Յօդուածներ

Ակնարկ.  Բացառե՛լ Ցնցումը

Ակնարկ. Բացառե՛լ Ցնցումը

Երեւանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները կը մտահոգեն բոլորս: Համահայկական լուսարձակներու տակ են գրաւուած ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքը, գրաւողները, պատանդները, զոհի պարագան, վիրաւորները, պահանջները, պաշտօնական հաղորդագրութիւնները եւ ընթացող-չընթացող բանակցութիւնները: Մէկ կողմէ կան իրաւապահ եւ անվտանգութեան համապատասխան մարմիններու պաշտօնական հաղորդագրութիւններն ու անոնց ընկերացող կոչերը` սնուելու միայն պաշտօնական լրահոսէն, անուղղակիօրէն ապատեղեկատուութեամբ չնպաստելու համար վտանգաւոր կացութիւններու ստեղծման: Միւս կողմէ` ժողովուրդը փողոց դուրս հանելու կոչեր,...

Նշմար.  Լրջութեան Ու Գիտակցութեան Պահը

Նշմար. Լրջութեան Ու Գիտակցութեան Պահը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Յուլիս 17-ի առաւօտեան խումբ մը զինեալ անձեր գրաւեցին Երեւանի Էրեբունի շրջանին մէջ գտնուող պարեկապահակային ծառայութեան գունդի կեդրոնատեղին: Բախումներուն պատճառով սպաննուեցաւ ոստիկան մը, ուրիշներ վիրաւորուեցան եւ քանի մը ոստիկաններ կը շարունակեն մնալ պատանդի կարգավիճակին մէջ: Դէպքը ինքնին ընդվզեցուցիչ է, որովհետեւ «խրամատին» երկու կողմերուն վրայ ալ հայեր են, իսկ «խրամատ»¬ն ալ` Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ: Այս ցաւալի հարցը պէտք չէ...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Երկրագունդի Բնակչութեան Հսկայաքայլ Աճին Մեծ Հոգերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ասկէ երեք տասնամեակ յետոյ, 2046 թուականին, եթէ աննախատեսելի որեւէ աղէտ չպատահի, եւ մարդկութիւնը շարունակէ իր աճի ներկայ կշռոյթը, մասնագէտներու գնահատումով, մեր երկրագունդի բնակչութեան թիւը պիտի անցնի 9 միլիառը: Իսկ այսօր արդէն կ՛ապրինք աւելի քան 7 միլիառ մարդ ապրեցնող երկրագունդի մը վրայ, որ կը դիմագրաւէ ոչ միայն մարդկութեան թուական աճը հակակշռելու եւ համահաւասար զարգացում ու բարեկեցութիւն ապահովելու մեծ մարտահրաւէրը,...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Արամի Տունը Եւ Հայաստանի Իշխանութիւնը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Վերջերս հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն վրայ կրկին սկսան շրջանառութեան դրուելու Արամ Մանուկեանի տան (Երեւան, Արամի թիւ 9) ճակատագիրին մասին որոշ- անորոշ լուրեր, որ իբր թէ այդ շէնքին տեղ ինքնաշարժներու կայանատեղի պիտի կառուցուի: Այնպիսի շեշտադրումով, որ կարծէք, եթէ կայանատեղիի փոխարէն ըսենք` աշխատատեղի կամ տնտեսապէս այլ շահաբեր հաստատութիւն մը ըլլար կառուցուելիքը, հարցը կը փակուէր. կամ Քալիֆորնիոյ հայերէնով` ՕՔԷՅ կ՛ըլլար......

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Սլաքներ. Ինքզինք Յարգելու Խնդիր

Ս.Մ. Չորեքշաբթի, 13 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին պատկերասփիւռիս դիմաց տեղաւորուած եմ, ըստ սովորութեանս, կը սպասեմ Հայաստանէն օրուան լուրերու հաղորդումին, որ սովորաբար կը տեւէ շուրջ 30 վայրկեան: Իբրեւ առաջին լուր, ու մօտաւորապէս երեք վայրկեան, խօսնակը կը ցուցադրէ ու կը խօսի Երեւանի մէջ միջազգային ընկերութեան մը կողմէ նոր պանդոկի մը բացման մասին. շփոթի կը մատնուիմ. առեւտրական ծանուցո՞ւմ է, թէ՞ լուր...: Ուրեմն, այսօր,...

1908-ի Պոլսոյ ՀՅԴ Գրասենեակի Հետքերով

1908-ի Պոլսոյ ՀՅԴ Գրասենեակի Հետքերով

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ ՏԱՆԻԷԼ ՕՀԱՆԵԱՆ Այն բոլոր պատմական միջավայրերը, որոնց հետ կ՛առնչուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան 19-րդ ու 20-րդ դարերը վստահաբար ամէնէն կարեւորներն են: Իբրեւ ուշագրաւ քաղաքական կուսակցութիւն` ՀՅԴ-ն ներօսմանեան քաղաքական դաշտին մէջ յառաջատար դեր խաղցաւ յատկապէս 1908-ի երիտթուրքերու սահմանադրական յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք: Հակառակ անոր որ, մինչեւ այդ, ՀՅԴ-ն ունէր իր գաղտնի ու ընդյատակեայ կազմակերպական ցանցն ու հաւաքատեղիները, Պոլսոյ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Եթէ Աւետիս Ահարոնեան Այսօր Ապրէր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մեր մշակոյթի մէջ արեւը տարբեր է: Մեր բառերն արեւահամ են մեր ժողովրդի բերնում, արեւը հոտ էլ ունի: Երբ հայ տանտիկինը հագուստներ է փռում չորացնելու, ասում է` արեւի հոտ ունի: Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948) Երբ Աւետիս Ահարոնեանի անունը կը տրուի, մեքենաբար կը յիշուի «Սեւրի դաշնագիր»-ը, որ ինք ստորագրած էր` յանուն  Հայաստանի Հանրապետութեան, յաղթական դաշնակիցներուն եւ Թուրքիոյ հետ: Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը...

Վիգէն Չալդրանեանի Կոմիտասը

Վիգէն Չալդրանեանի Կոմիտասը

ԱՐՏԱՇԷՍ ԱՐԱՄ   Նախորդ ամիս «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահում կայացաւ Վիգէն Չալդրանեանի «Վարդապետի Լռութիւնը» ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը: Առաւելագոյնի սպասումը ժապաւէնի դիտումը վերածել էր իւրօրինակ ծիսակարգի: Ժապաւէնի բեմադրիչը, բեմագրութեան համահեղինակը` Վիգէն Չալդրանեանը եւ բեմագրութեան համահեղինակը` Ռուբէն Յովսէփեանը, արծարծուող նիւթին մօտեցել էին վաւերագրողի երկիւղածութեամբ: Ժապաւէն-երկխօսութիւն, ժապաւէն-խոհագրութիւն, ժապաւէն-էսսէյ: ֆիլմի անյաւակնոտ վերնագիրն իսկ` «Վարդապետի լռութիւնը», յուշում է, որ Վիգէն Չալդրանեանը իր առջեւ չի դրել հայոց...

Ակնարկ.  Էրտողանի Սլաքները

Ակնարկ. Էրտողանի Սլաքները

  Թուրքիոյ մէջ զինուորական չկայացած յեղաշրջումի ուղղութեամբ վաղ է հետեւութիւններ ընելը: Անշուշտ կան բազմաթիւ դիտարկումներ, վերլուծումներ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ, սկսած` բեմականացուած յեղաշրջման տարբերակէն, որուն նպատակը նախագահ Էրտողանի տիրական հաստատումն ու կայացումն է, վերջացած Թուրքիոյ մասնատումը առաջադրող հեռակառավարուող քաոսացման քաղաքականութեամբ: Հայկական կողմը, պաշտօնական հանգամանքները նկատի ունենալով, թէ՛ պետական, եւ թէ հասարակական առումներով զսպուածութեամբ ու երբեմն կրաւորականութեամբ մեղադրուող լռութեամբ, տեղին եւ ակնկալելի...

ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի  Հրատարակութեան 35-Ամեակը  Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 35-Ամեակի Հանդիսութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի Արտասանած Խօսքը

  ՀՄԸՄ-ի մայր կանոնագրին «Միջոցներ» բաժնին չորրորդ կէտը կը հաստատէ, որ միութիւնը իր նպատակը կ’իրագործէ «Հրատարակութիւններով, հայոց լեզուի, պատմութեան եւ ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն նպաստող մշակութային ձեռնարկներով»: Հրատարակութիւնները թերթը, գիրքը եւ ալպոմ-յուշամատեաններն են, որոնք յատուկ տեղ եւ կարեւորութիւն ունին ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ: ՀՄԸՄ-ը ի՛նք ծնունդն է թերթի մը` Պոլսոյ «Մարմնամարզ»-ին: ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները «Մարմնամարզ»-ի շուրջ բոլորուած մտաւորականներն էին` Շաւարշ Քրիսեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր...

ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի  Հրատարակութեան 35-Ամեակը  Նշուեցաւ Մեծ Շուքով

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 35-Ամեակի Հանդիսութեան Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Հայ մամուլի որեւէ ներկայացուցիչի հիմնադրութեան նշումը, մանաւանդ այս օրերուն, խորիմաստ պատգամներով, այժմէական թելադրականութեամբ ու ժամանակակից հնչեղութեամբ կը ներկայանայ մեզի: Այսօր մամուլը ընդհանրապէս կը գտնուի մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց: Օրէ օր նահանջ կ՛արձանագրէ հայ մամուլի ծառայողներու, աշխատակիցներու, խմբագիրներու եւ ընթերցողներու թիւը: Առկայ է չափանիշներու յստակ անկում եւ միջազգային մամուլը հետաքրքրական ու քաշողական դառնալու իր ճիգին մէջ այսօր սկսած է շեղիլ իր հարազատ...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Թուրքիայի Յեղաշրջումները. 1960, 1971 Եւ 1980 Թուականներ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հանրապետական Թուրքիայի պատմութեան ընթացքում (1923-ից մինչեւ այսօր) թուրքական զինուորականութիւնը` Գլխաւոր սպայակոյտը, երեք անգամ` 1960, 1971, 1980 թուականներին, տապալել է գործող կառավարութիւնները: Եւս մէկ անգամ` 1997-ին, Թուրքիայում տեղի է ունեցել անարիւն յեղաշրջում. 1997-ի յունիսին զինուորականների ճնշման տակ հրաժարական տուեց Նեճմետտին Էրպաքանի իսլամամէտ կառավարութիւնը: Աշխարհիկութիւն-իսլամ, աւելի ճիշդ` քեմալականութիւն-իսլամ պայքարն է նաեւ եղել այդ յեղաշրջումների հետեւում: 1960թ. մայիսի 27-ին Թուրքիայում տեղի...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Պունտեսթակի Թուրք Երեսփոխան. «Երիտթուրքերը Դաւաճաններ Են. Թալէաթն Ու Էնվերը` Ոճրագործներ»

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 2 յունիս 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր հանդէս եկաւ կրքոտ ելոյթով` ի պաշտպանութիւն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, միաժամանակ ընդունելով Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը այս զանգուածային ոճրագործութեան մէջ: Օզտեմիր ծնած է Գերմանիա, թուրք եւ չերքեզ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Թրքական ծագումով առաջին անձն էր, որ ընտրուեցաւ Պունտեսթակի անդամ...

Եաշար Քուրթ Թողարկել Է Իր Նոր Ալպոմը

Եաշար Քուրթ Թողարկել Է Իր Նոր Ալպոմը

Ըստ «Ակունք»-ին, իր հայ լինելու մասին միայն 40 տարեկանում իմացած յայտնի համշէնահայ ռոք երգիչը` Եաշար Քուրթ, նոր ալպոմ է թողարկել` «Համշէնի եայլաներ» վերնագրով: Քուրթը իր հետ հարցազրոյց իրականացրած «Ակօս»-ի լրագրողներից Վարդան Էսթուքեանին յայտնել է, թէ 5 տարուան ընդմիջումից յետոյ թողարկուած «Համշէնի եայլաներ» ալպոմի երգերում արտացոլուած են իր արմատների հետքերը, սեւծովեան շրջանի մեղեդիները: Յատկապէս վերջին շրջանում համշէնեան մշակոյթի եւ հայոց լեզուի`...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հետաքրքրուած Են Գիւմրիի Պատմական Շինութիւններու Վերականգնումով

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հետաքրքրուած Են Գիւմրիի Պատմական Շինութիւններու Վերականգնումով

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ հետաքրքրուած են Գիւմրիի պատմական շինութիւններու վերականգնումով: Ուաշինկթընի նահանգապետի օգնական Լիզա Հարփըրը վերջերս այցելած էր Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը` ուսումնասիրելու «Կումայրի» արգելոց թանգարանի պատմական շէնք-շինութիւնները: «Գիւմրիի մասին ընդհանրապէս չէի լսած: Այցելութենէս առաջ իմացած եմ մասնաւորապէս «Կումայրի» արգելոց-թանգարանին մասին: Ինչ կը վերաբերի արգելոցի վերակառուցման, ապա անիկա շատ իրատեսական է», ըսաւ նահանգապետին օգնականը:...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Միսաք Մեծարենց (Մեծատուրեան, 1886-1908). Գեղեցիկի Եւ Բարիի Պաշտամունքին Հանճարեղ Երգիչը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յուլիս 4-5 լուսցող գիշերը, 108 տարի առաջ, իր վերջին շունչը փչեց հայ գրականութեան ամէնէն գեղապաշտ բանաստեղծը` Միսաք Մեծարենց: Գեղեցիկի պաշտամունքը կատարելութեան հասցնող բառերու, պատկերներու, խոհերու եւ զգայնութիւններու առինքնող աշխարհ մը արարեց Մեծարենց, որ միայն 22 տարի ապրեցաւ... որովհետեւ անողոք հիւանդութիւնը վաղաժամ կտրեց անոր կեանքին թելը: Որքան ժամանակը կ՛անցնի, այնքան հայոց նորահաս սերունդներու կազմաւորման մէջ միտք ու հոգի ազնուացնող...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Երբ Տուն Մը Ժառանգող Չունենայ, Տունը Կը Վաճառուի Կամ Կը Գրաւուի…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստանէն տեղի ունեցած եւ շարունակուող արտագաղթը կարելի է դիտել դուրսէն, Փարիզէն եւ շրջակայքէն, Մարսէյէն, Նիւ Եորքէն, Լոս Անճելըսէն, Աւստրալիայէն, Նոր Զելանտայէն, լսուած եւ չլսուած անուններով քաղաքներէն: Տասնեակներով եւ հարիւրեակներով չեն համրուիր արտագաղթողները: Ոչ ոք կրնայ թուական գնահատում ընել: Անոնք բիւրաւոր են: Մեկնողները կը վաճառեն, ինչ որ ունին: «Նոր հայրենիք»-ի մէջ հին տան պէտք չունին: Տուներ ալ կան, երկրի...

Նամականի

Անդրադարձ. Լիբանանի Երբեմնի Հայկական Վարժարանները (Յուշեր)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ամէն Գնով Պէտք Է Պահպանել Մեր Բոլոր Վարժարանները` Մեր Գաղութին Ներուժը Լիբանանահայ վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն առիթով կ՛արժէ մասնաւորել Լիբանանի տարածքին հաստատուած տարագիր հայ ժողովուրդին ուսումնատենչ յատկանիշը` նորահաս սերունդներուն մէջ ազգային ու հայկական լեզուամշակութային կրթութիւն դրոշմելու` սփիւռքեան այս օտար ափերուն: Սկզբնական օրերէն, 1920-էն սկսեալ, գերմարդկային ճիգերով, տարբեր ժամանակներու, հաւանաբար հարիւրէ աւելի դպրոցներ հիմնուած են Լիբանանի 32 քաղաքներու, գիւղերու եւ...

Նշմար.  Ահաբեկչութեան Դէմ  Եւ Ոգիի Պահպանման Պայքար

Նշմար. Ահաբեկչութեան Դէմ Եւ Ոգիի Պահպանման Պայքար

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 14 յուլիսի կէս գիշերին թունուզցի մը բեռնակառքով վրայերթի ենթարկեց Նիսի մէջ Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ հրավառութիւնները դիտող ժողովուրդը: Իսկական թիրախը, սակայն, այդ անմեղ զոհերը չեն: Մոլիէրի երկիրը 2015-էն ի վեր հաւատադրժողական իսլամականներու յարձակումներուն թիրախ դարձած է, եւ պատահական չէր, որ Նիսի մէջ դժոխային ծրագիրի գործադրութեան համար ընտրուած էր Պասթիյի գրաւման օրը, որովհետեւ նպատակը հարուածելն էր Ֆրանսայի Հանրապետական արժէքները`...

Սահակ Մելքոնեանի Յիշատակին  (Մախֆար Սահակ)

Սահակ Մելքոնեանի Յիշատակին (Մախֆար Սահակ)

Անհաւատալի էր մահուանդ գոյժը բոլորիս համար, սիրելի՛ ընկեր Սահակ, սակայն իրականութիւն ըլլալէ չէր դադրեր: Չհաւատացինք, բայց եւ այնպէս ահա արդէն քառասուն օրեր անցած են, որ մեզի հետ չես: Կեանքդ չապրեցար դուն քեզի համար, այլ զայն բաժնեկցեցար ընտանիքիդ եւ ընկերներուդ հետ: Կազմեցիր ընտանիք եւ եղար հայր հինգ զաւակներու, իսկ դուն եղար զաւակը այն մեծ ընտանիքին (Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան), որուն համար ոչինչ...

Page 912 of 1110 1 … 911 912 913 … 1,110

Արխիւներ