Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ԺԲ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Յուլիս 25, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 23 յունիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, պետական դէմքերու, քաղաքական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, Ճեմարանի ծնողներուն, շրջանաւարտներուն, դպրոցի բարեկամներուն, անձնակազմին, տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական դասարանէն Արամ Հանտեան: Ան ըսաւ. «Ճեմարան` փոքր անուն մը հզօր իմաստով: Երբ Ճեմարան կ՛ըսենք, կը զգանք շունչը եւ ոգին անոր հիմնադիրներուն, որոնք ստեղծեցին Ճեմարանը` նպատակ ունենալով հայութեան պահպանումն ու գոյատեւումը օտարութեան մէջ: Մինչեւ օրս այս դպրոցը կը ծառայէ այդ նպատակին: Հետաքրքրական ինքնութիւն մըն է ճեմարանական ըլլալը: Հոս մենք մեզ կը զգանք աշակերտէ աւելի հարազատ հոգեկապուած մեծ ընտանիքի անդամներ…»: Ապա հակիրճ անդրադարձ մը կատարելէ ետք Ճեմարանի մէջ իր անցուցած օրերուն, ան երախտագիտական խօսքերով ցտեսութիւն յայտնեց բոլորին «ուխտավայր Ճեմարանին»: Ի վերջոյ, ան աւարտական դասարանին անունով խնդրեց իրենց ծնողներէն ոտքի ելլել, եւ աւարտականի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ծաղիկներ նուիրեց իր ծնողքին` արտայայտելով իր անհուն երախտագիտութիւնը անոնց:

Բացման խօսքէն ետք աւարտական դասարանի աշակերտները ներկաները հմայեցին իրենց պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրով: Շահան Նաճարեան դաշնամուրով նուագեց Ա. Պապաճանեանի «Մեղեդի»-ն, որուն յաջորդեց Փաթիլ Զարմէնեանին նուագակցութեամբ Պապաճանեանի «Ազգ իմ փառապանծ» նուագը: Ապա խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ջահերթ» երկարաշունչ բանաստեղծութենէն հատուածներ: Այնուհետեւ Կլորիա Ժալըֆեան եւ Կարին Եղիայեան կարդացին ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձը, որմէ ետք խումբ մը աշակերտուհիներ պարեցին «Պինկէօլ»-ը: Աւարտական դասարանին կողմէ «Ցտեսութիւն Ճեմարան»-ը կարդաց Լորի Եահնիեան: Ան ըսաւ. «Չեմ գիտեր` արդեօք պէտք է խնդա՞մ, թէ՞ լամ: Ինչպէ՞ս բաժնուիմ քեզմէ: Այո՜, ճիշդ է, որ առաւօտները դժգոհելով կու գայի դպրոց, չէի սիրեր արթննալը, երկար ժամեր դաս սորվիլները, կը բարկանայի քու պատճառովդ, կ՛ըմբոստանայի, սակայն յաջորդ օրն իսկ դուն կը մոռնայիր այս բոլորը եւ զիս կ՛ընդունէիր դարձեալ թեւերդ բաց, ներողամիտ աչքերով եւ ժպիտով: Բայց գիտե՞ս, քեզի գաղտնիք մը ըսե՞մ, հիմա ալ դժգոհելով կը բաժնուիմ քեզմէ: Տխուր եմ, կը ցաւիմ: Տարօրինակ է, չէ՞: Դուն ինծի սորվեցուցիր ըլլալ ընկերասէր, լայնամիտ, ազնիւ, տուիր շունչ, սորվեցուցիր ձգտիլ մի՛շտ աւելիին, ընթանալ մի՛շտ դէպի յառաջ: Տուիր ինծի սէր, գուրգուրանք, տաքուկ ուսուցիչներ եւ մանաւա՛նդ աննման ընկերներ…»: Այս ընթերցումին աւարտին բեմ բարձրացան Վառակ-Նարեկ Մանուկեանը եւ Արմէն Եղիայեանը կիթառով, իսկ Արտակ Ասատուրեանը, Հրակ Լախեանն ու Հրանդ Քիւրքճեանը` երգելով եւ ներկայացուցին Ռուբէն Հախվերդեանի «Հին ընկեր» երգը, որ արժանացաւ ներկաներուն բարձր գնահատանքին: Յայտագիրը աւարտեցաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ` աւարտական դասարանի աշակերտներուն սրտի խօսքերով:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան կատարեց մրցանակաբաշխութիւն. Վառակ-Նարեկ Մանուկեան արժանացաւ աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան» եւ աւարտական դասարաններու գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի «Կարօ Գափլանեան» մրցանակներուն: Աւարտական դասարանի ուսողութեան լաւագոյն միջին ապահովողի «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակը ստացաւ Արմէն Եղիայեան: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակին արժանացան Նանար Այնթապլեան, Լորի Եահնիեան եւ Ցօղիկ Թրթռեան: Աւարտական դասարանի անգլերէն լեզուի ու գրականութեան Անթուան Քեհեայեանի` «Սըր»-ի յիշատակի մրցանակը ստացան Ալիք Ահարութեան եւ Լարա Ալեքսանեան: Գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակները ստացան Արմէն Եղիայեան եւ Լիլա Մաքտեսեան: Երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթերու բարձրագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ տրամադրուած Ֆորումի մասնակցութեան մրցանակին արժանացաւ Արամ Հանտեան: «Ջահակիր»-ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացան Մարիա Գափլանեան եւ Լորի Եահնիեան: ԺԲ. դասարանի խանդավառ եւ ընկերասէր աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին արժանացաւ Շահան Նաճարեան: ԺԲ. դասարանի ծառայասէր եւ հոգատար աշակերտի «Սերոբ Աֆարեան» մրցանակը ստացաւ Փաթիլ Զարմէնեան: ԺԲ. դասարանի յարատեւող աշակերտի «Կարէն Խիւտավերտեան» մրցանակին արժանացաւ Վարագ Պալապանեան: ԺԲ. դասարանի վեհանձն աշակերտի «Սանան Մահսերեճեան» մրցանակը ստացաւ Ռալֆ-Յովհաննէս Աննայեան: ԺԲ. դասարանի արուեստի «Յակոբ Գալայճեան» մրցանակին արժանացաւ Աբրահամ Արբաճեան: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Արմէն Եղիայեան եւ Վարագ Պալապանեան, Լորի Եահնիեան եւ Լէա Պուտաքեան: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սեփեթճեան» մրցանակին արժանացաւ Ժիւլիանա Թրթռեան: Է. դասարանի ֆրանսերէնի լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Արտա Պէքէրէճեան» մրցանակը ստացան Մեղրի Գասապեան եւ Լոռիթա Սրուրեան: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացան Ալիք Ղազար եւ Լիլիթ Տեմիրճեան: Վերոյիշեալ մրցանակներէն բացի, «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» մրցանակի ծիրէն ներս, իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստացաւ նաեւ քաջալերական նուէր գումար մը, իսկ «Զաւէն Գույումճեան» մրցանակէն գումար մը փոխանցուեցաւ դպրոցի ընկերային ծառայութեան գրասենեակին: Յատուկ շնորհակալութիւն` մրցանակներուն գումարները ապահովող Ճեմարանի բարեկամ ընտանիքներուն եւ անհատներուն:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները` ըսելով. «Նախորդ երկու տարեշրջաններու տարեվերջի հանդէսները տեղի ունեցան սեղմ պայմաններու մէջ, եւ երկու տարիներու դադարէ մը ետք, այսօր մենք կրկին կարելիութիւնը ունեցանք հաւաքուելու եւ միասնաբար ըմբոշխնելու աւարտական դասարանի աշակերտներուն պատրաստած յայտագիրը: Ճեմարանը կարօտցեր էր իր շրջափակէն ներս հիւրընկալելու իր մեծաթիւ հարազատները, Ճեմարանի սրահները կարօտցեր էին խմբային ասմունքները, խմբերգները, խմբային պարերը, մեզի թեւ ու թռիչք տուող եւ բեմը զարդարող մեր աշակերտներուն խօսքերն ու կատարումները եւ ներկաներուն գնահատական ծափահարութիւնները, բարի՛ եկաք»: Ապա շարունակեց. «Տարեվերջի հանդէսն ու աւարտական դասարանի աշակերտներու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը իր եզակի դրոշմը կը ձգէ իւրաքանչիւր շրջաւանարտի կեանքին մէջ. այս օրը յատկանշական է մեր շրջանաւարտներուն, իրենց հարազատներուն եւ Ճեմարանի անձնակազմին համար, այս հանդիսութիւնը մեր շրջանաւարտներուն համար իրենց դպրոցական տարիներուն ու կեանքի նոր փուլին միջեւ ուրախ ու հպարտ, բայց միաժամանակ զգացական եւ յուզիչ յիշատակելի կամուրջ մըն է: Այս հանդիսութիւնը նաեւ լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ հրապարակաւ մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու Ճեմարանի մեծ ընտանիքի անդամներուն, ծնողներուն, պաշտօնակիցներուն, բարեկամներուն, եւ բարերարներուն ըլլան անոնք անհատներ, միութիւններ կամ հիմնարկութիւններ:  Մեծաթիւ են անոնք, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններով միշտ մեր կողքին կը գտնուին` քաջ հաւատալով, որ 92 տարիներ առաջ հիմնուած այս կրթօճախը տակաւին շատ սերունդներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ իր ուսերուն: Շնորհակալութիւն` բոլորին: Հոկտեմբեր 2019-էն ի վեր բոլորս կ՛ապրինք զանազան տեսակի եւ հետզհետէ բարդացող վերիվայրումներ: Ճեմարանն ալ իր կարգին զերծ չմնաց այս անկայուն ու տագնապալի կացութենէն: Մեզ շրջապատող դժուարութիւնները մաս կազմեցին ու տակաւին մաս կը կազմեն մեր առօրեային ահաւասիկ երեք տարեշրջաններէ ի վեր, սակայն հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն ու հայ աշակերտի դաստիարակութիւնը առաջնահերթ դիրքի վրայ ունենալու մեր պատրաստակամութիւնը չճանչցան խոչընդոտ եւ դժուարութիւն, ու Ճեմարանը շարունակեց իր առաքելութիւնը, իսկ Ճեմարանի ուսուցիչը նոյն թափով ու կորովով շարունակեց իր նուիրուած աշխատանքը: Մեզ եւ մեր շրջապատը ընկճող կացութեան դիմաց Ճեմարանը չընկրկեցաւ, այլ, ընդհակառակը մեր կրթօճախէն ներս անպակաս եղան դաստիարակչական եւ այլազան բարեկարգման ծրագիրներ, եւ մեր շուրջ հաւաքուեցան աշխարհասփիւռ մեր Ճեմարանականները: Բոլորին վարձքը կատար»:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ Փաուլա Եղիայեան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ըսաւ. «Ձեր ծնողները ծով համբերութեամբ եւ մեծ հոգատարութեամբ միշտ եղան ձեր կողքին, գուրգուրացին, խրատեցին, բարկացան եւ օգնեցին` ձեզի հետ ապրելով ձեր տխրութիւններն ու ուրախութիւնները, ձեր պարտութիւններն ու յաղթանակները, ձեր ձեռքբերումներն ու փորձառութիւնները, միշտ ձեզ ուղղելով, որ ըլլաք լաւ մարդ ու լաւ հայ: Ճեմարանի անձնակազմը ընկերակցեցաւ ձեզի դպրոցական ձեր բոլոր փուլերուն, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ժպիտով ու դէմքի արտայայտութիւններվ, իր նկարագրային եւ աշխատանքային իւրայատկութիւններով, իր դժուարութիւններով ու չարաճճիութիւններով կը գրաւէ իր յատուկ տեղը մեր սրտերուն մէջ: Քիչ առաջ, տեսերիզի ցուցադրութեան ժամանակ, իւրաքանչիւրդ ներկայացուցիք Ճեմարանը` մէկ բառով. ըսիք` տուն, երկրորդ տուն, ընտանիք, ընկերներ: Այո՛, Ճեմարանը այդ բոլորն է. այդ բոլորն է ու աւելին:

Ճեմարանը սոսկ կրթական հաստատութիւն մը չէ, Ճեմարանը այն նաւն է, որ կը թիավարէ հոսանքն ի վեր` դէմ դնելով յառաջացած բոլոր տագնապներուն: Ճեմարանը այն փարոսն է, որ կը լուսաւորէ ու կը պայծառացնէ հայ աշակերտին միտքն ու հոգին: Ճեմարանը այն տունն է, որ օտարամոլութիւններէ եւ ցուցամոլութիւններէ հեռու` առաջնակարգ դիրքի վրայ կը պահէ հայ լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ճեմարանը այն վայրն է, որուն հարազատ յարկին ներքեւ հայ աշակերտին կեանքը ուրախ եւ միշտ ազատ կը ծաղկի: Թէեւ այսօր չկան հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալները, Ճեմարանի հիմնադիրներ` Շանթն ու Աղբալեանը, սակայն կայ անոնց տեսլականը, ու կը շարունակուի անոնց սկսած սրբազան առաքելութիւնը»:

Իր խօսքէն ետք տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին:

Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան` Ակոբ Օղլի Մարիա, Ահարութեան Ալիք, Այնթապլեան Նանար, Պուտաքեան Լէա, Գափլանեան Մարիա, Խաչատուրեան Լորի, Մաքտեսեան Լիլա, Թրթռեան Ցօղիկ, Թիքիճեան Օրօր, Արբաճեան Աբրահամ, Ասատուրեան Արտակ, Հանտեան Արամ, Գասապեան Սերոբ, Նաճարեան Շահան, Եղիայեան Արմէն, Քիւրքճեան Հրանդ, Լախեան Հրակ, Մանուկեան Վառակ-Նարեկ, Ալեքսանեան Լարա, Սեմերճեան Ռիթա, Եահնիեան Լորի, Զարմէնեան Փաթիլ, Աննայեան Ռալֆ-Յովհաննէս, Պալապանեան Վարագ, Խանճեան Մայքըլ:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները, եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Յիշենք նաեւ, որ Ճեմարանի աւարտական դասարանի հանդէսէն մօտ շաբաթ մը ետք յայտարարուեցան ֆրանսական պաքալորէայի արդիւնքները, եւ բոլոր շրջանաւարտները յաջողեցան` ապահովելով շատ լաւ արդիւնքներ: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք զիրենք:

 

 

Նախորդը

Խանասո՜ր. Արիութեան, Կամքի Եւ Յանդգնութեան Արշաւանքը (125-Ամեակ)

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Հաւաքականին Յաղթական Մեկնարկը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?