Յօդուածներ

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Օտարում` Լեզուի Մոռացումով, Լքումով Եւ Արհամարհանքով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Հայքը Հայկ նահապետի զարմի` հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»: Հայկ Խաչատրեան, «Արտաշէս» պատմավէպ, Հայաստան, 20-րդ դար Հայաստան եւ սփիւռքներ, քաղաքական եւ մադորսական ճապկումներով, հայերէնի մոռացումը, լքումը եւ արհամարհանքը դարձած են ազգակերտման եւ ապագայի տեսակէտէ այլեւս տիրականօրէն վնասակար գործնապաշտութիւն: «Էսթեպլիշմընթ»-ները այս իրողութիւնը բարձիթողի կ’ընեն...

Սերժ Թանքեան. «Պէտք Է Որոշել Ինչպէ՛ս Դուրս Գալ Յետխորհրդային Փտած Ստորակարգութենէն»

Սերժ Թանքեան. «Պէտք Է Որոշել Ինչպէ՛ս Դուրս Գալ Յետխորհրդային Փտած Ստորակարգութենէն»

Ամերիկահայ նշանաւոր ռոք երգիչ, երգահան, «Սիսթըմ աֆ ը տաուն» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին` էրեբունիի պարեկապահակային ծառայութեան գունդի շէնքի գրաւման պատճառով: «Կարծես աշխարհին մէջ կացութիւնը դուրս ելած է հսկողութենէն, ամբողջ մոլորակի տարածքին: Պատճառներն են` այլատեացութիւնը, ծայրայեղականութիւնը եւ մոլեռանդ մտածելակերպն ու գործելաոճը», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Թանքեան: Ըստ անոր, անզէն ափրիկեցի-ամերիկացիներուն սպանութիւնները Միացեալ Նահանգներու...

Երկու «Քոյրերի» Իրական Հեքիաթը

Ուրախ Եւ Տխուր Ֆրունզիկ Մկրտչեան

Պատրաստեց` ՄԱՐԳԱՐԻՏԱ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ «Գիտեմ, որ մարդիկ ինձ սիրում են: Բայց դա նրանից է, որ ես էլ իրենց եմ շատ սիրում, բոլորին` մէկ առ մէկ: Լիաթոք ծիծաղ եմ ցանկանում ձեզ, լուսաւոր ժպիտ եւ մեծ նուիրուածութիւն դէպի արուեստը: Հայրենիքի զգացողութիւնը պահէք ձեր մէջ, ինչպէս սէրն էք պահում ձեր սրտում, հոգով ու սրտով կապուած մնացէք հող ու ջրին, հոգեւոր հարստութեանը»: Արդեօք ինչպէ՞ս մարդ կարող...

Օսմանահայեր…

Պետական Հարուածէն Ետք…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ 30 յունիս, 2015 թուակիր յօդուածիս հետեւեալ հատուածը, որ կը խօսէր Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու վաղորդայնին գոյութիւն ունեցող կացութեան մասին. «... Այս բոլորէն կը հետեւի մէկ յստակ իրողութիւն: Թուրքիան կը գտնուի քաղաքական մեծ տագնապի մը ոլորտին մէջ: Առայժմ ոչ թէժ, բայց նաեւ անգուշակելի եւ մտահոգիչ` Արեւմուտքին համար: Թուրքիոյ կայունութեան խախտումը յղի է ծանր հետեւանքներով` ամբողջ տարածաշրջանի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի, Յուլիս Ա. – Մեր Վերականգնումի Ատաղձը

Սուրիական պատերազմի վեցերորդ տարին թեւակոխեցինք: Անցնող տարիներուն հայկական վարժարանները դէմ յանդիման գտնուեցան բազում դժուարութիւններու: Տնտեսական, կենցաղային դժուարութիւնները մասամբ յաղթահարուեցան, սակայն պատերազմի շարունակուող թոհուբոհը պատճառ հանդիսացաւ գաղութի, այնուհետեւ աշակերտութեան թիւի եւ ուսուցչական մարդուժի նօսրացման: Ասիկա մեր ընդհանրական ցաւը եղաւ, սակայն հայկական վարժարանները շարունակեցին մարդակերտումի, հայակերտումի իրենց առաքելութիւնն ու, բաղդատաբար երկրիս այլ վարժարաններուն, ուսումնական բարւոք մակարդակի պահպանումը: Նախորդ օրերուն շրջանաւարտ հունձքերու կազմակերպուած...

Պատմական Անին Կ՛ընդգրկուի Համաշխարհային Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ

Պատմական Անին Կ՛ընդգրկուի Համաշխարհային Մշակութային Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ

«Ակունք» Պոլսոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշակութային ժառանգութեան կոմիտէի 40-րդ նստաշրջանը, որուն ընթացքին կատարուած քուէարկութեան արդիւնքով Անի քաղաքը ընդգրկուեցաւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ: Յիշեցնենք, որ 2012 թուականին Անին ընդգրկուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին մէջ: Թուրքիոյ ներկայացուցիչը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Անի հին քաղաքը Թուրքիոյ տարածքին գտնուող 16-րդ շրջանն է, որ կ՛ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային...

Թուրքիա.  Յեղաշրջո՞ւմ, Թէ՞… Բեմադրութիւն

Թուրքիա. Յեղաշրջո՞ւմ, Թէ՞… Բեմադրութիւն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ստորեւ կը ներկայացնենք Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման ձախող փորձին մասին հայ եւ օտար քաղաքական գործիչներու, մեկնաբաններու, լրատու միջոցներու, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու միջոցով արտայայտուողներու կարծիքներէն հատուածներ: Նկատի ունենալով, որ Թուրքիոյ մէջ յաջող բեմադրութիւններ կ՛ըլլան, օրինակ` Էրտողան կամուրջին վրայ «պատահմամբ» կը փրկէ անձնասպանութիւն «փորձող» մարդ մը, քիչ չեն անոնք, որոնք կ՛ենթադրեն, թէ յեղաշրջումը բեմադրուած էր... Նախ` հայ ...

Ակնարկ.  Չխանգարել Բանակցութիւնները

Ակնարկ. Չխանգարել Բանակցութիւնները

Դրական պէտք է ընկալել երկկողմանիօրէն` իրաւապահ մարմիններու եւ զինեալ գործողութիւնը իրականացնողներու լռութիւնը: Երեւոյթը պէտք չէ վերագրել անպայման կապի խզումին, նոր դաւադրութիւններու մշակման կամ գործողութեան վերջ տալու նպատակով նախապատրաստուող յարձակման: Ոչ ալ` հիւծել-յանկարծակիօրէն գրոհել տարբերակին: Երբ համեմատաբար լուռ են կողմերը, կը նշանակէ, որ բանակցութիւններ կան, իսկ այդ բանակցութիւններուն փակագիծերը չեն բացուիր, որովհետեւ մարդոց ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է, որովհետեւ կայ յայտնապէս արիւնահեղութիւնը...

«Արտաքին Աշխարհը Դիւրին Է Վերաշինել, Բայց Քանդուած Ներաշխարհները Դժուար Կը Վերականգնին», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հալէպահայ Բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեան

«Արտաքին Աշխարհը Դիւրին Է Վերաշինել, Բայց Քանդուած Ներաշխարհները Դժուար Կը Վերականգնին», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հալէպահայ Բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ 21 յուլիս 2016-ին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մարդկային իրաւունքներու «Քարամէ» շարժապատկերներու փառատօնին պաշտօնական բացումը: Առաջին ցուցադրութիւնը պիտի ըլլայ հալէպահայ բեմադրիչ Աւօ Գաբրիէլեանի «Տուներ`  առանց դռներու» ժապաւէնը, որ ներկայացուած է Պերլինի միջազգային շարժանկարի «Պերլինար» փառատօնին, ինչպէս նաեւ` Փրակայի «Մէկ աշխարհ» մարդկային իրաւունքներու վաւերագրական շարժանկարի փառատօնին եւ գնահատուած է միջազգային լայն շրջանակներու կողմէ: Շարժապատկերը կը ներկայացնէ Նոր Գիւղ...

«Աշխատած Ենք Տարբեր Երկիրներու Հետ, Բայց Այսպիսի Բարձր Գնահատանքի Արժանացած Ենք Միայն Հայաստանի Մէջ», Կ՛ըսէ Մարիամ Զաքի

«Աշխատած Ենք Տարբեր Երկիրներու Հետ, Բայց Այսպիսի Բարձր Գնահատանքի Արժանացած Ենք Միայն Հայաստանի Մէջ», Կ՛ըսէ Մարիամ Զաքի

18 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող «Ո՞վ սպաննեց հայերը» արաբերէնով առաջին փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որուն հեղինակները պատկերասփիւռի եգիպտացի լրագրողներ Մոհամետ Հանաֆի եւ Մարիամ Զաքի ամուսիններն են: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են 20-րդ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող լուսանկարներ եւ արխիւային նիւթեր, ցեղասպանագէտներու, պետական եւ հոգեւոր գործիչներու տեսակէտներ: Նկարահանումները տեղի ունեցած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ: Ողջունելով...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Հանդիսութիւն Նուիրուած Սուրիահայ Ընդհանուր Նահատակաց Եւ Րաֆֆի Պչաքճեանի Աւստրալիա 10 յուլիսին, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս.  պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` սուրիահայ նահատակներու հոգիներուն եւ հալէպահայութեան ապահովութեան ընդհանուր պատասխանատու, նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան քառասունքին առիթով: Այնուհետեւ Ուիլուպիի Հայ մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հոգեճաշ: Պարթեւ քհնյ. Գարագաշեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք, օրուան  հանդիսավար Ալին...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Վիզի Ցաւ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Վիզի ցաւը հիւանդութիւն մը չէ, այլ` ախտանշան մը, որ կը յայտնուի շատ մը հիւանդութիւններու եւ անբնական երեւոյթներու պատճառով: Ժողովուրդին 25 տոկոսը կը գանգատի վիզի ցաւէ: Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ երկու սեռերու մէջ, առանց խտրութեան: Վիզի ցաւը լաւապէս հասկնալու համար պէտք է գիտնանք վիզի կազմուածքը: Գանկ եւ պարանոցային ողնայար Վիզը կազմուած է ողնայարի պարանոցային (cervical)...

Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ

Այսօրը

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Հայկական այսօրը տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը պատահի աներեւակայելին: Կը պատահի այն, որ Արցախի բանակցութիւններու ըստ երեւոյթին ամէնէն ճակատագրական հանգրուանին, ոմանք իրենց ընթացքով կը յաջողին հայկական ներքին կեանքը աննախընթաց կերպով պառակտել: Յանցաւորներ մատնանշելու համար չէ, որ ցաւով կը գրենք այս քանի մը տողերը: Ատիկա աւելի ուշ ընելը թէ՛ աւելի խելացի է, թէ՛ աւելի օգտակար: Հիմա այս...

Յեղաշրջումի Փորձով  Ձերբակալուած Են Շուրջ 6000 Անձերշ  Էրտողան Թուրք Ժողովուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Ամբողջ Շաբաթ Մը Չհեռանալու Փողոցէն

Նշմար. «Աստուծոյ» Պարգեւը` Էրտողանին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 15 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք, երկրին մէջ շղթայազերծուած ձերբակալութիւններու ալիքի ծիրին մէջ ձերբակալուածներուն թիւը հասաւ 6000-ի: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր յեղաշրջումի զոհերուն յուղարկաւորութեան ընթացքին ժողովուրդին կոչ ուղղեց` ամբողջ շաբաթը չհեռանալու փողոցէն, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ ձերբակալութիւններու արշաւի առնուազն ներկայ փուլը պիտի երկարի մէկ շաբթուան վրայ: Այն ինչ որ այսօր...

Ներքին Ճակատի Կացինը. Ընտանեկան Բռնութեան Հարցը Հայաստանի Մէջ

Ներքին Ճակատի Կացինը. Ընտանեկան Բռնութեան Հարցը Հայաստանի Մէջ

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ Նախանցեալ շաբաթ  Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մարդասպանութեան դէպքով մը Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան հարցը դարձեալ լուսարձակի տակ առնուեցաւ: Ուրբաթ,  8 յուլիսին, Վլադիկ Մարտիրոսեան անունով քաղաքացի մը կացինահարած էր իր կինը, աներն ու զոքանչը` սպաննելով վերջինս եւ ծանրօրէն վիրաւորելով միւսները: Ըստ շրջանառութեան մէջ եղող նախնական տեղեկութիւններուն, Վլադիկ, որ քանի մը տարիէ բաժնուած է իր կնոջմէ`Թագուհիէն, Արցախէն Երեւան կու գար...

Խօսք Յիշատակի

Խօսք Յիշատակի

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Հող մտնել` արդար վաստակ մը ետին թողած ըլլալու գիտակցութեամբ: Այս գիտակցութիւնը խաղաղութիւն բերած պէտք է ըլլայ ընկեր Քրիստափոր Բագրատունիի հոգիին, երբ ան կը մաքառէր հիւանդութեան դէմ: Մենք գիտենք ու վստահ ենք, որ ինք եւս գիտէր, որ լրիւ կատարած էր իր պարտականութիւնները իր կուսակցութեան, եւ անոր ճամբով` իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ: Երիտասարդական տարիներու իր շրջապատով, Դրոյի, Վրացեանի, Սասունիի...

Սարգիս Կիրակոսեան

Սարգիս Կիրակոսեան

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Արդէն տարի մը անցաւ այն օրէն, երբ մահուանդ բօթը լսեցինք: Անողոք հիւանդութիւնը չարչարած էր մարմինդ եւ հոգիդ, սակայն քու լաւատես եւ անմեղ ժպիտովդ կը դիմագրաւէիր ցաւերդ: Փաստօրէն ճակատագիրդ այդպէս էր եւ կանուխ հեռացար: Ազգային, կուսակցական, միութենական, կրթական, մշակութային եւ գրական վաստակդ մեծ էր: Բոլոր մակարդակներու վրայ պերճախօս եւ ուղղամիտ Սարգիս Կիրակոսեանի բացակայութիւնը զգալի է մեր կեանքին մէջ: Ձեռնարկի...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 117.  Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի «2015-Հայ Վիճակը Յետհայեցութեամբ Եւ Նախահայեցութեամբ-Վերլուծում Մը» Գիրքին Ներկայացումը

2015- Հայ Վիճակը Յետահայեցութեամբ և Նախահայեցութեամբ – Վերլուծում մը 2015 -The Armenian Condition in Hindsight and Foresight – A Discourse Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

Կ'ըսեն թէ նամակը իր հասցէէն կը կարդացուի, նոյնն է նաև գիրք մը: Որովհետև, իր կարգին ան ալ նամակին նման՝ խօսք մը, պատգամ մը է գրուած որոշ նպատակով մը, որոշ ժամանակի մը մէջ, և ուղղուած որոշ անձի-խումբի մը:  Ճիշդ է որ Եղեռնի Հարիւրամեակին առիթով գրուած է  այս գործը, սակայն անիկա կը վերաբերի ամբո՛ղջ հայ վիճակին բոլոր ժամանակներու և տեղերու մէջ:  Իբրև...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը Ճամբար Կազմակերպած Է Նոր Նորքի Մէջ Արդէն 15 տարի է, որ Երեւանի, հանրապետութեան տարբեր մարզերու եւ Արցախի մէջ ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչները բակային ճամբարներ կը կազմակերպեն եւ մասնակիցներուն կը սորվեցնեն ազգային պարեր ու երգեր, կու տան հայոց պատմութեան դասեր: Այս տարի եւս ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան անդամները կազմակերպած են ճամբար` Նոր Նորք վարչական...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Խորհրդային Ուժերու Հեռացումը Եւ Հայ-Ազերի Բախումները

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խորհրդային Ուժերու Հեռացումը Եւ Հայ-Ազերի Բախումները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Խորհրդային Միութեան լուծարքով (25 դեկտեմբեր 1991-ին), ինչպէս նաեւ Անկախ հանրապետութեանց հասարակապետութեան ստեղծումով ծայր առած իրադարձութիւնները իրենց շեշտակի անդրադարձը ունեցան նաեւ Արցախի վիճակին վրայ: Արցախէն եւ շրջակայքէն խորհրդային ուժերու հեռացումը ընթացք առաւ 1991-ի վերջին օրերուն, հայերն ու ազերիները ձգելով դէմ դիմաց: Խորհրդային ուժերու հեռացման պայմաններուն տակ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պաշարեցին Աղտամի եւ Գանձակի այն կեդրոնները, ուր կը գտնուէին խորհրդային ուժերու...

Page 911 of 1110 1 … 910 911 912 … 1,110

Արխիւներ