Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Տողանցքով  Եւ Հանդիսութեամբ Նշեց Մայիսեան  Անկախութեան 104-րդ Ամեակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Տողանցքով Եւ Հանդիսութեամբ Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 104-րդ Ամեակը

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին  եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 29 մայիս 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան տողանցք, որ եկաւ խանդավառութիւն, դրական ներուժ եւ յոյս ներարկելու լիբանանեան վերջին երկու տարիներու ծանր առօրեայով ապրող եւ «Քորոնա»-ի սահմանափակումներուն պատճառով համախմբումներէ զրկուած,...

Ազգային Երգերու Համերգ «Շնորհալի»  Երգչախումբին Կատարողութեամբ

Ազգային Երգերու Համերգ «Շնորհալի» Երգչախումբին Կատարողութեամբ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, շաբաթ 28 մայիս 2022-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Արին Սէնթըր»-ի դիմաց տեղի ունեցաւ ազգային երգերու համերգ` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ «Կիլիկիա» նուագախումբին: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան նկատել տուաւ, որ 28 մայիս 2022-ը Հայաստանի...

Հայաստանի Հանրապետութեան  104-ամեակն Ու Արամ Ա. Հայրապետին Անուանակոչութիւնը  Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան 104-ամեակն Ու Արամ Ա. Հայրապետին Անուանակոչութիւնը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կիրակի, 29 մայիս 2022-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին, մեծ շուքով կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք ու նշուեցաւ Արամ Մանուկեանի անունով օծուած Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին անուանակոչութիւնը: Ս. պատարագի ընթացքին կաթողիկոսին ձեռամբ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւնը, որուն աւարտին աղօթք վերառաքեցաւ առ բարձեալն Աստուած, որ ամուր ու...

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Իններորդ Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւնը

Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովի աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած պատգամաւորները մտահոգ են ներկայիս Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած լրջագոյն սպառնալիքներով: Օրուան իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներէն նահանջը, ազգի պառակտումը, հատուածական մտածողութեան սերմանումը եւ ազգային ռազմավարական նպատակներէն հրաժարումը պատճառ դարձան այն աղէտին, որուն առջեւ ներկայիս յայտնուած են Հայաստանն ու Արցախը: Կանգնած ենք Արցախի անկախութեան ու Հայաստանի  ինքնիշխանութեան կորուստի շեմին: Իբրեւ...

ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրէն (Եու.Էն.Տի.Փի. UNDP) պատուիրակութիւն մը հինգշաբթի, 26 մայիս 2022-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն եւ տեսակցեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ, ապա շրջեցաւ Արաքս փողոցին մէջ: ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի օգնական տնօրէն Օշա Ռաու-Մոնարի, արաբական պետութեանց մէջ նշեալ ծրագիրի տնօրէն Խալիտա Պոզար, Լիբանանի մէջ ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Միլանի Հոնշթայն եւ Լիբանանի մէջ շրջանային պատասխանատուներ: Այս առիթով...

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 104-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 29 մայիսին, յընթացս ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք եւ եռագոյն դրօշի օրհնութիւն: Արդարեւ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագին նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը կատարեց հանրապետական մաղթանք եւ օրհնեց եռագոյն դրօշը, որմէ ետք դպրաց դասը մեկնաբանեց «Մեր հայրենիք» քայլերգը: Սրբազանը իր...

Յարգանք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիրներէն Լիբանան Թաղուածներուն Յիշատակին

Յարգանք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիրներէն Լիբանան Թաղուածներուն Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը շաբաթ, 28 մայիս 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին այցելեց Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատուները, ուր կը ննջեն 104-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմադիրներէն ու նախարարներէն ոմանք: Վարչութեան անդամները ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ Պանթէոնի, Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Արշակ Յովհաննէսեանի, Արամ Սահակեանի, Հրաչ Փափազեանի, Վարդան Շահպազի եւ Խմբապետ Մուշեղի շիրիմներուն վրայ: Աւանդութեան վերածուած այս նախաձեռնութեան նպատակն...

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Արմենիա Արթ Ֆեր» Միջազգային Ցուցահանդէսին

«Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Մասնակցի «Արմենիա Արթ Ֆեր» Միջազգային Ցուցահանդէսին

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի «Արմենիա Արթ Ֆեր» միջազգային ցուցահանդէսին Ուրբաթ, 27 մայիս 2022-ին Երեւանի «Yerevan expo center»-ի մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենիա արթ ֆեր» միջազգային ցուցահանդէսին բացումը, որ կը համախմբէ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն եւ Ասիայէն  մեծ թիւով ցուցասրահներ եւ արուեստագէտներ: Յայտնենք, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այս ցուցահանդէսին մասնակցութեամբ կը նպատակադրէ լիբանանեան ժամանակակից գեղանկարչութիւնն ու քանդակագործութիւնը...

Հաղորդագրութիւն

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Իններորդ Պատգամաւորական Ժողովի Յայտարարութիւնը

Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովի աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած պատգամաւորները մտահոգ են ներկայիս Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած լրջագոյն սպառնալիքներով։ Օրուան իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներէն նահանջը, ազգի պառակտումը, հատուածական մտածողութեան սերմանումը եւ ազգային ռազմավարական նպատակներէն հրաժարումը պատճառ դարձան այն աղէտին, որուն առջեւ ներկայիս յայտնուած են Հայաստանն ու Արցախը։ Կանգնած ենք Արցախի անկախութեան ու Հայաստանի  Ինքնիշխանութեան կորուստի շեմին։ Իբրեւ...

Արցախի Պաշտօնական Պատուիրակութեան  Հանդիպումը Լիբանանահայութեան Հետ.  «Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Արցախի  Գոյատեւումը Անկարելի Է»

Արցախի Պաշտօնական Պատուիրակութեան Հանդիպումը Լիբանանահայութեան Հետ. «Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Արցախի Գոյատեւումը Անկարելի Է»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ ներկայութեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, չորեքշաբթի, 25 մայիս 2022-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախը այսօր» խորագիրով ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան,...

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը  Կը Շարունակէ Լիբանան Այցելութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Կը Շարունակէ Լիբանան Այցելութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան 25 եւ 26 մայիսին շարունակեցին իրենց տեսակցութիւնները տարբեր անձնաւորութիւններու եւ կառոյցներու պատասխանատուներու հետ: Անոնց ընկերակցեցան Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Նարպէյ Տէր Մկրտչեանը եւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի խորհրդական Կարէն Վանեանը, ՀՅԴ Լիբանանի...

Արցախի Հանրապետութենէն  Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կ՛այցելէ

Արցախի Հանրապետութենէն Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կ՛այցելէ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան 24 մայիսին հասան Լիբանան, ուր տեսակցութիւններ ունեցան տարբեր անձնաւորութիւններու եւ կառոյցներու պատասխանատուներու հետ: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան 24 մայիս 2022-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը ընդունեց Արցախի պատուիրակութիւնը, որուն կ՛ընկերակցէին...

Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Այցելեց «Ազդակ»

Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Այցելեց «Ազդակ»

24 մայիսին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ նուագավար, երգչախմբավար եւ երաժշտագէտ, Փրակի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ դոկտ. Հայկ սրկ. Իւթիւճեան: Դոկտ. Իւթիւճեան Լիբանան կը գտնուի Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով` դասախօսելու «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով երիտասարդական միօրեայ սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 մայիսին, եւ որուն ընթացքին ան զեկուցեց «Հայկական եկեղեցական երաժշտութիւնը...

ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Շնորհաւորական  Այցելութիւն Տուաւ Յակոբ Բագրատունիին

ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Յակոբ Բագրատունիին

Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ  Ժիրայր Թիւֆէնքճեանի, այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սիլվա Լիպարիտեան, Արին Ղազարեան, Վազգէն Հատիտեան, Վիգէն Չէրչեան եւ Արթօ Գունտաքճեան: Պատուիրակութեան անդամները շնորհաւորեցին Յակոբ Բագրատունին իր երեսփոխան վերընտրուելուն առիթով: Ապա անդրադարձան լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած հարցերուն, երկրին քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին եւ հայկական կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութեան:...

Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդն ու Ազգային Վարչութեան Ատենապետը Այցելեցին «Ազդակ»

Արեւմտեան Ամերիկայի Առաջնորդն ու Ազգային Վարչութեան Ատենապետը Այցելեցին «Ազդակ»

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան` ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանին եւ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանին, 23 մայիսին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Սրբազան հայրն ու Ազգային վարչութեան ատենապետը  մօտէն ծանօթացան թերթին աշխատանքներուն, հաստատեցին, որ իրենց շրջանէն մեծ է թիւը «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ մաղթեցին, որ «Ազդակ»-ը, հակառակ երկրի...

Վիթալի Բալասանեան Լիբանանի Մէջ

Վիթալի Բալասանեան Լիբանանի Մէջ

Անցնող շաբաթ Լիբանան այցելեց Արցախի հերոս եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեան: Ան իր առաջին այս այցելութեան ընթացքին ծանօթացաւ լիբանանահայ համայնքի գործունէութեան եւ կառոյցներուն: Վիթալի Բալասանեան այցելեց Համազգայինի «Մելանկթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան, Ազգային միացեալ վարժարան ու Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» քոլեճ եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեանց ու աշակերտութեանց հետ: Ծանօթանալէ ետք կրթական օճախներուն, ան իր հիացմունքը արտայայտեց լիբանանահայ վարժարաններու կրթական...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Զօրակցական Երթը` Հայաստանի  «Դիմադրութեան» Շարժումին

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Զօրակցական Երթը` Հայաստանի «Դիմադրութեան» Շարժումին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, շաբաթ, 21 մայիսին, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ  Հայաստանի «Դիմադրութիւն» «Զարթնի՛ր Լաօ» շարժումի զօրակցական երթ մը: Երթը ընթացք առաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն եւ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն` «Աբրահամ Աշճեան», «Արաքս», «Մարաշ» թաղերուն մէջ, հասաւ մինչեւ Տորա, ապա կրկին վերադարձաւ եւ ընթացքը աւարտեց Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ: ԼԵՄ-ականները իրենց ձեռքերուն բռնած էին «Զարթնի՛ր Լաօ» եւ «Դիմադրութիւն»...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Նուիրապետական Աթոռը Զինուեցաւ  Երեք Կուսակրօն Նորընծաներով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նուիրապետական Աթոռը Զինուեցաւ Երեք Կուսակրօն Նորընծաներով

Կիրակի, 22 մայիս 2022-ին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Հրակ սրկ. Գալայճեանի, Շանթ սրկ. Գատէհճեանի եւ  Նարեկ սրկ. Ֆիլիքեանի կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւնն ու օծումը`...

Համազգայինի Միօրեայ Երիտասարդական  Սեմինարը` Մայիսեան «Ապրիլեան Ոգեկոչում» Մը  «Սփիւռքի Տարուան» Մէջ

Համազգայինի Միօրեայ Երիտասարդական Սեմինարը` Մայիսեան «Ապրիլեան Ոգեկոչում» Մը «Սփիւռքի Տարուան» Մէջ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ» խորագիրով երիտասարդական միօրեայ սեմինարը շաբաթ, 21 մայիս 2022-ին, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ համախմբեց լիբանանահայ աւելի քան 130 երիտասարդներ: Սեմինարը արգասիքն էր ամիսներու աշխատանքի մը, որուն մէջ կատարուած ներդրումը միայն Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին չէր պատկաներ: Անիկա կը վայելէր Արամ Ա. կաթողիկոսին բարձր հովանաւորութիւնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի...

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար  Քաղաքապետական Ծառայութիւնները  Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար Քաղաքապետական Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ մամլոյ ասուլիսով բացումը կատարուեցաւ քաղաքապետական ծառայութիւններու շրջանային թեքնիք գրասենեակին: Ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ներքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վարչութեան տնօրէն Ֆաթեն Ապու Հըսըն, ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) շրջանային տնօրէն Մելանի Հաունշթայն, ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) շրջանային տնօրէն Թայնա Քրիսթընսըն, քաղաքապետութիւններուն օժանդակելու...

Page 113 of 365 1 … 112 113 114 … 365

Արխիւներ