Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշուեցաւ Մայիս 28-ին Անկախութեան Տօնը Մեսրոպեանի Մէջ

June 3, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 մայիս 2022-ին Հայ կաթողիէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները նշեցին մայիս 28-ի Հայաստանի անկախութեան տօնը եւ ոգեկոչեցին յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք իրականութիւն դարձուցին հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը` վերահաստատելու անկախ պետականութիւնը մայր հայրենիքին մէջ:

Առաւօտեան աղօթքէն ետք Մեսրոպեանի աշակերտները վարժարանի շրջափակին մէջ, Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ եւ եռագոյնի հովանիին տակ համախումբ կատարեցին «Սարդարապատ» յաղթերգը` որպէս փառաբանութիւն մայիս 28-ը կերտած հերոսներուն եւ զանոնք ծնած հայ ժողովուրդին, որպէս յարգանքի տուրք` հայրենիքին համար ինկած անցեալի եւ մերօրեայ բոլոր նահատակներուն: Անոնք իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած էին օրուան խորհուրդը արտայայտող նկարներ ու նշանախօսքեր:

Այս առիթով աշակերտներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ըսաւ. «Վեց դար իր պետականութիւնը կորսնցուցած եւ օտար լուծի տակ ապրած հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարիներ ետք փիւնիկի նման կը յառնէր ու անկախութիւն կը կերտէր: Ցեղասպան թուրքին դէմ տարուած մայիսեան յաղթանակներով` Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ, 28 մայիս 1918-ին կը ստեղծուէր անկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ հայ ժողովուրդը կը հանէր դարերու իր ստրկութենէն, կը վերականգնէր անոր արժանապատուութիւնը, զայն կը դարձնէր ինքնիշխան եւ կ՛ապահովէր անոր գոյատեւումը հայրենի հողին վրայ»: Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ թէեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ, սակայն անիկա հիմք հանդիսացաւ մեր անկախ երկրորդ հանրապետութեան: «Հայ ժողովուրդը պիտի ամրապնդէ այսօրուան Հայաստանը` ի խնդիր մեր անկատար մնացած տենչերուն եւ իրականութիւն դարձնէ Միացեալ Հայաստանի երազը, որուն համար հազարաւորներ նահատակուեցան` Սարդարապատէն մինչեւ Արցախ», եզրափակեց Կրեկուար Գալուստ:

Հաւաքը փակուեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի օրհնութեան աղօթքով:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (2 Յունիս 2022)

Յաջորդը

Մայիսեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.