Կիրակի, 22 եւ երկուշաբթի, 23 մայիս 2022-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի աստուածաբանական կեդրոններու եւ դպրեվանքներու միութեան (ՄԱԱԿԴՄ) համագումարը` Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէ ժամանած երեսուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Համագումարը սկիզբ առաւ ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իպրահիմ Իսհաք պատրիարքին ողջոյնի խօսքով: Սոյն հաւաքին նպատակն էր վերամշակել ՄԱԱԿԴՄ-ի ներքին օրէնքները, ընտրել նոր նախագահ եւ գործադիր քարտուղար, ինչպէս նաեւ ճշդել յառաջիկայ երեք տարիներու գործունէութիւնը: Ժողովի ընթացքին զանազան նիւթերու առընթեր յատուկ քննարկումի ենթարկուեցան բնապահպանման կարեւորութեան, միջեկեղեցական շարժումի պատմութեան եւ համագործակցութեան մարզերու առնչուող նիւթեր:
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին յիշեալ համագումարին մասնակցեցաւ դպրեվանքի հսկիչ Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան:


