Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգներ

Մարտ 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարապետ Մոմճեան Դիմատետրի իր էջին վրայ բաժնեկցած է 12 յունուարին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած «Նոր-օսմանական հնարք մը» խորագիրով յօդուածին անդրադարձող Վարագ Գեթսեմանեանի «Չխախտել պատմագրութեան կանոնները» խորագրեալ արձագանգին` համաձայն գտնուելով վերջին գրութեան մէջ տեղ գտած կարծիքներուն եւ հաստատելով, որ` «Երբ օսմանական արխիւ կը քննես, այդ չի նշանակեր, որ Թուրքիոյ օգտին կ’աշխատիս»:

Կարապետ Մոմճեանի էջին վրայ տեղադրուած յօդուածին եւ անոր գրառումին արձագանգած է Կարօ Արմէնեան, որուն մտորումները կը հրատարակենք ստորեւ.

Ա.

Հետաքրքրութեամբ կարդացի Վարագ Գեթսեմանեանի յօդուածը և քու երկտողդ: Եւ քանի որ չեմ կարդացած Վարագին ակնարկած յօդուածը եւ չեմ գիտեր, թէ ո՞վ է հեղինակը այդ յօդուածին (կը զարմանամ, որ ան յստակօրէն չէ յիշուած Վարագին կողմէ), հետեւաբար չեմ կրնար ըստ էութեան կարծիք յայտնել բանավէճին մասին: Բայց նաեւ չեմ կրնար դիւրաւ անցնիլ հարցին վրայէն: Սկիզբէն ըսեմ, որ ինծի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ, որ այսօր ունինք երիտասարդ գիտաշխատողներ, որոնք կը մասնագիտանան Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ: Իմացած եմ նաւ, որ կան անոնք, որոնք այդ աշխատանքին լծուած են թրքակա՛ն համալսարաններէն ներս, որոնք խարիսխ կը ծառայեն Թուրքիոյ նրբարուեստ քարոզչական մեքենային: Գոյութիւն ունի Օսմանեան կայսրութիւնը հարազատագրելու (legitimize) յստակ քաղաքականութիւն մը եւ այդ գործին մէջ որոշիչ դերակատարութիւն ունի Թուրքիոյ ակադեմական որորտը: Ցոյց տալ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը քաղաքակրթական իրողութիւն մըն է, եւ որ համիտեան եւ երիտթրքական փուլերը այդ կայսրութեան ներկայացուցչական չեն: Ցոյց տալ, որ այդ փուլերը, եթէ իսկ ճիշդ են, աղաւաղումներն են քաղաքակրթական շղթայի մը… Ցոյց տալ, որ յիշեալ կայսրութիւնը բազմազգ պետականութիւն մըն էր, ուր գոյութիւն ունէր խաղաղ համակեցութիւն հոն ապրող ազգային միաւորներուն միջեւ: Ասիկա սուտ պատմութիւն մըն է: Օսմանեան պետականութիւնը ոճրային մեքենայ մը եղած է իր գոյութեան առաջին օրէն եւ ան երբեք չէ փոխած իր բնոյթը: Եւ անոր ժառանգորդը հանդիսացող ներկայ Թուրքիան չէ կրցած ցարդ ձերբազատիլ այդ պատմական պարտքէն: Եղած են անցողակի պահեր կայսրութեան կեանքին մէջ: Յոյսի՛ պահեր, որոնք շուտով սրբուած են: Կ՛իմանամ, որ Պոլսոյ մէջ վերջերս լոյս տեսած է հատոր մը Ռուբէն Զարդարեանէն: Յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են «Ժամանակ»-ի մէջ սահմանադրութեան տարիներուն, եւ որոնց մէջ Զարդարեան ոգեւորութեամբ կը խօսի օսմանեան նոր պետականութեան մասին… Ի՞նչ կը փորձեն ըսել այս գրքին հրատարակիչները… Որ մեր յեղափոխական գրագէտները օսմանասէրնե՞ր էին եւ կը հաւատային Օսմանեան պետականութեա՞ն: Եւ որ այսօր եւս, Զարդարեանի նահատակութենէն հարիւր տարի ետք, մենք պէտք է առաջնորդուինք այդ օրերու սխալ գնահատականներո՞վ: Այս խաղերէն պէտք է հեռու մնան այսօրուան մեր օսմանագէտները: Պեղեն օսմանեան քաղաքականութեան արմատները մեծագոյն ուշադրութեամբ, բայց (ներեցէք) չսիրահարին այն սուտին, որ շարք մը թուրք պատմաբաններ ստեղծած են եւ կը ստեղծեն: Վարագին եւ քու զգուշացումները տեղին են քննարկման գիտականութեան կապակցութեամբ: Ես ալ, իմ կարգիս, ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ վերոյիշեալը: Դժբախտաբար գիտութիւնը չէ, որ այսօր մղում կու տայ համաշխարհային այս բանավէճին, այլ թրքական ֆաշիզմը` իր բոլոր յայտնի եւ ծածուկ մեքենայութիւններով: Իմ կարծիքով, հայ օսմանագէտներն ալ պարտաւորուած են դիմագրաւել այս բազմամակարդակ մարտահրաւէրը:

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն (78)

Յաջորդը

Երիտասարդական Նշմար. Ինչո՞ւ Ընդունիլ Բոլոր Հայերը Մեր Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?