Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբավարին Խօսքը. Անհաշտ Մտերմութեամբ…

Մարտ 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուսուցչաց օրը կ’աւարտի նուազ քան ժամէ մը:

Նոր վերադարձած ըլլալով ԱՅԳ-ի մօտալուտ համերգին առիթով կատարուած փորձէն` հարկադրուած եմ լեցնել ու «խմբավարին խօսք»-ին համար յատկացուելիք աւանդական այս էջը, եւ որքան ալ յետաշխատանքային յոգնութիւնը ճնշող ըլլայ, կարծես թէ քանի մտքիս մէջ թարմ է ընդհանուր մտորումներուս շրջածիրը, ամէնէն յարմար պահն է քանի մը տող մրոտելու եւ խօսքը  ժամանակին տպարան հասցնելու:

Եւ որքան ալ մտքերն ու ըսելիքները զիրար հրմշտկեն մտքիս մէջ, հիմնական խօսքս կրկին պիտի սեւեռի հոյակապ այս երիտասարդ աղջիկներուն ու տղոց նուիրումին, մեր ազգային- երաժշտական կեանքին մէջ անոնց ունենալիք յանձնառութեան ու իրագործումներուն վրայ:

Ուրախութեան եւ տրտմութեան կրկնակի զգացումներով տոգորուած եմ:

Ուրախ եմ, որ տակաւին կա՛ն երիտասարդներ, որոնք գիտեն հայ մշակութային յարկի տակ հաւաքուիլ երգ-երաժշտութեան շուրջ ու իրենց հանրային-ընկերային կեանքին մէջ  խմբերգային արուեստին ալ տեղ յատկացնել:

Տխուր եմ աւելի քան հինգ տասնեակ նախկին ԱՅԳ-ականներուն համար, որոնք լիբանանեան կենցաղային պայմաններու ստիպումով հարկադրուած են դեռ աշակերտական տարիքէն լծուիլ աշխատանքի` ի գին դասերու կամ ընկերային- մշակութային կեանքի մասնակցութեան համար յատկացուելիք ժամանակին… այլապէս մենք այսօր ապահովաբար աւելի քան 90 անդամներով բեմ պիտի բարձրանայինք…

Վիճակագրական այս փաստը կ’արձանագրեմ պատմութեան համար` քաջ գիտնալով, որ երգչախումբի մը որակը իր կազմի թուաքանակին մէջ չէ: Սակայն ինչպէ՛ս չցաւիլ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիքէն ԿԱՐԿԱՉ-ի մէջ թրծուած, աչքիս առաջ հասակ առած ու ինծի հոգեհարազատ դարձած բացականերուն համար:

Յամենայն դէպս այս տարի եւս անհաշտ մտերմութեամբ կրցայ լեզու գտնել տարօրինակ այս սերունդին հետ ու ձեզի համար պատրաստել այս երգացանկը:

Անցեալ տարի կատարեցինք իր տեսակին մէջ եզակի երկ մը` Խաչատուր Աւետիսեանի օրաթորիան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով: Այս տարի երիտասարդները իրենք թելադրեցին երգացանկին գերակշռող մասը, կատարելու յատկապէս ԿԱՐԿԱՉ-ին, ՎԱՐԱՆԴԱ-ին ու ԱՅԳ-ին համար մշակուած Ազնաւուրի ու Ռուբէն Հախվերդեանի երգաշարերը, որոնց կատարումը 5-6 տարիներ առաջ շատ սիրուած եղան թէ՛ երգչախումբի անդամներուն եւ թէ՛ ունկնդիրներուն կողմէ: Կրկին կ’անդրադառնանք նաեւ այնքան սիրուած «Պիթըլզ»-ի երգերուն: Իսկ ժողովրդային նուագախումբի ընկերակցութեամբ մեր երգացանկին կ’աւելցնենք նորերը եւ համերգը կը նուիրենք Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 90-ամեակին:

Բարի՛ վայելում:

Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ներծոր Գեղձեր» Նիւթով

Յաջորդը

Գրական Հանդիպումների Անանց Արժէքը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?