Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենետիկի Յանձնաժողովի Փորձագէտներուն Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Դիտարկումները

March 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0316aghvan1

Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի փորձագէտներուն հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան թուարկած է այն դիտարկումները, զորս կատարած է Դաշնակցութիւնը` ընտրական օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ:

Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է երեք դիտարկումի. «Անկախ ամէն ինչից, ընդդիմութիւնը խորհրդարանում պէտք է տեղերի 1/3-ն ունենայ, եթէ նոյնիսկ մէկ կամ մի քանի ուժեր բացարձակ մեծամասնութիւն ձեւաւորեն, ապա դա չպէտք է արգելք լինի, որ ընդդիմութիւնն իր սահմանադրական լիազօրութիւնը չիրացնի: Երկրորդը` կայուն մեծամասնութեան մէջ տարընթերցումներ կային: Այն արտօնութիւնը, որը փորձ էր արւում տալ քոալիցիաներից մէկին, տարածել ենք նաեւ միւս կոալիցիաների վրայ: Նախկինում գաղափար կար, որ եթէ մի կուսակցութիւն 40-45 տոկոս ձայն է հաւաքում, նա պիտի վեթոյի իրաւունք ունենայ, թոյլ չտալով, որ միւս ուժերը նոյնպէս քոալիցիա ձեւաւորեն: Սրանք այն խութերն էին, որ քաղաքական յարաբերութիւններով մենք ճշդած էինք»:

ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչները խօսած են նաեւ անձերու նոյնացման մասին` դիտել տալով, որ պէտք է առնուին այնպիսի քայլեր, որ ոչ ոք կարենայ ուրիշի փոխարէն քուէարկել: «Նախագծով հնարաւոր է մի տարածքից պատգամաւոր դառնայ 1000 ձայն հաւաքած մէկը, բայց այլ տարածքից 10,000 ձայն հաւաքածը` ոչ: Եթէ պիտի մնայ վարկանիշային քուէարկութիւնը, ապա ձայների հաշուառումը պէտք է հանրապետութիւնով մէկ կատարուի», շեշտած է Աղուան Վարդանեան:

Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը դէմ է, որ քաղաքացին ո՛չ թէ իր պատկանած շրջանին մէջ, այլ ընտրութեան օրը գտնուած վայրին մէջ քուէարկելու կարելիութիւն ունենայ: «Եթէ Հայաստանից դուրս քուէարկողներին պարտադրում ենք Հայաստանում քուէարկել, ապա տեղում եղողներն էլ պիտի իրենց հաշուառման վայրում քուէարկեն: Եթէ մարդն ուզում է քուէարկել, ապա թող ժամանակ եւ միջոցներ գտնի», յայտնած է ան:

Քուէարկողներու ցանկերու հրապարակման գծով Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ ստեղծել այնպիսի գործընթաց մը, որով կարելի ըլլայ ճշդել եթէ միջազգային փորձի կամ սահմանադրական դատարանի որոշման առնչուած հարց կայ: «Մենք կողմ ենք ցուցակների հրապարակմանը, բայց եթէ կան իրաւական խոչընդոտներ, ապա գտնել այնպիսի մեքանիզմներ, որոնք էապէս կը մեծացնեն ցուցակների մատչելիութիւնը», նշած է Աղուան Վարդանեան:

Ան նշած է, որ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ընտրական ցանկերու ճշգրտման խնդիրին, նաեւ անհասկնալի նկատած է դիտորդներու եւ լրագրողներու թիւի սահմանափակումը ընտրական կեդրոններուն մէջ, կուսակցութիւններու ցանկին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու պարտադիր ընդգրկումը եւ այլն, որոնց մասին յայտնած են փորձագէտներուն:

 

Նախորդը

Քեսապ – Երրորդ Տեղահանութեան Երկրորդ Տարելից

Յաջորդը

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակի Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.