Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Առնչուած Յօդուածներու Նոր Ժողովածու Մը

Մարտ 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ «Իլեթիշիմէ» հրատարակչութիւնը «Հայոց ցեղասպանութիւնը 100 տարի անց» վերնագիրով լոյս ընծայած է այն զեկուցումներու ժողովածուն, որ ներկայացուած է 2015-ին Փարիզի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակունք» կեդրոնը` հիմնուելով վերոնշեալ հրատարակչութեան կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ:

Աղբիւրին համաձայն, ժողովածուն կ՛ընդգրկէ ցեղասպանագիտութեան ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներուն զեկուցումները, որոնք ոչ միայն կը մեկնաբանեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ կ՛անդրադառնան օսմանեան տարածքներուն մէջ բնակուած միւս փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ տարուած բռնատիրական քաղաքականութեան, Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան, իրաւագիտական հարցերուն եւ այլ յարակից նիւթերու:

«Ակունք»

Nevzat-Onaran_31916yuz-yil-sonra-ermeni-soykirimi_31916Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայկական Եւ
Յունական Ունեցուածքի Թրքացումը (1914-1919)
(
Լքեալ Գոյքի Լուծարումը – 1-2)

Թրքական քաղքենիութեան կողոպտման դարաւոր պատմութիւնը…

«Էւրենսելէ» հրատարակչութիւնը հրատարակած է  երկու հատորէ բաղկացած Նեւզաթ Օնարանի նոր գիրքը, ուր կը քննարկուի թրքական ազգայնականութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը… Գիրքին մէջ կ՛ուսումնասիրուի Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան կառավարութեան «ուրիշներու» ունեցուածքի լուծարումին հիմքը եղած, տնտեսական քաղաքականութեան պատմութիւնը` սկսած 1915 թ. մինչեւ մեր օրերը:

Հետազօտութեան մէջ կը շեշտուի, որ 1920-ական թուականներուն հանրապետութեան «ազգային քաղաքականութիւնը» հիմնուած է Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան տնտեսական քաղաքականութեան վրայ, եւ հետեւաբար, կը հանդիսանայ այդ քաղաքականութեան բնական շարունակութիւնը: Միաժամանակ այս երկու գիրքերուն մէջ կը վերլուծուին, թէ ինչպէ՛ս Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին եւ հանրապետական Թուրքիոյ առաջին տարիներուն  պետութեան միջոցով իւրացուած է «ուրիշներու» գոյքը եւ կուտակուած` թուրք-իսլամական դրամագլուխը: Օնարանի աշխատութիւնը կ՛ուսումնասիրէ թրքական ազգայնականութեան «արիւնոտ» տնտեսական քաղաքականութիւնը եւ ատոր ազդեցութիւնը այդ հողերուն վրայ բնակող ոչ թուրքերու եւ իսլամներու վրայ:

Գիրքին մէջ Օնարանը օգտագործած է Թուրքիոյ կառավարութեան կից օսմանեան եւ հանրապետական արխիւային փաստաթուղթերը եւ «Ակօս» ու «Ճումհուրիյէթ» թերթերու արխիւային նիւթերը: Ուսումնասիրած է նաեւ տնտեսական քաղաքականութեան մասին օրէնքն ու դրոյթները, ինչպէս նաեւ` օրէնքի վերաբերեալ խորհրդարանին մէջ կատարուած քննարկումները:

2016/02/17

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1966)

Յաջորդը

Սուրիական Օրագրութիւն (78)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Մայիս 21, 2025
Հաւաքական Յաղթանակ
Անդրադարձ

Հաւաքական Յաղթանակ

Մայիս 21, 2025
Դաշնակցութիւնը Յաղթեց
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?