեց, որ հայ ուսուցիչները արժանի են գնահատանքի, որովհետեւ ուսուցիչները մեծ զոհողութիւններով կը կատարեն իրենց վստահուած աշխատանքները: Ան մաղթեց, որ նշեալ հաւաքը աւանդութեան կը վերածուի եւ առիթ կը հանդիսանայ տարեկան դրութեամբ քննելու ուսուցիչներն ու կրթութիւնը յուզող հարցերը: Տէմիրճեան հաստատեց, որ կոմիտէն յաջորդ փուլին նաեւ հայ ուսուցիչներուն կողքին պիտի կանգնի` յաղթահարելու դժուարութիւնները:
Հաւաքին նաեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեան, որ մեծապէս գնահատեց կոմիտէի` ուսուցիչներու զօրակցական հաւաքը: Աւարտին, շրջանի ուսուցիչները ստացան յիշատակի նուէրներ:
Կոմիտէի շրջանին մէջ գործող 15 ուսուցիչներն են` Թամար Ստեփանեան, Ծովակ Չագըրեան, Սիւզան Օհանեան, Սեւան Մկըրեան, Յարութ Թաշճեան, Սոնա Գասապեան, Ռիթա Օհաննէսեան, Թամար Օհանեան, Վազգէն Մուղալեան, Թամար Զէքեան, Ֆլորա Տէմիրճեան, Շողեր Տուտագլեան, Մերի Օհանեան, Յարութ Տօնոյեան եւ Ղազար Քէօշկէրեան:


