Համազգայինի «Ամառնային Ծրագիր 2»-ի Աշակերտները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին
Ուրբաթ, 22 յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Ամառնային ծրագիր 2» աշակերտները այցելեցին Ս. Աստուածածին վանք (Պիքֆայա) եւ ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական օրհնութիւնը: Աշակերտներուն կ՛ընկերանային Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ատենապետը: Վեհափառ հայրապետը ծանօթացաւ «Ամառնային ծրագիր 2»-ի աշխատանքներուն, ապա աշակերտները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան անոր առօրեային եւ նախասիրութիւններուն առնչուած: Դպրոցին աշակերտները,...




















