Յօդուածներ

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը – (Ա.) Եւ Անկէ Անդին  Ուրեմն, Բան Մը Կրնա՛նք Ընել…

Ակնարկ. Տալիք Հող Չունինք, Իսկ Առնելիք` Շա՛տ

 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի սահմանային գօտիներուն մէջ արձանագրուած ծանօթ ճակատումներէն ետք, բանակցութեանց ու անոնց մասին մեկնաբանութիւններու սակարանը բաւական ելեւէջ արձանագրեց Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած ծանօթ հանդիպումներուն լոյսին տակ` վերաքաղի ենթարկելով մատրիտեան ու նման հանգրուաններու թղթածրարները: Բանակցային եռուզեռին մասին Պաքուէն «սպրդում»-ները հերքուեցան պաշտօնական Երեւանի կողմէ` «այդպէս չէ» իմաստով լակոնական բառերով, սակայն դիւանագիտական սեղաններու շուրջ եւ քուլիսներու մէջ...

Նախադպրոցական Տարիքի Երեխաներու Երաժշտա-Գեղագիտական Դաստիարակութիւնը

Նախադպրոցական Տարիքի Երեխաներու Երաժշտա-Գեղագիտական Դաստիարակութիւնը

ԳԱՅԵԱՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ-ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ Ժամանակակից երեխաները կը շրջապատէ հնչիւններու հարուստ աշխարհ, որուն աղբիւրը կը հանդիսանան` պատկերասփիւռը, ձայնասփիւռը, համացանցը... Երեխաները կ՛ունկնդրեն բազմատեսակ երաժշտութիւն` ընկալելի եւ ոչ ընկալելի իրենց հասկցողութեան, որ յաճախ նախատեսուած չէ իրենց տարիքին: Այս պատճառով երաժշտա-գեղագիտական դաստիարակութիւնը նախադպրոցական հաստատութիւններու մէջ պէտք է ըլլայ նպատակադրուած: Գեղագիտական կրթութիւնը նպատակաուղղուած, համակարգուած ընթացքն է երեխայի անհատականութեան ազդեցութեան վրայ: Անոր նպատակն է զարգացնել երեխային ունակութիւնը` տեսնելու...

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատանքներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատանքներ

«Արի Տուն» Ծրագիրի Երկրորդ Փուլի  Փակման Հանդիսութիւն Աւանդական խարոյկով ազդարարուեցաւ «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի աւարտը: 1 յուլիսին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, նախարարութեան աշխատակիցներ եւ հիւրեր: Սփիւռքի նախարարին անունով ողջունելով «Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները` նախարարին տեղակալը մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛...

Քաղաքակրթական Տարբերութիւններ

Սլաք. Թուրքիոյ Արտաքին Քաղաքականութիւնը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 2014 սեպտեմբերին թրքական «Հիւրրիէթ» թերթի խմբագիրներէն Պուրաք Պեքթիլը իր մէկ յօդուածին մէջ ակնարկելով ՏԱՀԵՇ-ի ստեղծման եւ զարգացման մասին` կ՛ըսէր, որ Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած այս շարժումը «Ֆրանքշթանեան հրէշ» է, որ ոչ միայն դէպի Սուրիա թափանցելու մէջ ազատութիւն ունի, այլ նաեւ ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին ազատ եւ անկաշկանդ գործունէութիւն ծաւալած է: Յօդուածագիրը կը պնդէ, որ պաշտօնական Անգարան կազմակերպութեան ստեղծման մէջ պատասխանատու...

Մեր Ճամբորդութիւնը Դէպի Լիբանան

Մեր Ճամբորդութիւնը Դէպի Լիբանան

ՆԱՅԻՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ-ՊԱԼԱՆԵԱՆ Լիբանան գացինք` այցելելու մեր հարազատներուն մասնաւորապէս, որովհետեւ մեր սանուհին` Լոռին, զոր մկրտած էինք մէկ տարեկանին, հինգ տարիներ առաջ, կը գանգատէր, որ ինք իր կնքահայրն ու կնքամայրը չէր ճանչնար: Շատ հանգիստ ճամբորդութենէ մը ետք, բացի Փարիզի «Շարլ տը Կոլ» օդակայանի մասէն, որ այնքան բարդ ու հսկայ օդակայան մըն է, որ նոյնիսկ մեզի պէս յաւիտենական ճամբորդներու համար ալ դժուար էր,...

Յուշատետր.  Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (388).  Երկու Ցուցամատները

Յուշատետր. Առաջինը Ես Չեմ

Ռ. Հ. Եղանակը  ցուրտ էր: Միջոցէ մը ի վեր երկինքը ամէն օր ամպամած  էր, կ՛ապրէի արեւ տեսնելու կարօտը: Չորեքշաբթի առաւօտ մը, երբ աչքերս բացի, տեսայ, որ դուրսը լուսաւոր էր: Երկինքը կասկապոյտ էր, ու արեւը կամաց կամաց կը բարձրանար հորիզոնէն: Ուրախացայ: Անդրադարձայ, թէ արեւը որքան գեղեցիկ էր մեզի համար, եւ թէ ան ինչպիսի կարեւոր դերակատարութիւն մը ունէր մեր ֆիզիքական գոյութեան մէջ:...

«Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»-ը Միայն Լոզունգ Չէ

«Ո՛չ Մէկ Թիզ Հող Հակառակորդին»-ը Միայն Լոզունգ Չէ

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին յաջորդող օրերուն թէ՛ հայ բանակի զինուորականները, թէ՛ կամաւորները «Ո՛չ մէկ թիզ հող հակառակորդին» եզրը լոզունգի նման գործածեցին տպագիր եւ եթերային մամուլի թղթակիցներուն. միւս կողմէ, մեր քաղաքական-դիւանագիտական վերնախաւը ընդունելէ ետք ազրպէյճանական կողմէն եկած զինադուլի առաջարկը, սկսաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդներուն կողմէ խմբագրուած Մատրիտի (յուլիս 2007) եւ ապա Քազանի (յունիս 2011), գրեթէ համաձայնեցուած, բայց ձախողած հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Երեւանի կեդրոնը, Արամ 9 փողոցի վրայ կը գտնուի կիսաւեր շէնք մը, որ տարիներէ ի վեր լքուած է անհոգատար: Շէնքին վիճակը վթարային է: Շէնքին յատակը, միջնայարկն ու տանիքը քանդուած են: Կը մնայ պատերուն մէկ մասը: Պատերու ներքեւի տարածքը վերածուած է աղբանոցի: Այսպիսի շէնքերու յաճախ կը հանդիպինք այլ քաղաքներու մէջ եւս: Բնական երեւոյթ է, երբ անցեալին ճոխ ու շէն կառոյցի...

Նամականի

Նամականի

Ստորեւ տեղ կու տանք Գէորգ Թորոյեանի նամականիին` միաժամանակ անհրաժեշտ նկատելով ընդգծել, որ չենք բաժներ այնտեղ խմբագրուած որոշ բացարձակացումի գացող միտքեր, յատկապէս այն, որ «Մեր դպրոցներու հանդէսները աւելի նման են երգ ու պարի շոուերու»: Որոշ բացթողումներով հանդերձ, մեր դպրոցներու հանդէսները ընդհանրապէս առնչուած են հայ մշակոյթի եւ երգի այս կամ այն երեւոյթին հետ: Յարգարժան խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի Վերջին տարիներուն ամէն առիթի կը...

Ճնշուածութենէ Զերծ Չափահաս Երեխաներ

Ճնշուածութենէ Զերծ Չափահաս Երեխաներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ամբողջ աշխարհի մէջ, մանաւանդ` ամառնային արձակուրդներու շրջանին, քիչ չեն այն ընտանիքները, որոնք  իրենց երեխաները բանակումներու կը ղրկեն, արտատնային գործունէութեան: Մեր հայկական իրականութեան մէջ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի հայկական բոլոր գաղութները, տարիներէ ի վեր սկաուտական շարժումներով, պատանեկան, երիտասարդական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու միջոցով նման շատ անհրաժեշտ բանակում- հաւաքներ կը կազմակերպեն, որոնց դրական արդիւնքներն ու արձագանգը անշուշտ նորութիւն չէ: Սակայն...

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 30-րդ Հունձքը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 30-րդ Հունձքը

Ուրբաթ, 24 յունիս 2016-ի երեկոյեան Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ կայացաւ քոլեճի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Ազգային իշխանութեան եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, խնամակալութեան, ուսուցիչներուն, քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբի եւ Շրջանաւարտից միութեան անդամներուն, աւարտական դասարանի աշակերտներու  ծնողներուն ու հարազատներուն: Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ շրջանաւարտներու կատարողութեամբ   ներկայացուած` Լիբանանի,...

«Հեքիաթներու Աշխարհ»-ով Ծաղիկներ Հրաժեշտ Տուին Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզին

«Հեքիաթներու Աշխարհ»-ով Ծաղիկներ Հրաժեշտ Տուին Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզին

Շաբաթ, 18 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Յառաջ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, վարժարանիս խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու ու բարեկամներու: Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման...

Հարցազրոյց` Դոկտ. Սվանթէ Լունտկրենի Հետ

Հարցազրոյց` Դոկտ. Սվանթէ Լունտկրենի Հետ

Երէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց «Քրիստոնեաներու օսմանեան ցեղասպանութիւն» շուէտերէն գիրքի հեղինակ, Շուէտի Լունտ համալսարանէն աստուածաբանութեան դոկտոր Սվանթէ Լունտկրենին հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմն է կարեւոր, թէ՞ յիշողութեան պահպանումը` դոկտ. Լունտկրեն յայտնեց, որ երկուքն ալ կարեւոր են եւ իրարու զուգահեռ կ՛ընթանան: Ան նշեց, որ պարտաւոր ենք յիշել...

ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 400 Թիւերու Հրատարակութեան Սխրանքը

ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 400 Թիւերու Հրատարակութեան Սխրանքը

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ ՀՄԸՄ-ի հայելին, պաշտօնաթերթը «Մարզիկ» ամսաթերթն է, որ 35 տարիէ լոյս կը տեսնէ անխափան, 400 թիւերու ծանրութեամբ, զոհողութեամբ, յարատեւութեամբ, անկարելին կարելի դարձնող յամառութեամբ եւ այն բոլոր տուեալներով, որոնք թերթ մը կը պահեն թերթ: 35 տարի կ՛ըսենք, ու չեն երեւիր տարիներու յոգնութիւնը, թափուած ճիգը, աշխատանքը եւ նուիրումը բոլոր անոնց, որոնք հիմնադիրները եղան, կամ անոնց հետ, ու անոնցմէ ետք` շարունակողները եղան...

Հաշուեյարդար  («Մարզիկ»-ի Հրատարակութեան 35-Ամեակին Առիթով)

Հաշուեյարդար («Մարզիկ»-ի Հրատարակութեան 35-Ամեակին Առիթով)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «Մարզիկ»-ի 400-րդ Թիւի Յոբելենական տարեդարձները ձեւական խանդավառութեան առիթներ չեն: Ծափի եւ ողջոյնի առիթներ չեն: Որքան ալ սիրենք խանդավառութիւնը եւ հաւատանք անոր կարեւոր դերին` հաւաքական մեր կեանքին մէջ, պէտք է հաշուեյարդարը կատարել մեր անցեալի գործունէութեան: Պէտք է փորձել այդ անցեալէն դէպի ապագայ երկարող ճամբուն վրայ խարխափումներէ խուսափիլ եւ յստակ նպատակներու ձգտիլ: Այս տեսակէտով, «Մարզիկ»-ի հրատարակութեան 35-ամեակին եւ 400-րդ թիւի հրատարակութեան...

«Մարզի՞կ», Թէ՞… Մարտիկ

«Մարզի՞կ», Թէ՞… Մարտիկ

 ԳՐԻԳՈՐԻՍ ՊՈՂԱՐԵԱՆ «Մարզիկ»-ի 400-րդ թիւն է այս: 400-ը սովորական ու թերեւս ալ աննշան թիւ մը կարելի է նկատել տպագիր մամուլի որեւէ ներկայացուցիչի համար, եթէ ան օրաթերթ կամ շաբաթաթերթ է եւ կամ, այլապէս, լոյս կը տեսնէ զուտ շահադիտական մօտեցումով: Նման նկատառումներ սակայն ո՛չ մէկ աղերս ունին «Մարզիկ»-ին հետ, որ 34-ամեայ իր երթը կը պարտի հաւատաւորներու հոյլի մը անշահախնդիր եւ ամբողջական նուիրումին:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

 Պատրաստեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Եւրոպա Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումը Պելճիքայի Մէջ Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ Վերջերս ՀՅԴ Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն եւ տեսակցեցաւ դեսպան Ռիւտիկեր Լիւտեքինկի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան, ՀՅԴ Պելճիքայի...

Ակնարկ.  Պաքուի Ոճային Եւ Եզրաբանական  Փոփոխութիւնները

Ակնարկ. Պաքուի Ոճային Եւ Եզրաբանական Փոփոխութիւնները

Արցախեան հարցին ուղղութեամբ Ազրպէյճանի նախագահին ելոյթը իր երկրի կառավարութեան նիստին, շատ արագ հայեացքով քանի մը մտածում կ՛ուրուագծէ: Բայց նախ` Ալիեւի ամփոփած բանաձեւը, որուն մէջ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել բովանդակայինին առընթեր ոճին եւ օգտագործուած քաղաքական եզրաբանութեան: «Հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի կարճ ժամանակուան ընթացքին, սթաթիւս քոն պէտք է փոխուի: Հակամարտութեան լուծման միակ տարբերակը փուլային տարբերակն է»: Շարունակելով մնալ իր առաւելապաշտական պահանջներու...

«Բարոյական Յեղափոխութի՞ւն»

«Բարոյական Յեղափոխութի՞ւն»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Եօթանասուն եւ մէկ տարիներ առաջ երկինքէն տեղաց մահը, եւ աշխարհ փոխուեցաւ»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ  Պարաք Օպամայի մէկ ակնարկը` Ճափոնի մէջ Հիրոշիմա քաղաքի յուշակոթողին առջեւ, մայիս 2016-ին: Հոն, երբ 1945-ին հիւլէական ռումբի արձակումը պատճառեց հազարաւոր զոհեր ու քանդեց քաղաքը: «Եթէ ներկայ ճարտարարուեստի յառաջխաղացքին զուգահեռ չզարգանայ մարդկային հեղինակութիւնը, ապա ան կրնայ աղէտալի վիճակներու հասցնել աշխարհը», շարունակեց նախագահը: Եւ այս...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մինչեւ Ե՞րբ

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ Մեր գաղութը կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ հիմնականը օտարացումն է եւ` հայկական սովորութիւններէ հեռացումը: Օտարացումի պատճառները բազմատեսակ եւ բազմաթիւ են, որոնց վերջին հորիզոնականը կը գրաւէ օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու թիւի բարձրացումը: Հայ մանուկը փոքր տարիքէն հեռու մնալով հայկական միջավայրէ` բնական ընթացքով կը հեռանայ հայկականութենէ եւ օտարացումի ճամբան կը բռնէ: Հոս պէտք է հաստատել հայկական դպրոցին անշրջանցելի դերակատարութիւնը...

Page 913 of 1110 1 … 912 913 914 … 1,110

Արխիւներ