Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շքանշանի Տուչութիւն Յակոբ Խաչերեանին` Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին

August 20, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 18 օգոստոս 2022-ին, Պիքֆայայի Նաաս շրջանի «Թալլեթ Նասըր» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ (ներկայացուած` պետական երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայով) շքանշանի տուչութիւնը Ասիոյ ցամաքամասի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եւ գործադիր տնօրէն Յակոբ Խաչերեանին` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանի, երեսփոխան Յակոբ Թէրզեանի, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Մումջողլեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի անդամ Հայկ Թապաքեանի, պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի եւ Ֆետերասիոնի անդամներուն, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Փիեռ Տահերի, Լիբանանի պասքեթպոլի առաջին դասակարգի խումբերու նախագահներուն, Յակոբ Խաչերեանի ընտանիքի անդամներուն, ՖԻՊԱ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, Ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէի, հիւրերու եւ լրագրողներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ուր հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց շքանշանակիր եղբօր գործունէութիւնը պասքեթպոլի լիբանանեան թէ միջազգային շրջանակներուն մէջ, ապա հրաւիրեց հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որպէսզի ընթերցէ հանրապետութեան նախագահին ուղղած գիրը այս առիթով:

Նախագահ Աուն իր գրութեամբ ներկայացուց Յակոբ Խաչերեանի կենսագրականը` վեր առնելով անոր ունեցած ներդրումը պասքեթպոլի աշխարհին մէջ ընդհանրապէս եւ Լիբանանին մէջ մասնաւորապէս` յոյս յայտնելով, որ պասքեթպոլը աւելի բարձր նուաճումներ կ՛արձանագրէ անոր հետ` բարձրացնելով Լիբանանի անունը:

Այնուհետեւ, հանրապետութեան նախագահին անունով Յակոբ Խաչերեան ստացաւ Լիբանանի արմաւենիներով արծաթեայ շքանշանը` ձեռամբ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի:

Իր սրտի խօսքը ուղղեց Յակոբ Խաչերեան` շնորհակալութիւն յայտնելով հանրապետութեան նախագահին, իր ընտանիքին եւ գործակիցներուն: Խաչերեան աւելցուց, որ ինք կը պարտի նաեւ իր անդամակցած կազմակերպութիւններուն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ ՀՄԸՄ-ին, ուր սորված է կարգապահ եւ կազմակերպուած ձեւով գործելն ու պայքարիլը` հասնելու համար ճշդուած նպատակներուն իրագործման:

 

Նախորդը

Աստղահոյլ Մը` Մարդկայնութեամբ Յորդուն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.