Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, մասնագիտացած մասնաճիւղերու ատենապետներուն, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն խորհուրդին, ամառնային ծրագիրի յանձնախումբին եւ ծնողներուն, չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամառնային ծրագիր 2»-ի եզրափակիչ հանդէսը, որուն ընթացքին ծնողները ապրեցան ուրախութեան ու բերկրանքի պահեր` ականատես ըլլալով աշակերտներուն պատրաստած խնամուած յայտագիրին եւ ձեռք բերած նորութիւններուն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկան Ալիք Սարգիսեան եւ Մինաս Յակոբեան, որոնք ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուցին ամառնային ծրագիրի անցնող վեց շաբաթներու մանրամասնութիւնները: Այնուհետեւ «Ամառնային ծրագիր 2»-ի պատասխանատու Սալբի Մուղալեան ներկայացուց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի խօսքը, որուն մէջ անդրադարձած էր յիշեալ ծրագիրի նպատակին, ներկայացուցած էր խմբակները, բացատրութիւններ տուած էր ծրագիրին մասին, անդրադարձած էր արտադասարանային դպրոցական ծրագիրներուն, այցելութիւններուն, նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղած էր բոլոր բարերարներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին ծրագիրի յաջողութեան:
Հարպոյեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ իրականացած «Ամառնային ծրագիր-2»-ին նպատակն է կարելիութիւն ստեղծել, որ հայ պատանին ամառնային արձակուրդը անցընէ ապահով, հաճելի, օգտաշատ եւ կարեւորագոյնը` հայկական մթնոլորտի մէջ, զարգացնելով իր ստեղծագործական միտքը, թաքուն ձիրքերը բացայայտելու եւ, վերջապէս, հաղորդ դարձնելու մեր ոսկեղենիք մայրենի լեզուին, դաստիարակչական եւ մանկավարժական յայտագիրներով հայ պատանիին միտքը կոփել: Ան նշեց, որ Համազգայինի ամառնային ծրագիրը կը տարբերի միւս դպրոցներէն, որովհետեւ զուտ մշակութային ծրագիր է, աշակերտները սորվեցան` հայերէն երգ, ասմունք, պար, թատրոն, գծագրութին, կաւով աշխատանքներ, ձեռային, գորգագործութիւն, մոմի պատրաստութիւն, հիւսք եւ խաղի մթնոլորտ, bath bombs-ը եւ պատմութիւններ, որոնց ընդմէջէն զարգացուցին իրենց երեւակայութիւնը: Իւրաքանչիւր մարզի համապատասխան ուսուցիչի աշխատանքով ծանօթացան երաժշտական գործիքներու, շաբաթական դրութեամբ, դասախօսներու ներկայութեան, ունեցան ծրագիրներ` առողջապահական, դաստիարակչական, առողջ կենցաղին մասին բացատրութիւններ, մարզանքի անհրաժեշտութեան, բռնածաղրի վերաբերեալ, science show, եւ անոնց բացատրուեցաւ` ինչպէ՛ս պէտք է ճանչնան իրենց անձն ու զգացումները:
Առօրեայ ծրագիրներու առընթեր, աշակերտները ծանօթացան ազգային աւանդութիւններուն ու կրօնական տօներուն: Անոնք ունեցան նաեւ արտադասարանային դպրոցական ծրագիրներ` այցելութիւն Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Այնճար` քաղաքապետարան, բերդ, Արթ կելըրի, օճառի գործարան եւ այլն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք, ուր աշակերտները հանդիպում ունեցան Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, ստացան անոր օրհնութիւնը եւ ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը եւ վեհափառ հօր յանձնեցին իրենց պատրաստած ձեռային աշխատանքները: Ունեցան մարզական օր, հիւրընկալուեցան «Վանայ ձայն»-ի մէջ, ծրագիր մը իրականացուցին ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի ամառնային դպրոցի աշակերտներուն հետ: «Գարակէօզեան» հաստատութեան բժշկական կազմը ուշի ուշով բժշկական քննութիւն կատարեց աշակերտներուն, որոնք նաեւ հիւրը եղան հաստատութեան, ուր աշակետները ենթարկուեցան աչքի քննութեան: «Ազդակ» օրաթերթը եւ «Հայ Հորիզոն»-ը անդրադարձան ամառնային դպրոցի աշխատանքներուն:
Իր խօսքի աւարտին Մարալ Հարպոյեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան Համազգայինին, նաեւ` Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անանիա ծ. Վրդ. Գուճանեանին, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանին, Յակոբ Տօնիկեանին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանին եւ անձնակազմին, յատկապէս` Ժանին Դանիէլեանին, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն, Վաչէ Տիշչէքէնեանին, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Աստուածածնայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին ծրագիրի յաջողութեան: Ան յիշեց նաեւ բարերարները` Հրայր Սարգիսեան, Անդօ Պոյաճեան, Խաժակ Պաղտատեան, համազգայնական մը, Տիգրան Նաճարեան, Չարենց Աբրահամեան, խումբ մը ընկերուհիներ, երգիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեան, Համազգայինի Տիկնանց յանձնախումբ, ինչպէս նաեւ` նուիրեալ ուսուցիչները, դասախօսները, որոնց հաւաքական ջանքով ու ներդրումով կարելի եղաւ հաճելի ու օգտաշատ ամառնային ծրագիր մատուցել հայ երեխաներուն ու պատանիներուն:
Այնուհետեւ ընթացք առաւ յայտագիրը` հետեւեալ ձեւով. «Բարսեղ Կանաչեան» խմբակը մեկնաբանեց «Ինչ անուշ» եւ «Ծընկըլը մընկըլը» երգերը, «Արցախ» խմբակը ներկայացուց «Չիուաուա» պարը, «Քամանչա» խմբակը` «Քամանչա» երգը, «Բարսեղ Կանաչեան» խմբակը` «Տետի քուլ» պարը, «Արցախ» խմբակը` «Ղարաբաղի բալիկն ենք» եւ «Մեղու» երգերը, «Արցախ» խմբակը` «Ղարաբաղ» ասմունքը, «Քամանչա» խմբակը` «Պինկէօլ» պարը, «Բարսեղ Կանաչեան» խմբակը` «Ըլ ղազալա» պարը, ցուցադրուեցաւ ժապաւէն մը` պատրաստութեամբ բեմադրիչ Սուրէն Խըտըշեանի, ապա «Արցախ» խմբակը մեկնաբանեց «Արցախ» պարը, «Քամանչա» խմբակը` յունական պար մը, իսկ «Արցախ», «Բարսեղ Կանաչեան» եւ «Քամանչա» խմբակները միասնաբար մեկնաբանեցին, «Պիտի ապրենք» երգը (ընթացքին տեսերիզի ցուցադրութիւն` պատրաստութեամբ Նորայր Պուտաքեանի):
Հանդէսէն ետք «Աբրահամ եւ Վերժին Ղոջախեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռային աշխատանքներու եւ արուեստի գործերու ցուցահանդէս: