Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պօղոս Սնապեանի Բարձրաքանդակի Բացումը Այնճարի Մէջ

Օգոստոս 18, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին, կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Պօղոս Սնապեանի տուն – թանգարանին դիմաց տեղի ունեցաւ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակի բացում` հոծ բազմութեան ներկայութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին խօսքը  արտասանեց Յովնան Քէշիշեան, որ ըսաւ, թէ այդ նախաձեռնութեան նպատակն է յարգել յիշատակը մուսալեռցի ծանօթ մտաւորական, գրաքննադատ, ուսուցիչ եւ խմբագիր Պօղոս Սնապեանին, նաեւ անոր տուն թանգարանին մուտքին բացումը կատարել անոր բարձրաքանդակին` անգամ մը եւս արժեւորելով մեր ժողովուրդի ականաւոր անձնաւորութիւններէն մէկուն` Սնապեանի մեծ վաստակը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Սեպուհ  Այնթապեան, որ հաստատեց. «Պօղոս Սնապեան իր հատու գրիչով, ազգային մնայուն գրական արժէքներու ջատագովի իր վարքով, գրականութեան արժեչափերու դէմ յանդիման իր խստաբարոյ  ու անզիջող դիրքով ոչ միայն սփիւռքահայ գրականութեան մէջ որակ ու մակարդակ ձեւաւորեց, այլեւ Խորհրդային Հայաստանի գրողական շրջանակին մէջ եղաւ տիրական անուն մը, որուն նկատմամբ մեծ ակնածանք ունեցան հայրենի բոլոր մեծանուն գրողներն ու մտաւորականները»:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ ըսաւ, թէ Պօղոս Սնապեանի գրական հարուստ վաստակը ներկայացնելու առիթ չէ այս նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ որ այդ վաստակը այս բարձրաքանդակէն շատ առաջ քանդակուած է մեր մտքին ու ենթագիտակցութեան մէջ: «Անկեղծանալով` կարելի է անվարան հաստատել, որ Պօղոս Սնապեան բարձրաքանդակներու եւ արձաններու կարիքը բնաւ չունի եւ պիտի չունենայ երբե՛ք անմահութեան պատուանդանին մէջ մնալու համար, որովհետեւ ինք իր գրիչով հայ կեանքին մէջ քանդակած է վեհ ու բարձր, համամարդկային, համազգային, հայրենական արժէքներ, որոնք ժամանակի փչած հողմերուն դիմաց իսկ դոյզն ցնցումն ալ չեն ապրիր», ըսաւ ան:

Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Պօղոս Սնապեանի բարձրաքանդակի տեղադրումը ինքնին կենսաւորող ու բազում պատգամները կը պարունակէ` շեշտը դնելով մերօրեայ մարտահրաւէրներէն մեկնած Սնապեանի ունեցած արժէքին վրայ: Հաւաթեան նշեց, որ ներկայիս սփիւռքահայ գրականութիւնը նոր ուժերու կարիք ունի սփիւռքեան ներկայ փուլին նկարագիր տալու համար, աւելցնելով, որ Սնապեանի անխոնջ միտքն ու գրականութիւնը մնայուն շարժման մէջ պահող մտաւորական ճիգը անհրաժեշտ է, որ այսօր ճառագայթէ մեր կեանքին մէջ: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ դաշնակցական մտաւորականի տիպարը, որ իր գրիչով, խօսքով ու կեցուածքով կենսական է, որ հարստանայ սնապեանական շունչով: «Այդ գրիչը սուրբ գրիչ է, մաքուր, խարազանող, բայց` ոչ վարկաբեկող, ճշմարտութեան ու արդարութեան համար անզիջող, հեռու պատեհապաշտական ամէն տեսակի փորձութենէ ու  տկարացումներէ», շեշտեց ան: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ այսօր մտաւորական մարդուժի հանդէպ մեր ցուցաբերած ակնածանքն ու յարգանքը պահելու անխարդախ ու անսասան համոզումի ամբողջական ընկալումի դէմ յանդիման կանգնած ենք:

Ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ  գաղափարական խօսքը հարկ է հեռու պահել այսօրուան արհեստագիտութեան ճամբով ծաւալած աժան հռետորաբանութենէն, խեղաթիւրումներէն եւ հաւաքականութիւնը մոլորեցնող ամէն տեսակի միտումնաւոր ու կեղծ բառակոյտերու ճամբով մտածում զարգացնելէ եւ բարդոյթներու դրսեւորումներէ: Յ. Հաւաթեան անհրաժեշտ նկատեց, որ համահայկական մտածողութիւնը եւ  այդ առաքելութեան մէջ  մտաւորականութեան դերակատարութիւնը մնան առանցքային ու տիրական` հեռու բաժանարար գիծերէ եւ խրամատներէ: Աւարտին ան դիտել տուաւ, որ սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի նահանջը, գրականութեան հանդէպ աճող անտարբերութիւը անհրաժեշտ է, որ դառնան համազգային հրատապ խնդիրներ, «որովհետեւ այդ մէկը անփոխարինելի նախադրեալ է մեր գոյերթին ու լինելութեան համար»:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Հայկ Քէշիշեան (տուտուկ) եւ Նարեկ Քէշիշեան (կախոն) շարք մը ժողովրդային երգերով:

Ապա մուսալեռցի-այնճարցիներուն անունով խօսք առաւ Յովհաննէս Խօշեան, որ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, թէ Սնապեան երեւոյթ մըն է սփիւռքահայ գրականութեան եւ յատկապէս գրականագիտութեան մէջ, իսկ անոր մահով մեր գրականագիտութիւնը շատ բան կորսնցուց:  Ան նշեց, որ Սնապեան եղաւ այն մտաւորական-գրագէտը, որ պեղեց հայ հոգին, անկէ առաւ իր մտային-հոգեկան սնունդը, մինչեւ վերջին շունչը անդադար հետամուտ եղաւ գրական նորութիւններու: Տարիներու թաւալումին հետ աւելի եւ աւելի գիրք հրատարակեց: «Մեզի ծանօթ իր խմբագրական աշխատանքներու կողքին, իր գրական հանգանակին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ «Ազդակ Գրական-Ազդակ Արուեստի» պարբերականը, որ գրեթէ ինք կը լեցնէր ամբողջութեամբ: Այս պարբերականները գրեթէ լիովին գոհացում կու տային հայ գրականութեամբ հետաքրքրուող մարդոց: Հոս Պօղոս Սնապեան կը հրատարակէր տարիներու ընթացքին իր հաւաքած, իր պատրաստած թղթածրարները: Վերջապէս, պարբերական մը, որ իր մահէն ետք դադրեցաւ դժբախտաբար, եւ որուն կարիքը ունինք մենք այսօր շատ:

«Մենք ընդհանրապէս Սնապեանին կարիքը ունինք այսօր, որովհետեւ մեր գրական կեանքը ամէնուր, սփիւռք թէ հայրենիք, անկազմակերպ վիճակ մը կը ներկայացնէ: Որքան ըսելիք ու գրելիք պիտի ունենար Սնապեան մանաւանդ այսօր Հայաստանի մէջ տիրող գրական, ընկերային, քաղաքական եւ նոյնիսկ զինուորական թափթփածութեանց եւ ապազգային երեւոյթներու ի տես», եզրափակեց Յովհաննէս Խօշեան:

Այնուհետեւ Սնապեանի  թոռնուհին` Նարօտ Սուրճեան, ապրումով եւ հարազատութեամբ կարդաց գրագէտին «Պարը» բանաստեղծութենէն հատուած մը:

Ապա Սնապեանի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Պօղոս Սնապեանին դուստրը` Թամար Սնապեան-Սուրճեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բարձրաքանդակի հեղինակ Վարդան Աւեսեանին, որուն ճարտար ձեռքերուն տակ թաքնուած գեղեցկութիւնը երեւան եկաւ եւ մարմարը ստացաւ ձեւ, կերպար ու եղաւ Պօղոս Սնապեան: Ապա ան յիշեցուց, որ 11 օգոստոսին իր հայրը պիտի դառնար 95 տարեկան` վկայակոչելով անոր խօսքը. «Երեք կեանք չի բաւեր ինծի` բոլոր գործերս աւարտելու»:

«Եւ իրապէս, ժամերուն հետ կը կռուէր, գիշերը ցերեկին կը խառնէր, երբեմն նոյնիսկ երազին մէջ կը գրէր… Բացի քանի մը հազուադէպ առիթներէ, երբեք չենք լսած «յոգնեցայ» կամ «յոգնած եմ» արտայայտութիւնը: Յոգնիլ չէր գիտեր… Նոյնիսկ մահուան մահիճին մէջ ըսաւ` «Միայն հիւանդանոցէն ելլեմ, ինչե՜ր պիտի գրեմ…»: Յամառ աշխատող, անյագ ընթերցող, կատարելապաշտ գրող, ինքն իր ներաշխարհով շնչող եւ ապրող մտաւորական: Ահա՛ այսպէս էր Պօղոս Սնապեան, որուն կեանքը սովորական չէր եւ չեղաւ երբեք», ըսաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան:

Ան յայտնեց, որ 11 օգոստոսին Այնճարի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս Սնապեանի նորակառոյց շիրմաքարի օծումը, որ շատ աւելին է քան սովորական պարտք կամ պարտականութիւն, Սնապեան ընտանիքին համար նման նախաձեռնութիւն մը սրտի ու հոգիի թելադրանք էր, որ կատարեցին:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան ըսաւ. «Քիչ ետք, երբ վերցնենք քողը, պիտի տեսնէք, որ Աւեսեանի ճարտար ձեռքերով քանդակուած է նաեւ շուն մը. այդ շունը սովորական շուն մը չէ. «Ես այդ շունն եմ» գիրքի կողքին դրոշմուած շան պատկերն է, որուն հեղինակը մեծանուն Փոլ Կիրակոսեանն է: «Ամբողջ ամիս մը գացինք-եկանք արուեստագէտի իր համբաւը նոր կազմող Փոլ Կիրակոսեանի մօտ, այդ պատկերին համար,- կը պատմէ Սնապեան,- ու երբ վերջապէս, արուեստագէտը հրաւիրեց զիս իր աշխատանոցը, ափ ի բերան մնացի: Ես այն տպաւորութիւնը ունէի, որ եթէ Կիրակոսեան երկու-երեք վրձին զարնէ, կը ստացուի նկարը, մինչդեռ շուրջ երեսուն փորձ կատարած էր ու անոնցմէ անջատած` երկու նմուշ, որոնցմէ մէկը պէտք էր ընտրէի: Ընտրեցի այն, որուն շան աչքերուն մէջ ուրուանկարուած էին մարդկային երեք դիմաստուերներ: Գտնուած էր խորհուրդը: Ես չեմ մոռնար արուեստագէտին ժպիտը, երբ հրաժեշտ տուի իրեն…»: Ահա՛ այդ շունը, անընդհատ հաջող Պօղոս Սնապեանը… «Ես այդ շունն եմ»:

Աւարտին Սնապեանի երկու թոռնուհիները` Սանան Փանոսեան եւ Նարօտ Սուրճեան կատարեցին քանդակի բացումը` ընկերակցութեամբ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին եւ Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանին:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, որ ըսաւ, թէ  բարձրաքանդակը միայն Սնապեանը յիշելու համար չէ, այլ` ապրելու, զգալու, գիտակցելու այն մեծութեան, որուն համար ան իր կեանքը տուաւ, գիրը, գրականութիւնը, մշակոյթը եւ լեզուն ապրեցուց ու ապրեցաւ: Ապա շնորհաւորելով իւրաքանչիւրը այդ ուրախ առիթով` յայտնեց.  «Ահաւասիկ այս գիւղին մէջ, կարելի է ըսել նաեւ` կեդրոնը, կանգնած է հսկայ մը հայ լեզուի ռահվիրաններէն, կանգնած է մեծութիւն մը, որ երբեք պիտի չմեռնի, պիտի չմեռնի, որովհետեւ այսօր մուսալեռցի երիտասարդը գիտէ գնահատել, որովհետեւ այսօր մուսալեռցին գիտէ գնահատել իր մեծերը եւ յատկապէս իր մեծերուն գործերը, այսօր Պօղոս Սնապեան չէ մեռած, ան կ՛ապրի, եւ պիտի ապրի այնքան ատեն որ մուսալեռցին պիտի ապրի, Այնճարը պիտի պայծառանայ եւ պիտի լուսաւորուի, որովհետեւ Սնապեանով սկսածը կը շարունակուի Սնապեան սերունդներու ճամբով»:

Նարօտ Սուրճեան
Հայկ Քէշիշեան (տուտուկ) եւ Նարեկ Քէշիշեան (կախոն)
Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ակնարկ. Ամբողջ Հայութի՛ւնն Է Դիմադրութիւնը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?