Յօդուածներ

Ուսուցիչիս

Պիտի ուզէի ես ըլլալ` Քաղցր եղանակ մը աննման, Քեզ նման սիրալիր`զմրուխտ Իմ կեանքի Անմահ հերոս ազնուական... Պիտի ուզէի ես ըլլալ` Արեւի նման շողշողուն, Դէմքիդ վրայ ոսկեզօծ. Աչքերուդ խաղաղ փայլքով Յոյս ներշնչեմ յոգնածներուն... Պիտի ուզէի ես թռչիլ Իմ երգերով գերեգին, Ինչպէս քո ձայնը գերեց` Ծանրաթախիծ շատ հոգիներ... Պիտի ուզէի ես ըլլալ` Կորովաբիբ քեզ նման Կորովամիտ,կորովաբան, Սլանալու խորերը մութ, Ուր չի նշմարեր...

«Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներուն Մէջ Ո՛չ Միայն Հայ Մշակոյթով Կը Սնանին Սերունդներ, Այլ Նաեւ Կը Յայտնաբերուին Տաղանդներ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Կարպիս Գապասագալեան

«Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներուն Մէջ Ո՛չ Միայն Հայ Մշակոյթով Կը Սնանին Սերունդներ, Այլ Նաեւ Կը Յայտնաբերուին Տաղանդներ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Կարպիս Գապասագալեան

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 26 մարտի երեկոյեան, Ս. Զատկուան խթման գիշերը, կազմակերպուած է ճաշկերոյթ-պարահանդէս, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի ծառայէ դպրոցներուն եւ աշակերտներուն: Դպրոցներուն գործունէութեան եւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ անոնց ունեցած ազգապահպանման դերակատարութեան մասին խօսելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Կարպիս Գապասագալեանին հետ: Զրոյցին սկիզբը յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ այն իրականութեան, որ երկարամեայ եւ...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը.- Ա. Թատրերգութեան Բնագիրը

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը.- Ա. Թատրերգութեան Բնագիրը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Արեգ» մանկապատանեկան խումբի աւագ սերունդը 19-26 փետրուարի ընթացքին 4 ելոյթներով ներկայացուց Լորքայի «Պեռնարտա Ալպայի տունը»` բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի: Որպէսզի ընթերցողը կարենայ աւելի լիարժէք գնահատել առաջադրանքի տարողութիւնը, կ՛ուզեմ անդրադառնալ թատերագիրին եւ թատրերգութեան, ներառեալ` այն մասերուն, որոնք զեղչուած էին ներկայ ելոյթին մէջ: Կողքի նկարին հեղինակը նոյնինքն Լորքան է: Նկատել` կնոջ ձեռքի վարդարանը: Հեղինակը եւ իր ժամանակը.- Լորքա (1898-1936) զաւակն էր...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Քննադատութեան Առարկայ` Կլենտէյլի Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներ կատարած իր շրջագայութեան ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ 10 մարտին ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Լա Քրեսենթա քաղաքին մէջ գտնուող Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` ամերիկահայերուն տեղեկացնելով Հայաստանի մէջ իր կատարած դիւանագիտական աշխատանքին մասին: Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան յոյս...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Ամէնուր Արագաչափեր Են Ու Փոսեր. Հայաստանի Ճանապարհները

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայաստանի ճանապարհների վիճակը այսօր յիշեցնում է 90-ական թուականները: Այն ժամանակ պատերազմ էր, Հայաստանը նոր էր անկախացել, տնտեսութիւնը ծանր վիճակի մէջ էր, ամէն բան արւում էր ռազմաճակատի համար, հետեւաբար ճանապարհների վատ ու քարուքանդ վիճակը բնական էր համարւում: Վերջին երկու-երեք շաբաթների ընթացքում ես իմ ինքնաշարժով կտրել եմ մի քանի հազար քիլոմեթր ճանապարհ եւ կարող եմ ասել, որ ինչպէս գլխաւոր, այնպէս...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»ի. Մարտ Գ.- Հայ Ուսուցիչը Կրկնակի Առաքելութեամբ

Պատերազմին մէջ տոկալու սուրիահայութեան տուայտանքին մէջ հայ դպրոցն ու հայ ուսուցիչը յուսադրիչ դերակատարութիւն ունեցան շարունակելով հայապահպանման իրենց առաքելութիւնն ու յատկապէս դաստիարակչական պատասխանատու գործը: Պատասխանատու, որովհետեւ յատկապէս պատերազմական մթնոլորտի մէջ վայրագութիւններու պատկերները, բարոյական ըմբռնումներու անկումը, կենցաղային դժուարութիւնները կրնային հեշտութեամբ աղաւաղել մատղաշ սերունդներուն աշխարհահայեացքը, գեղեցիկին ու բարիին հանդէպ անոնց հաւատքը, մշուշապատ դարձնել անոնց ապագան եւ նուազեցնել ուսման նկատմամբ անոնց հետաքրքրութիւնը: Հայ ուսուցիչն...

«Տէր Կանգնինք Արեամբ Կերտուած Մեր Հայրենիքին»  Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած  Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 28-Ամեակին

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 28-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանի Արտասանած Խօսքը

Քսանութ տարիներ առաջ, 20 փետրուար1988-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի Գերագոյն խորհուրդը արտակարգ նիստի մը ընթացքին, Խորհրդային Միութեան սահմանադրութեան` ազգերու ինքնորոշման վերաբերեալ յօդուածին տրամադրութիւններուն համաձայն, կ՛որոշէր անջատուիլ Ազրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութենէն եւ միանալՀայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան: Սահմանադրական քայլ մը որ ազդանշան պիտի տար Արցախի ազատագրական պայքարին: Ի՞նչ էին այն առարկայական պատճառները որոնք մղեցին Ժողովուրդի կողմէ ընտրուած պատգամաւորները՛ այսպիսի որոշում մը կայացնելու:...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Գրական Հանդիպումների Անանց Արժէքը

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Արուեստագիտութեան դոկտոր Հայ գրականութեան ասպարէզը հարստացաւ վերջերս լոյս տեսած Արամ Սեփեթճեանի «Գրական հանդիպումներ» ժողովածուով: Արդէն իսկ վերնագիրը` «Գրական հանդիպումներ» ներառում է իր մէջ հարուստ, բազմաշերտ իմաստ: Այդ «հանդիպումները» սոսկ ֆիզիքական հանդիպումներ չեն: Արամ Սեփեթճեանի բովանդակ, հարուստ հոգեաշխարհի մէջ դրանք Մեծատառով Հանդիպումներ են` հոգու, մտքի, մարդկային էութեան ինքնատիպ յուզական ներաշխարհի: «Գրականութեան ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ» իր յառաջաբանում Արամ Սեփեթճեանը...

Խմբավարին Խօսքը. Անհաշտ Մտերմութեամբ…

Ուսուցչաց օրը կ’աւարտի նուազ քան ժամէ մը: Նոր վերադարձած ըլլալով ԱՅԳ-ի մօտալուտ համերգին առիթով կատարուած փորձէն` հարկադրուած եմ լեցնել ու «խմբավարին խօսք»-ին համար յատկացուելիք աւանդական այս էջը, եւ որքան ալ յետաշխատանքային յոգնութիւնը ճնշող ըլլայ, կարծես թէ քանի մտքիս մէջ թարմ է ընդհանուր մտորումներուս շրջածիրը, ամէնէն յարմար պահն է քանի մը տող մրոտելու եւ խօսքը  ժամանակին տպարան հասցնելու: Եւ որքան ալ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ներծոր Գեղձեր» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ներծոր Գեղձեր» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, հինգշաբթի, 17 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ներծոր գեղձեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ ներծոր գեղձերու համակարգը ունի...

Սերժ Սարգսեան. «Մեզի` Հայերուս Համար, Խաչը, Եկեղեցին Բացառիկ Պատմական Դերակատարութիւն Ունեցած Են»

Սերժ Սարգսեան. «Մեզի` Հայերուս Համար, Խաչը, Եկեղեցին Բացառիկ Պատմական Դերակատարութիւն Ունեցած Են»

Նիկոսիա տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 մարտին Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ ներկայ գտնուած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բացօթեայ թանգարանին մէջ տեղի ունեցած հայ-կիպրական բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարի բացման արարողութեան: 1958 թուակիր, Ջուղայի ոչնչացուած խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակը եղող խաչքարը Հայաստանի նախագահը հայ ժողովուրդին անունով նուիրած է կիպրական կողմին: Նիքոս Անասթասիատես ըսած է, որ խաչքարը...

Երիտասարդական Նշմար. Ինչո՞ւ Ընդունիլ Բոլոր Հայերը Մեր Մէջ

ԼՈՌԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Դաշնակցութեան նպատակներէն մէկն է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան մը ունենալ: Այս կէտը Հայ դատի ու պահանջատիրութեան մաս կը կազմէ: Պահանջատիրութիւնը ներքնապէս աւելի լուրջ իմաստ կը ստանայ, եթէ ունենայ հեռատեսութիւն եւ ամբողջական ծրագիր մը, որ կը գծէ պահանջներու յաջորդ հաւանական ապագան: Հոս հեռատեսութիւնը միացեալ հողերու պաշտպանութեան ապահովումն է: Յստակացնենք: Պատկերացնենք, որ մեր տարած պայքարը այնքան զօրաւոր եղաւ, որ...

Արձագանգներ

Արձագանգներ

Կարապետ Մոմճեան Դիմատետրի իր էջին վրայ բաժնեկցած է 12 յունուարին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած «Նոր-օսմանական հնարք մը» խորագիրով յօդուածին անդրադարձող Վարագ Գեթսեմանեանի «Չխախտել պատմագրութեան կանոնները» խորագրեալ արձագանգին` համաձայն գտնուելով վերջին գրութեան մէջ տեղ գտած կարծիքներուն եւ հաստատելով, որ` «Երբ օսմանական արխիւ կը քննես, այդ չի նշանակեր, որ Թուրքիոյ օգտին կ’աշխատիս»: Կարապետ Մոմճեանի էջին վրայ տեղադրուած յօդուածին եւ անոր գրառումին արձագանգած...

Սուրիական Օրագրութիւն 70 *

Սուրիական Օրագրութիւն (78)

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Վերջերս կը լսեմ, թէ ինչո՛ւ լռած եմ, չեմ շարունակեր «Օրագրութիւնս», որ ըստ իրենց` շատերուն օրագրութիւնն է: Բայց երբ մարդիկը յուսադրելու հիմքեր չունիմ, միայն ժխտականը յիշելն ալ ճիշդ չեմ գտներ, մանաւանդ որ փապուղին շատ ոլոր-մոլոր է, եւ վերջաւորութեան լոյսը չ՛երեւիր: Ինչպէ՞ս խօսիմ միայն ժխտականը, երբ դեռ երէկ երիտասարդուհի մը, նախկին աշակերտուհի, որուն, ցաւօք, անունն իսկ չկրցայ յիշել, բազմութեան մէջ...

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Առնչուած Յօդուածներու Նոր Ժողովածու Մը

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Առնչուած Յօդուածներու Նոր Ժողովածու Մը

Թուրքիոյ «Իլեթիշիմէ» հրատարակչութիւնը «Հայոց ցեղասպանութիւնը 100 տարի անց» վերնագիրով լոյս ընծայած է այն զեկուցումներու ժողովածուն, որ ներկայացուած է 2015-ին Փարիզի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք» կեդրոնը` հիմնուելով վերոնշեալ հրատարակչութեան կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ: Աղբիւրին համաձայն, ժողովածուն կ՛ընդգրկէ ցեղասպանագիտութեան ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներուն զեկուցումները, որոնք ոչ միայն կը մեկնաբանեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ կ՛անդրադառնան օսմանեան տարածքներուն մէջ բնակուած միւս փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ...

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակի Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակի Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Երեսուն տարիներ առաջ Այնճար հայաւանի ամբողջ բնակչութիւնը լուռ, մեծ յուզումով, ցասումով ու արցունքոտ աչքերով կը քալէր մուսալեռցի արժանաւոր զաւակ, հայ մշակոյթի հանդէպ պաշտամունքով լեցուն, հայ ընտանիքը իբրեւ սրբութիւն եւ ազգային արժէք ընկալած եւ,  վերջապէս բառին բովանդակ իմաստով դաշնակցական ղեկավար ընկ. Զաւէն Թաշճեանի դագաղին  ետեւէն: Վստահաբար նահատակ ընկերոջ սերնդակիցներուն, օրուան երիտասարդութեան մէջ տակաւին թարմ է այդ պահը, պահ մը, որ իր...

Վենետիկի Յանձնաժողովի Փորձագէտներուն Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Դիտարկումները

Վենետիկի Յանձնաժողովի Փորձագէտներուն Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Դիտարկումները

Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի փորձագէտներուն հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան թուարկած է այն դիտարկումները, զորս կատարած է Դաշնակցութիւնը` ընտրական օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է երեք դիտարկումի. «Անկախ ամէն ինչից, ընդդիմութիւնը խորհրդարանում պէտք է տեղերի 1/3-ն ունենայ, եթէ...

Կալիփոլիի` Չանագգալէի «Յաղթանակը» 1915-ին

Քեսապ – Երրորդ Տեղահանութեան Երկրորդ Տարելից

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Օրերը թաւալգլոր անցան: Շուտով կը հասնի 21 մարտը, 2016-ը: Մարտի 21-ը թուականագէտներու բնորոշումով գարնան առաջին օրն է: Չքնաղ ու դալար գարնան սկիզբը, երբ ծաղկած կ՛ըլլան ծիրանիները, սալորենիները, դեղձենիները եւ այլն, ճերմակ, վարդագոյն, կարմրաւուն ծաղիկներ, կանաչ սարերուն դիմաց, նորամշակ պարտէզներու հողին վրայ: Այդ օրը մարդկային ընկերութեան ամենայիշատակելի օրերէն մէկն է նաեւ, երբ կը յիշենք մեր մայրերը` ողջ թէ...

Տեսակէտ.  «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» Կարգախօսը Հարցականի Տակ

Տեսակէտ. «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» Կարգախօսը Հարցականի Տակ

ՍԵՐԺ ՄՈՄՃԵԱՆ Ամէն տարի անկախ Հայաստան կ՛այցելեն բազմաթիւ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներ, որոնց համար նման ուղեւորութիւն մը անցեալին երազ մըն էր, եւ կը մարմնաւորուէր խորհրդային գաւառի մը կամ լերան մը պատկերով` կախուած իրենց հօր տան մէջ: Սփիւռքահայուն կը հիացնեն ընդարձակ ու մաքուր զբօսայգիները, եւ տեսարժան վայրերը աւելի կ՛ամրապնդեն իր հայկական ինքնութիւնը: Արեւոտ գեղեցիկ օր մը, երբ նստած եմ պարտէզին երկար նստարանին վրայ,...

«Հալէպ. Վերելքը Եւ Անկումը Սուրիոյ Վաճառականական Մեծ Քաղաքին»

«Հալէպ. Վերելքը Եւ Անկումը Սուրիոյ Վաճառականական Մեծ Քաղաքին»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հալէպ.  Անցեալ... Երազ...  Մղձաւանջ... Սուրիական տագնապի առաջին իսկ օրերէն  շրջանային եւ միջազգային լուսարձակները շեշտուած կերպով կեդրոնացան Հալէպի (նահանգ եւ քաղաք) վրայ, եւ այդպէս ալ մնացին: Մեկնաբաններ, լրագրողներ, պատմաբաններ, նոյնիսկ բանաստեղծներ հրապարակեցին յօդուածներ, գիրքեր, տարաբնոյթ դիտանկիւններով` քաղաքական, առեւտրական, մարդասիրական, կրօնական, հնագիտական, յուշագրական եւ այլն: Բոլորին հասարակաց գիծը ցաւն էր: Յառաջիկայ ամիս Բրիտանիոյ մէջ պիտի հրատարակուի գրող, պատմաբան դոկտ....

Page 951 of 1110 1 … 950 951 952 … 1,110

Արխիւներ