Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 26 յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 հերոսներու գործողութեան 39-ամեակի ոգեկոչում:
Հայութեան համար զոհուած բոլոր նահատակներուն յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի եւ գիւղի հոգեւոր հայրերուն մասնակցութեամբ, եւ ծաղկեպսակի զետեղում ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ` ի յիշատակ 5 անձնազոհ տղոց:
Ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի փողերախումբին հնչեցուցած Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի անդամ Լոռի Գաբրիէլեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի տղաքը անշահախնդրօրէն նուիրաբերեցին իրենց գերագոյնը Հայ դատին, եղան ողջակէզներ մեր արդարութեան բագինին` ոչ միայն նահատակներ ըլլալով, այլ նաեւ` նահատակութեան ջահը սերունդէ-սերունդ փոխանցող մարտիկներ: Ան հաստատեց, որ Լիզպոնի 5 հերոսները զրկուած մնացին իրենց մանկութիւնը վայելելու հայրենի հողին վրայ, չլսեցին մեր հայրենի դաշտերու հորովելը, չպարեցին «Եարխուշտա» մեր լեռներուն վրայ, ֆիզիքապէս չկարողացան հայրենի սահմանները պաշտպանել, չխմեցին հայրենի լեռներուն զուլալ ջուրը, սակայն մնացին գլխագիր ՀԱՅեր սփիւռքի օտարաբոյր անկիւնները, ու երբ ցեղին դարաւոր ձայնը կանչեց զիրենք` աւելի հեռու անկիւն մը երթալու, զարթնեցնելու անարդար աշխարհը իր թմբիրէն, անոնք իսկոյն ընդառաջեցին եւ խօսքը գործի վերածեցին:
Բացման խօսքէն ետք ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան անդամ Լիլի Գապագեան երգեց Լիզպոնի 5 նահատակներուն նուիրուած երգը, ապա «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Նարէ Փիլաւճեան ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Պսակ» բանաստեղծութիւնը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Խաժակ Այնթապեան, որ շեշտեց, թէ վճռական քայլ կը նշանակէր կեանքի գնով պայքարիլ, պատրաստ ըլլալ զոհողութիւններու գերագոյնին` նահատակութեան: Ան ըսաւ, որ առաջին շեփորը հնչեցուց մուսալեռցի երիտասարդ Պետիկ Ինճէեանը, ու ճամբան բացուեցաւ: Հայկական պահանջատիրութիւնը մուտք գործեց զինեալ պայքարի հանգրուան, արդիւնքները ցնցող էին, տարբեր երկիրներու մէջ իրար յաջորդեցին տարբեր գործողութիւններ` բոլորն ալ թրքական թիրախներու դէմ: Խաժակ Այնթապեան շեշտեց, որ գործողութիւններուն ընթացքին ոչ մէկ կաթիլ անմեղ արիւն թափեցաւ, ոչ մէկ անմեղ զոհ, բայց վախն ու սարսափը դարձեալ պաղ քրտինքով ծածկեցին թուրք պետական աղուէսներուն ճակատը, որոնք սակայն ինչպէս միշտ, խելքի գալու փոխարէն, գործի կը դնէին իրենց խորամանկութիւնը եւ անբարոյ իրենց գործելաոճը: Արդարութեան հատուցման համար պայքարող մարտիկներու արարքները արատաւորելու համար, թշնամիները անունը օգտագործելով անոնք պիտի ստեղծէին տարբեր խմբաւորումներ, որոնք եւրոպական եւ այլ քաղաքներու մէջ զինեալ գործողութիւններ կատարելով ահաբեկէին անմեղ մարդիկ: Վախն ու սարսափը այս անգամ պիտի պատէր Եւրոպան, արդարութեան համար մղուող պայքարը պիտի սկսէր խեղաթիւրուիլ, արդարութեան մարտիկը պիտի ներկայացուէր իբրեւ ոճրագործ, հանրային կարծիքը շփոթի պիտի մատնուէր, դիտել տուաւ բանախօսը:
Խ. Այնթապեան շեշտեց, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը անվախօրէն եւ աննահանջ պէտք է քալէ նոյն ճանապարհով, որով սլացան Լիզպոնի տղաքը: Այդ ճամբան ամէնէն մաքուր եւ ճիշդ ուղին է, եւ հոնկէ քալելու նախապայմանը դէպի անձնասպանութեան կամ նահատակութեան երթալը չէ անպայման, այլ զոհողութեան եւ նուիրումի գիտակցութեամբ քալելն է: «Ուրեմն պիտի մաղթենք որ ամէն հայ երիտասարդ նուիրուածութիւն ցուցաբերէ իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ եւ տէրն ու պահապանը դառնայ ազգային մեր բոլոր արժէքներուն: Որովհետեւ նուիրական այդ ճամբան անցեալի խորքէն բերած հասցուցած է մեզ մինչեւ ներկան, եւ այդ ճամբան է, որ պիտի տանի մեզ մինչեւ յաւերժութիւն», եզրափակեց ան:
Այնուհետեւ խումբ մը պատանիներ, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութենէն հանդէս եկան ջահերով եւ ընթերցեցին Լիզպոնի 5 հերոսներուն խօսքերը:
Աւարտին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան իր սրտի խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիզպոնի տղաքը անձնուիրաբար եւ համոզումով զոհուեցան, որպէսզի թշնամիին ցոյց տան, թէ հայ մայրը, դաշնակցական հայ մայրը, անվախ եւ աննկուն կամք ունեցող եւ յատկապէս հայու նկարագիր կրող երիտասարդներ կը ծնի: Ան շեշտեց, որ Լիզպոնի տղաքը յիշատակ չեն պարզապէս, այս գործողութեան ոգեկոչումը լոկ հոգեհանգիստով, երգ ու ասմունքով չի սահմանափակուիր, այլ անիկա գերագոյն սրբութիւն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ մենք անոնց եւ անոնց կատարած արարքին արժէքը միայն ոգեկոչումներով չենք յիշեր ու լուսարձակի տակ չենք բերեր, այլ անոնք մնայուն ներկայութիւն են մեր կեանքին մէջ, անոնց կատարած խենթութեան մէջէն հայութեան ոգին, հայութեան զարթնումը կը մարմնաւորուի: Իր խօսքի աւարտին հայր սուրբը ըսաւ, որ 39 տարիներ ետք բոլորս միասին պէտք է վերանորոգենք մեր ուխտը` հաւատարիմ մնալու տղոց կտակին եւ բարձրագոյն իտէալին, որուն համար զոհուեցան անոնք:
«Սիրելի՛ 5 հերոսներ, վստահ եղէք, եթէ այսօր դուք կը ննջէք, հանգիստ ննջեցէք, ինչպէս որ դուք «Վէրքերով լի»-ն երգելով գացիք, մենք այսօր նոյն ուխտը կը կատարենք տարբեր ձեւով: Ձեզի վստահեցնելով կ՛ըսենք, թէ մենք ենք Արամն ու Արթիւրը, մենք ենք Չաւուշն ու Աղբիւրը, մենք ենք Դրոն ու Դուշմանը, մենք ենք «խենթերը», որ Լիզպոն գացին, մենք ենք Թեհլիրեանն ու Շիրակեանը, մենք ենք Պետոն ու Բեկորը, մենք ենք Արցախը, Ջաւախքը, Արարատը, մենք ենք Նախիջեւանն ու սփիւռքը, մենք ենք Զէյթլեանն ու Հաճեանը, մենք ենք ձեր հետեւորդները»:
Աւարտին, յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Նշան Վարդանեան: