Ուրբաթ, 22 յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Ամառնային ծրագիր 2» աշակերտները այցելեցին Ս. Աստուածածին վանք (Պիքֆայա) եւ ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական օրհնութիւնը:
Աշակերտներուն կ՛ընկերանային Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ատենապետը:
Վեհափառ հայրապետը ծանօթացաւ «Ամառնային ծրագիր 2»-ի աշխատանքներուն, ապա աշակերտները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան անոր առօրեային եւ նախասիրութիւններուն առնչուած:
Դպրոցին աշակերտները, բաժնուած` «Բ. Կանաչեան», «Արցախ» եւ «Քամանչա» խմբակներու, հայրապետին ներկայացուցին «Կիլիկիա» քայլերգը, ինչպէս նաեւ` տուտուկով եւ կիթառով երաժշտական կտորներ: Արամ Ա. բարձր գնահատեց աշակերտներուն աշխատանքը: Այս առիթով անոնք կաթողիկոսին նուիրեցին Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ բարձրացած հայ ժողովուրդին վերածննդեան ու յարութեան խորհրդանիշ յուշարձանին մոմակերտ օրինակ մը եւ խմբակներու անունները ներկայացնող արուեստի գործ:
Վեհափառ հայրապետին հետ օրհնաբեր հանդիպումէն ետք աշակերտները շրջագայեցան Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ, ինչպէս նաեւ` այցելեցին Նահատակաց յուշարձան: