Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեն Ժոզեֆ Համալսարանին Մէջ Ձեռնարկ` Առ Ի Գնահատանք Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան

Յուլիս 28, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ 14 յուլիս 2022-ին, պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ձեռնարկ` առ ի գնահատանք Լիբանանահայ բժշկական միութեան տարած աշխատանքներուն:

Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ բացման խօսքին մէջ շեշտեց,  որ Բժիշկներու սենտիքային հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը մնայուն  դերակատարութիւն  ունեցած է, եւ այսօր այդ խորհուրդի մէջ մեր ներկայացուցիչ չունենալը բացառութիւն է: Ան գնահատեց տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանը` սենտիքայի խորհուրդին մէջ անոր ունեցած 6 տարուան գերազանց ներդրումին համար,  ապա շնորհաւորեց սենտիքայի նորընտիր նախագահ փրոֆ. Պախխաշը`   յաջողութիւն մաղթելով անոր իր առաքելութեան Լիբանանի այս ծանր պայմաններուն մէջ եւ զօրակցութեան յանձնառութիւն յայտնեց, նոյնիսկ եթէ խորհուրդին մաս չենք կազմեր ներկայիս:

Սեն ժոզեֆ համալսարանի Բժշկական բաժանմունքի նախագահ փրոֆ. Ռոլան Թոմպ  իր բացման խօսքին առաջին բաժինը ամբողջութեամբ  հայերէնով կատարեց եւ ըսաւ. «Բարի իրիկուն, շատ ուրախ եմ, որ միասին ենք այսօր: Ես հայ չեմ, բայց սրտով հայ կը զգամ: Դարձեալ բարի եկած էք»:

Ապա ֆրանսերէնով շարունակելով իր խօսքը` յայտնեց, որ իրենք` իբրեւ Սեն Ժոզեֆ համալսարան, քաջալերեցին այդ հանդիպումի նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ որ անիկա տեղի կ՛ունենայ համալսարանի շրջափակին մէջ: Ապա յատկապէս ողջունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:  Փրոֆ. Թոմպ գնահատեց   Լիբանանահայ բժշկական միութեան ներդրումը եւ անդրադարձաւ հասարակաց գիծերուն` լիբանանցիներու եւ հայերուն միջեւ, ընդգծելով, որ լիբանանցիները եւս Ցեղասպանութեան ենթարկուեցան Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին` սովամահութեան ճամբով եւ  մէջբերեց Ճեմալ փաշայի արտայայտութիւնը. «Հայերը սուրով, իսկ լիբանանցիները սովի միջոցով պիտի բնաջնջենք»:

Այս առիթով Սեն Ժոզեֆի մէջ խորհրդանշական յատուկ ծառ մը տեղադրուած է ոգեկոչելու համար  սովամահութեան լիբանանցի զոհերը: Դժբախտաբար այս կարեւոր պատմական խորհրդանիշը արժանի ձեւով լուսարձակի տակ չէ առնուած Լիբանանի մէջ:

Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Եուսեֆ Պախխաշ շնորհակալութիւն յայտնեց ընտրութիւններու ընթացքին իրեն տրուած վստահութեան եւ  ցուցաբերուած զօրակցութեան համար: Զուգահեռ մը գծելով` ան յայտնեց, որ լիբանանցիին պատմութիւնը շատ կը նմանի հայուն, յատկապէս` տառապանքի իմաստով, եւ յատկանշական է, որ այս տառապանքը ուժ  կու տայ մեզի` մեր որոշումներուն մէջ եւ թափ կը հաղորդէ հայրենիքին մեր կառչածութեան:

Ան անդրադարձաւ այն բոլոր դժուարութիւններուն, զորս կը դիմագրաւէ բժշկական մարզը` վերահաստատելով առաքելութիւնը շարունակելու  վճռակամութիւնը, հակառակ Լիբանանի ներկայ կացութենէն բխող արտասովոր դժուարութիւններուն:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական մարզի ներկայացուցիչներ ընկերային  առիթները միշտ  կը վերածեն  քաղաքականի, բայց  այսօր ուրախ է այդ հանդիպումին համար, որ բժշկական մարզի ընտրանիին հետ է (թէեւ ընտրանի բառը շատ չի սիրեր)`  բարձր գնահատելով ընկերական ոգին, որ իրարու կը միացնէ բոլորը` հասարակաց նպատակներու շուրջ:

Ան ողջունեց Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը եւ հաստատեց, որ բժշկութիւնը նախքան կեանքի ասպարէզ ըլլալը` ծառայութիւն է եւ առաքելութիւն: Ան վեր առաւ բժիշկներու դերը յատկապէս այս դժուար օրերուն եւ ընդգծեց կոչումին հաւատարիմ մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան ֆրանսերէնով  լուսարձակի տակ առաւ լիբանանցիներուն եւ հայերուն միջեւ հասարակ յայտարարները, յատկապէս` արդարութեան փնտռտուքի առումով: Ան  վկայակոչեց լիբանանահայու մը հայրենասիրութիւնը, որ մերժած է միջազգային ընկերութեան մը Միջին Արեւելքի պատասխանատուի գրաւիչ պաշտօնը, երբ անոր համար իրեն  թելադրուած է լիբանանեան քաղաքացիութենէն հրաժարիլը:

Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպումին համար: Ան  անդրադարձաւ փրոֆ. Ռոլան Թոմպի նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով  մասնագիտական տպաւորիչ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած էր Բժշկական բաժանմունքին մէջ: Տոքթ. Էճիտեան ըսաւ, որ 1950-ին հիմնուած  Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը 72 տարեկան հին միութիւն մըն է` միայն 5 տարի զիջելով Լիբանանի բժշկական սենտիքային:

Անիկա համախմբող միութիւն է `անկախ յարանուանական, քաղաքական կամ համալսարանական պատկանելիութենէ, եւ միշտ ներդաշնակ եղած է գաղութի հոգեւորական թէ աշխարհական հեղինակութիւններուն հետ:

Բժիշկը դիտել տուաւ, որ միութեան գործունէութեան դաշտը կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ մարզեր, որոնց մէջ կ՛իյնայ նաեւ սենտիքային մէջ  ներկայութիւնը, որ ընդհանրապէս պահպանուած է, եւ օր եղած է, որ խորհուրդի 12 անդամներէն 2-ը հայեր եղած են:

«Մեզի համար որքան իրաւունք, նոյնքան ալ պարտականութիւն է սենտիքային մէջ մասնակցութիւնը եւ ատկէ մեկնած` ներկայացուցինք տոքթ. Համբիկ Քուրիէի թեկնածութիւնը, եւ եթէ վերջին ընտրութիւններուն կարելի չեղաւ 16 անդամներու խորհուրդի մէջ մեր ներկայացուցչութիւնը պահպանել, վստահ ենք, որ սպիտակ ծուխը պիտի տեսնենք դարձեալ», ըսաւ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան` աւելցնելով, որ ապահովագրութեան սնտուկը կամ գիտական յանձնախումբը, հակառակ իրենց ներկայացուցած կարեւորութեան, չեն բաւարարեր միութեան ակնկալութիւնը:

Ապա տոքթ. Էճիտեան շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Համբիկ Քուրիէի` այդ ձեռնարկի կազմակերպումին համար:

Աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ  վահանակի յանձնում տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանին` առ ի գնահատանք սենտիքայի խորհուրդին մէջ 6 տարի անընդմէջ գործունէութեան համար. վահանակը յանձնուեցաւ ձեռամբ երեսփոխան Բագրատունիի եւ փրոֆեսէօրներ Պախխաշի ու Թոմպի:

Հաւաքի աւարտին տեղի ունեցած  ընթրիքին մասնակցեցան` Սեն Ժոզեֆի, Օթել Տիէօի եւ այլ հաստատութիւններու պատասխանատուներ, Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը ու հրաւիրեալ հայ թէ տեղացի բժիշկներ, որոնք վայելեցին մտերմիկ մթնոլորտը:

Նախորդը

Յարգա՛նք Լեւոն Գաթրճեանի Մեծ Վաստակին

Յաջորդը

Այնճարը Մէկ Շաբաթ Քորէայի Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?