Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին». Կերպարուեստի Դպրոցի Տարեկան Ցուցահանդէս

Յուլիս 19, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 5 յուլիս 2022-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աւանդական տարեկան ցուցահանդէսը:

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան 34 տարիէ ի վեր կը գործէ եւ տուած է արուեստագէտներ, որոնք իրենց յատուկ տեղը ունին լիբանանահայ հասարակութեան մէջ կամ այլուր: Դպրոցը ունի իր ակադեմական ծրագիրը` տարիքային փուլերով եւ արհեստավարժ ուսուցիչներով:

Հանդիսութեան ընթացքին «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Թալին Մոսիկեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ. «Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին նպատակն է հայ արուեստին շնորհիւ պահպանել հայկական մշակութային  արժէքները` նոյն ատեն գծանկարին ընդմէջէն զարգացնելով աշակերտին ինքնուրոյն արտայայտուելու եւ ինքնավստահ դառնալու յատկութիւնները»:

Շարունակելով իր խօսքը` Մոսիկեան ներկայացուց ակադեմիային տարեկան ծրագիրը եւ գործունէութիւնը: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր ուսուցիչի, որ իր կարելին ըրաւ` աշակերտին մօտ արթնցնելու գործելու եւ լաւագոյնին ձգտելու գաղափարը:

Ապա ներկաները առիթը ունեցան դիտելու ցուցադրուած գործերը:

Իսկ չորեքշաբթի, 6 յուլիսին տեղի ունեցաւ աւարտական դասարանի երկու աշակերտներուն գործերու ցուցադրութիւնը: Ամբողջ տարուան մը աշխատանքի արդիւնքը ներկայացնող այս հանդիսութեան ընթացքին գեղանկարիչ Տարիա Խտըշեանի աշակերտուհի Օսան Ղազարեան եւ գեղանկարիչ Վազգէն Մուղալեանի աշակերտ Շարպել Ասուֆ ներկայացուցին իրենց աւարտական թեզի պաշտպանութիւնը:

Հանդիսութեան ընթացքին zoom տարբերակով Հայաստանէն միացան նաեւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնուհի Մարալ Հարպոյեան եւ Հայաստանի Պետական գեղարուեստի ակադեմիայի դասախօս եւ գեղանկարիչ Արթուր Յովհաննիսեան, որոնք արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը:

Իր խօսքին մէջ Մարալ Հարպոյեան մէջբերեց երկար տարիներու վաստակաշատ քանդակագործ Կիւլեն Թորոսեան-Տէր Պօղոսեանի խօսքը. «Փափաքս է, որ փոքրիկները շարունակեն զարգացնել իրենց ձիրքերը եւ անպայման հետեւին արուեստի` ընտրելով իրենց նախասիրած արուեստի ճիւղը իբրեւ կեանքի ասպարէզ»: Ապա Հարպոյեան յաջողութիւն մաղթեց աւարտական աշակերտներուն` յուսալով, որ անոնք ապագային կը դառնան  հանրածանօթ գեղանկարիչներ:

Դատական կազմի անդամները` արուեստագէտներ Անիթա Թութիկեան եւ Քրիստ Իսքէնտէրեան, լսեցին աւարտականներուն թեզի պաշտպանութիւնը եւ յաւելեալ հարցումներու պատասխաները ստանալէ ետք յոյժ գնահատեցին աշխատանքը:

Իր կարգին, գեղանկարիչ Արթուր Յովհաննիսեան քաջալերեց աշակերտները եւ գնահատեց անոնց աշխատանքը` արժեւորելով անոնց մօտեցումը արուեստի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` պատմական եւ նոյն ատեն այժմէական նիւթերու ընտրութիւնը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. ՆԱՍԱ-ն Յաղթականօրէն Ցուցադրած Է «Ուէպ»-ի Առաջին Նկարներու Ամբողջական Փաթեթը

Յաջորդը

Լուսանկարի Մը Պատմութիւնը. Ո՞վ Է Գէորգ Չաւուշի Եւ Գոմսայ Կորիւնի Լուսանկարներուն Հեղինակը

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?