Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

May 31, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրէն (Եու.Էն.Տի.Փի. UNDP) պատուիրակութիւն մը հինգշաբթի, 26 մայիս 2022-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն եւ տեսակցեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ, ապա շրջեցաւ Արաքս փողոցին մէջ: ՄԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի օգնական տնօրէն Օշա Ռաու-Մոնարի, արաբական պետութեանց մէջ նշեալ ծրագիրի տնօրէն Խալիտա Պոզար, Լիբանանի մէջ ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Միլանի Հոնշթայն եւ Լիբանանի մէջ շրջանային պատասխանատուներ:

Այս առիթով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ողջունեց պատուիրակութիւնը եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց քաղաքապետութեան դիմակալած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները` շրջանին եւ անոր բնակչութեան հանդէպ իր պարտականութեան իրագործման ճիգերու ընթացքին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին դիմագրաւած նիւթական ու տնտեսական տագնապներուն: Քաղաքապետ Պօղոսեան լուսարձակի տակ առաւ Պուրճ Համուտի մէջ պատուիրակութեան իրագործած ծրագիրները` մաղթելով, որ այս գործակցութիւնը շարունակուի եւ ընդլայնուի ի սպաս տիրող պայմաններու բարելաւման:

Փոխադարձաբար, Ռաու-Մոնարի շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Պօղոսեանին եւ բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տարած գործունէութիւնը ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ, վերահաստատելով ՄԱԿ-ի նշեալ ծրագիրի յանձնառութիւնը` զօրակցելու լիբանանեան զանազան շրջաններուն եւ մարզերուն:

Իր կարգին Խալիտա Պոզար նշեց տեղական իշխանութեանց գործակցութեան կարեւորութիւնը երկրի կեդրոնական իշխանութեան հետ` միաժամանակ ակնարկելով նախատեսուող քաղաքապետական ընտրութեանց:

Միլանի Հոնշթայն եւս շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետութեան` գործակիցներուն հետ անոր տարած գործունէութեան համար եւ նշեց, որ ատիկա կը քաջալերէ ՄԱԿ-ի պատկան կողմերը` շարունակելու եւ զարգացնելու նշեալ ծրագիրը:

Այս առթիւ այս ծրագիրի պատասխանատուները ներկայացուցին շրջանին մէջ կատարուած կարգ մը իրագործումներ: Ոստիկան Ռոլա Եուսեֆ ներկայացուց իգական տարրի դերակատարութիւնը հասարակական ընկերութեան ոստիկանական գործունէութեան մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքապետին` այս նախաձեռնութեան համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի պատասխանատուներուն կազմակերպուած վարժութիւններուն համար` մաղթելով, որ այս գծով զօրակցութիւնը կը շարունակուի:

Աւարտին պատուիրակութեան անդամները շրջեցան Արաքս փողոցին մէջ, ուր հաստատութեանց տէրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին քաղաքապետութեան եւ ՄԱԿ-ի ծրագիրի պատասխանատուներուն` այս ծրագիրին շնորհիւ տարուող ճիգերուն համար, որոնք առաւել հանգստաւէտ եւ մատչելի կը դարձնեն շրջանին մէջ առեւտրական գործառնութիւնը` միաժամանակ հոգալով յաճախորդներու հանգստութիւնն ու ապահովութիւնը: Հիւրերուն հետ զրոյցի ընթացքին առեւտրականներն ու գործատէրերը պատուիրակութեան պարզեցին երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններն ու ընկերութեան դիմագրաւող բազում դժուարութիւնները:

Նախորդը

Հանրապետական Մաղթանք Եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութիւն Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Մտորումներ Անկախութեան Մասին

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.