Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Առօրեայէն

Յունիս 8, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սփիւռքի Տարուան» Նուիրուած
Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական յանձնախումբը պարբերաբար կը ձեռնարկէ դասախօսութիւններուն «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:

9 մայիս 2022-ի դասախօսութեան նիւթն էր «Սփիւռքը անյետաձգելի կարիքը ունի վերակազմակերպուելու»: ԼՕԽ-ի քայլերգէն ետք բացման խօսք արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ անդրադարձաւ նիւթին այժմէականութեան եւ կարեւորութեան: Ան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական յանձնախումբը եղած է հայ մշակոյթի պահպանման ջահակիրը, ազգային այժմէական հարցերը, դժուարութիւնները, «լուռ ցաւերը» լուսարձակի տակ բերողը` անոնց մասին մտածելու մղիչ ուժ ըլլալու, դասախօսութիւններու ճամբով այս բոլորին մասին բարձրաձայն խոկալու, մատը վէրքին վրայ դնելու եւ լուծումներ որոնելու նպատակով: Խօսելով այդ օրուան դասախօսութեան մասին` Ազնիւ Միքայէլեան նշեց, որ անիկա այժմէական ու հրատապ է` նկատի ունենալով, թէ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ զգաստութեան հրաւիրեց հայութիւնը` 2022 տարին հռչակելով «Սփիւռքի տարի», որովհետեւ իրապէս բոլոր տագնապներուն մէջ առաջնահերթութիւնը սփիւռքահայուն հա՛յ մնալու, միակա՛մ մնալու տագնապն է: Ապա մէջբերեց Արամ Ա. կաթողիկոսին խօսքը, որուն մէջ ան կը շեշտէ. «Հայաստանը կը պարպուի, եւ սփիւռքը կը մաշի: Անշուշտ, երբ սփիւռքը կը տկարանայ Հայաստանն ալ կը տկարանայ, ուրեմն սփիւռքը ունի երկու առաքելութիւն` պահպանել աւանդական կառոյցները, որպէսզի կարենայ թիավարել համաշխարհայնացման ամենակուլ վտանգին դէմ, հզօրանալով հզօրացնէ մայր հայրենիքը»:

Օրուան բանախօսն էր Համբիկ Պիլալեան, որ իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի հայաբոյր կառոյցին, որ ունի աւանդ, ծառայութեամբ յագեցած պատմութիւն եւ ամէնէն էականը` մարդկայնութեամբ կը շնչէ ու մարդ արարածին բարօրութեան համար կ՛աշխատի:

Անցնելով իր նիւթին` բանախօսը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ հիմա սփիւռքի վերաբերող ահազանգ կը հնչէ, ինչո՞ւ այսօր կրկին պէտք է մտածենք սփիւռքի վերակազմակերպումին, հզօրացման մասին, ի՞նչ փոխուած է մեր կեանքի, ապրելակերպին ու մտածումներուն մէջ: Շարունակելով` Հ. Պիլալեան մատնանշեց, որ, բարբարոս թուրքին եաթաղանէն հազիւ ճողոպրած, մեր նախնիքը, գտնուելով կեանքի ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ, անմիջապէս լծուեցաւ գաղութահայ կեանքի աշխուժացման` կառուցելով դպրոց, եկեղեցի եւ ակումբ, տիրութիւն ընելով ազգային արժէքներուն, կառչած մնալով հաւաքական յիշողութեան, Արեւմտահայաստանի վերատիրացման երազն ու հաւատքը վառ պահելով: Ան նշեց, որ այսօր մարտահրաւէրներն ու վտանգները այլ են, կայ ձուլման սպառնալիք, օտարացում, խառն ամուսնութիւններու երեւոյթ, որոնք մեզ կը պարպեն մեր ինքնութենէն, կը խեղաթիւրեն մեր ազգային դիմագիծը:

Բանախօսը ըսաւ, որ աշխարհաքաղաքական աղտոտ հաշիւները եկան ու թաւալգլոր վիճակ մը պարտադրեցին հայ ազգի գլխուն, հայ մարդուն կամքն ու պետութեան ողնաշարը ստացան ահռելի հարուած` պատճառելով ազգային աղէտ եւ խոր յուսալքումի իրավիճակ: Ան  դիտել տուաւ, որ սփիւռքի «վերակազմակերպման» եւ «վերակենսաւորման» համար պէտք է անյապաղ ձերբազատիլ դասական աշխատելաոճէ, իրերամերժ մօտեցումներէ` շեշտելով, որ ազգի ղեկավարութիւնը պարտաւոր է լծուելու բարեկարգչական աշխատանքի եւ սկսիլ գաղութներու աշխուժացման հրամայականին: Պիլալեան անհրաժեշտ նկատեց, որ հայ երիտասարդութիւնը իր արմատներուն կառչած մնայ, իսկ ասիկա կ՛ըլլայ, երբ երիտասարդը շրջապատին մէջ կը տեսնէ թափանցիկ ղեկավարութիւն, որ կրնայ մարմնաւորել իր երազն ու ձգտումը: Ըստ անոր, շատ կարեւոր է նորահաս սերունդի դաստիարակութիւնը, որովհետեւ հայ կեանքի կազմակերպման ու գոյատեւման մէջ չափազանց մեծ է երիտասարդ ուժին դերն ու արժէքը:

Ապա շարունակեց հարց տալով թէ, արդեօք ժամը չէ՞ հասած, որ գաղութահայ կեանքի մէջ գործող մեր աւանդական կուսակցութիւնները, եկեղեցիները, միութիւններն ու կազմակերպութիւնները այլեւս գիտակցին, որ մեր միակ փրկութիւնը ու հզօրանքը մեր միասնականութեան մէջ պէտք է փնտռել, իրարու օգնութիւն եւ ձեռք երկարելու, հասնելու կարիքաւորին եւ տէր կանգնիլ հայու արժանապատուութեան: Պիլալեան շարունակեց` ըսելով, որ ԼՕԽ-ը անմասն պէտք չէ մնայ նման ազգային ծրագիրներէ, որովհետեւ ունի փորձ, վաստակ եւ ամէնէն թանկագինը` կամաւոր ընկերուհիներու բանակ:

Ապա բեմ բարձրացաւ Կարօ Քէլէշեան եւ խոր ապրումով մեկնաբանեց երկու երգ` «Յուշարձաններ» ու «Հայեր միացէք»: Ներկաները` ներշնչուած մթնոլորտէն, միացան երգիչին  եւ միասնաբար երգեցին:

Գերզգայնութիւն Նիւթով
Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2022-ին «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գերզգայնութիւն» (Allergy) նիւթով դասախօսութիւնը:

Օրուան դասախօսը` Լիւսի Բէնէնեան յայտնեց, որ գերզգայնութիւնը կը պատահի կարգ մը մարդոց մօտ, երբ անոնց մարմինը հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ ընդհանրապէս անվնաս նիւթերու, ինչպէս` ծաղիկի բեղմնափոշին, կարգ մը ուտելիքներ, դեղեր եւ այլն:

Դասախօսը ներկայացուց հինգ տարբեր տեսակի գերզգայնութիւն` ծաղիկի բեղմնափոշիի գերզգայնութիւն (Pollen Allergy), տան փոշիի մէջ գտնուող մանր միջատներու կողմէ յառաջացած գերզգայնութիւն (Dust Mite Allergy), կեղծ զարդեղէններու պատճառած գերզգայնութիւն (Fake Jewelry Allergy), Latex ձեռնոցներու եւ ձեռքի հականեխիչներու (Hand Sanitizer) պատճառած գերզգայնութիւն:

Ան անդրադարձաւ նշեալ գերզգայնութիւններու պատճառներուն, ախտանշաններուն, կանխարգիլելու միջոցներուն եւ բուժման ձեւերուն:

Եզրակացնելով` Լիւսի Բէնէնեան ըսաւ, թէ շատ կարեւոր է կանխարգիլումը եւ բուժումը, որպէսզի հետագային բարդութիւններ չպատահին:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դաշնակցութեան Գործը Արդա՛ր Է

Յաջորդը

Երբ Անգլիական Բապը Կը Վերածուի Հայկական Առաջնորդարանի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն
Գաղութային

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?