Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Նուիրապետական Աթոռը Զինուեցաւ Երեք Կուսակրօն Նորընծաներով

Մայիս 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 22 մայիս 2022-ին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Հրակ սրկ. Գալայճեանի, Շանթ սրկ. Գատէհճեանի եւ  Նարեկ սրկ. Ֆիլիքեանի կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւնն ու օծումը` վերանուանուելով Արմէն աբղյ., Առաքել աբղյ. եւ Ազատ աբղյ.:

Կոչեցեալները Աստուծոյ եւ բազմահարիւր ժողովուրդին դիմաց ծունկի եկած «Աստուածայի՜ն եւ երկնաւոր շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհէն, մեղքի կեանքէն եւ իրենց հին մարդէն` դառնալով նո՛ր մարդ` Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին նուիրուելով: Ապա, միւռոնաթափ Ս. աղաւնին խարտաւիլակ հայր սուրբը մայր տաճարի Ս. Երրորդութեան խորանէն բերաւ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, որով օծեց նորընծաներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը: Արարողութիւնը շարունակուելով տեղի ունեցաւ վեղարի օրհնութեան եւ տուչութեան կարգ:

Ձեռնադրեալ հայր սուրբերուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ տէր եւ տիկին Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան զոյգը: Օծումէն ետք, մկրտարանին մէջ, ձեռամբ կնքահօր, կատարուեցաւ լուացումը երեք նորաօծ քահանաներուն ճակատներուն ու ձեռքերուն:

Ձեռնադրիչ սրբազան հայրը, նուիրեալները օծելէ ետք, յաւուր պատշաճի քարոզեց: Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն յայտնելէ ետք, ան իր խօսքը ուղղելով վեհափառ հայրապետին, որդիական երախտապարտութիւնը յայտնեց, որ ան իրեն դարձեա՛լ առիթը ընծայեց պատարագելու մայր տաճարի Ս. սեղանին վրայ եւ այս անգամ օծելու հայ եկեղեցւոյ նուիրեալ երեք նոր ուժերը: Այս առիթով, ձեռնադրիչ սրբազանը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը, միաբանութիւնը, տէր եւ տիկին Յովակիմեանը, նուիրեալներուն ծնողները եւ ժողովուրդը ամբողջ:

Իր խրատական խօսքը ուղղելով նորընծաներուն` սրբազանը ըսաւ. «Դուք այլեւս չէ՛ք պատկանիր ձեր անձին, այլ կը պատկանիք բոլորին: Ան, որ եղբայր է Քրիստոսի, ձեր եղբայրը կը դառնայ այսօր. ան, որ մայր է Քրիստոսի, ձեր մայրը կը դառնայ այսօր: Հոգեւորական դառնալը դիւրին բան չէ. հոգեւոր ապրումներ ունենալը ժամանակաւոր ընթացք չէ. դուք ամէն օր հրաւիրուած էք ձեր հոգեւոր կեանքին մէջ նոր մակարդակ եւ գագաթ մը նուաճելու: Ժողովուրդը ցաւեր ունի եւ ականջ կը փնտռէ, որպէսզի պատմէ իր յոյզերը, ցաւերը եւ տագնապները. ան որ ձեր դո՛ւռը կը զարնէ` կը բանաք այդ դուռը եւ ականջ կու տաք այդ ցաւերուն ու տագնապներուն, որ ժողովուրդը կ՛ուզէ խօսիլ ձեզի, այդ ձեր ոչ թէ միայն պարտականութիւնն է, այլեւ սրբազան պարտաւորութիւնը»:

Քարոզի աւարտին, շնորհաւորական ու երախտագիտութեան խօսքը արտասանելէ ետք, խօսքը ուղղելով վեհափառ հայրապետին, Թորգոմ սրբազան յայտնեց. «Վեհափառ տէր, այսօր լաւագոյն առիթը կը համարեմ ձե՛ր բեմէն, Ս. աթոռի կեդրոնէն, յանուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի գործադիր իշխանութեանց, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարչութեան եւ մեր հազարաւոր ժողովրդեան, ձեզ պաշտօնապէս հրաւիրել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ, որպէսզի ձեր ե՛ւ հայրական, ե՛ւ հայրապետական ներկայութեամբ մխիթարութիւն ապրին մեր ժողովուրդի զաւակները»:

Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»-ի պահուն, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ ներկայ միաբան հայրերը Ս. խորան բարձրացան եւ նորընծաներուն նորաօծ ճակատն ու ձեռքերը համբուրելով ողջունեցին անոնց նոր առաքելութիւնը հայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտին եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ուխտին մէջ:

Աւարտին, միաբանական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարան, ուր նորընծաները ստացան վեհափառ հայրապետին անդրանիկ օրհնութիւնը:

Հուսկ, նորընծայ երեք միաբան հայրերը, մայր տաճարի Ս. Խորանին առջեւ կանգնելով ընդունեցին հաւատացեալ ժողովուրդի շնորհաւորանքները:

Յայտնենք, որ աւանդութեան համաձայն, նորընծայ հայր սուրբերը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, հետեւելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին, յառաջիկայ 40 օրերը պիտի անցընեն աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ խոկումով` սկսելու համար իրենց սրբազան առաքելութեան:

Յայտնենք, որ օր մը առաջ` շաբաթ, 21 մայիս 2022-ին, Կիրակնամուտքի ժամերգութեան աւարտին կատարուեցաւ Դպրեվանքի երեք աւարտական սարկաւագներու քահանայական կոչման արարողութիւնը:

Ընծայեալ սարկաւագները խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, եկեղեցւոյ գաւիթէն ծնրադիր առաջնորդուեցան մինչեւ բեմ` իրենց ուխտը կատարելու եւ դառնալու հաւատարիմ ու ծառայասէր սպասաւորները հայ եկեղեցւոյ: Արարողութեան ընթացքին անոնք հրաժարեցան եւ նզովեցին բոլոր հերձուածողներն ու հերետիկոսները, հաւատքի ամրութեամբ ընդունեցին ու դաւանեցան սուրբ հայրապետներու բոլոր ուսուցումներն ու կանոնները եւ խոստացան աշակերտել եկեղեցւոյ ուղղափառ բոլոր ուսուցումներուն:

Արարողութեան աւարտին, ընծայեալ երեք սարկաւագները Հաւատքի ուղղափառ դաւանութիւնը ընթերցելէ անմիջապէս ետք, Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ ազատ կամքով յանձն առին կուսակրօն քահանայութեան կարգը եւ Աստուծոյ ու հաւատացեալ ժողովուրդին առջեւ կատարեցին իրենց ուխտը եւ տուին իրենց խոստումը:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Միօրեայ Երիտասարդական Սեմինարը` Մայիսեան «Ապրիլեան Ոգեկոչում» Մը «Սփիւռքի Տարուան» Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Զօրակցական Երթը` Հայաստանի «Դիմադրութեան» Շարժումին

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?