Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յառաջ»-ի Գծագրական Ցուցահանդէսը «Մուսա Լեռ» Սրահին Մէջ

July 23, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2021-2022 կրթական տարեշրջանի գծագրական ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 8 յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ:

Բացման խօսքով տնօրէն Արմէն Թաշճեան յայտնեց, որ կրթական տարեշրջանի աւանդութիւն դարձած եզրափակիչ ձեռնարկներէն նկատուող գծագրական ցուցահանդէսը կը բխի վարժարանի  այն համոզումէն, որ աշակերտներու լիարժէք գնահատականը տրուած չ՛ըլլար առանց այս ցուցահանդէսին: Տնօրէնը նշեց, որ արուեստը եւ առհասարակ մշակոյթը առողջ, ինքնաճանաչ ու տարբեր շրջապատներու հետ հաղորդակցելու ունակ անհատականութեանց կազմաւորման կենսական նպաստ կը հայթայթէ:

Ան ընդգծեց. «Ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ կեանքը գոյն չունի, երբ մարդոց տեսողութիւնը խորաթափանց  ըլլալու իր կարողութենէն սկսած է զիջիլ, նեղցած եւ սահմանափակուած է նեղ պաստառներու վրայ, երբ ամէն ինչ հրամցուած եւ ուղորդուած է, արուեստը կը մնայ ստեղծագործ ու ազատագրուող միտքի ու հոգիի խթանը»:

Տնօրէնը քաջալերեց աշակերտները` մաղթելով, որ վարժարանին կողքին, աշակերտները վայելեն նաեւ  ծնողներու ու երէցներու հետեւողութիւնն ու յարատեւ նեցուկը ուշադրութեան առարկայ պահելով աշակերտներու մէջ հասակ առնող հետաքրքրաշարժ ու հոգածութեան արժանի ձգտումներն ու հակումները:

Տնօրէն Արմէն Թաշճեան շնորհաւորեց ներկաները, ապա հրաւիրեց գծագրութեան դասատու արուեստագէտ Գօգօ Սգայեանը, որպէսզի օրուան խորհուրդը ամփոփէ` իր սրտի խօսքը արտասանելով:

Դասատուն, իբրեւ խրախուսիչ երեւոյթ, վեր առաւ գեղարուեստի նկատմամբ աշակերտներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը. Անդրադառնալով ցուցահանդէսին` ան ներկաները յորդորեց ուշադրութեան արժանացնելու աշակերտներու միտքերու ու թեմաներու այլազանութիւնը, ներաշխարհէ բխող երանգները, երեւակայութեան թռիչքն եւ համարձակ աշխարհահայեացքները: Ան գնահատելով աշակերտները` ներկաներէն խնդրեց, որ իւրաքանչիւր պատկերի դիմաց կանգնելով` փորձեն թափանցել մատուցուած արուեստի հորիզոնին:

Վարժարանի խնամակալութեան ատենապետին, գծագրութեան նախկին դասատու Րաֆֆի Անտոնեանին եւ Գօգօ Սգայեանին կողմէ կատարուեցաւ ցուցահանդէսին բացումը, որմէ ետք ներկաները շրջեցան, վայելեցին աշակերտներուն գծագրութիւնները` միեւնոյն ժամանակ հիւրասիրուելով ու զրուցելով իրարու հետ: Ցուցահանդէսը իր դռները բաց պահեց մինչեւ յաջորդ օրուան ամավերջի հանդէսէն ետք ուշ ժամեր:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (22 Յուլիս 2022)

Յաջորդը

Գիտէի՞ր, Թէ… Ծովափի Աւազը Եկած Է Սառցակոյտերէն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.