Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր. «Ապագայ Լրագրող»-ները Ծանօթացան Թումոյի Աշխատանքներուն

Յունիս 11, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապագայ լրագրող»-ներու ծրագիրը երէկ երեկոյեան շարունակուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ:

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին աջակցութեամբ ընթացող լրագրութեան վարժողական ծրագիրը զում հեռակապով հիւրընկալեց Թումոյի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը, որ ներկայացուց Թումոյի աշխատանքները:

Մարի Լու Փափազեան անդրադարձ մը կատարեց Հայաստանի տարածքին գտնուող Թումոյի ընդարձակ ցանցին, ինչպէս նաեւ անոր գործունէութեան եւ կիրարկած ուսման տարբեր մեթոտներուն:

«Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, դասախօսը ակնարկեց նաեւ Թումոյի միջազգային ցանցին` աւելցնելով, որ Թումոյի յաւելեալ կեդրոններ բանալու ծրագիր գոյութիւն ունի նաեւ ամերիկեան, եւրոպական եւ արաբական այլ երկիրներու մէջ:

Թումոյի տնօրէնը մանրամասն ներկայացուց կեդրոններուն մէջ դասաւանդուած նիւթերը, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ որդեգրուած մեթոտները:

Մարի Լու Փափազեան շեշտեց, որ Թումոյի նպատակն է աշակերտը մղել ընտրելու այն ճիւղը, որուն մէջ ինք հանգիստ կը զգայ, կը սիրէ եւ կը փափաքի անոր մէջ հմտանալ:

«Թումոյի աշխատանքներն ու ուսման դրութիւնը կէտեր նշանակելու եւ մրցակցութիւն ստեղծելու վրայ չեն հիմնուիր,  այլ` կեդրոնը կը մղէ, որ դպրոց յաճախող իւրաքանչիւր պատանի իմանայ, թէ ի՛նչ ճիւղի մէջ կ՛ուզէ հմտանալ եւ իր ապագայ ծրագիրները ունենալ», ըսաւ Մարի Լու Փափազեան:

Ան հաստատեց, որ Թումոյի կեդրոններուն մէջ կ՛աշխատին հարիւրաւոր երիտասարդներ: Ան անդրադարձաւ կեդրոնին ունեցած տասնեակ բաժանմունքներուն, ինչպէս նաեւ Թումոյի մէջ աշխատելու կարելիութիւններուն ու չափանիշներուն:

«Ապագայ լրագրող»-ները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան հարուստ ներկայացումին, որուն աւարտին նաեւ դասախօսին ուղղեցին իրենց հարցումները:

Նախորդը

«Այսօր Նժարի Վրայ Դրուած Է Հայաստանի Եւ Արցախի Ապահովութեան Հարցը». Րաֆֆի Տօնապետեան

Յաջորդը

Հանդիսութիւն` Մարաշ Թաղի Հինգ Փողոցներու Նորոգութեան Աշխատանքներուն Աւարտին Առիթով

RelatedPosts

Մայիսեան Անկախութեան Տօնակատարութիւն` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ
Գաղութային

Մայիսեան Անկախութեան Տօնակատարութիւն` Ծաղկաձորի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ

Յունիս 3, 2023
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յունիս 2, 2023
Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի Վկայականաց Բաշխում

Յունիս 2, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In