Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամի Տունը Եւ Հայաստանի Իշխանութիւնը

Յուլիս 19, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

0716pizza21

Վերջերս հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն վրայ կրկին սկսան շրջանառութեան դրուելու Արամ Մանուկեանի տան (Երեւան, Արամի թիւ 9) ճակատագիրին մասին որոշ- անորոշ լուրեր, որ իբր թէ այդ շէնքին տեղ ինքնաշարժներու կայանատեղի պիտի կառուցուի: Այնպիսի շեշտադրումով, որ կարծէք, եթէ կայանատեղիի փոխարէն ըսենք` աշխատատեղի կամ տնտեսապէս այլ շահաբեր հաստատութիւն մը ըլլար կառուցուելիքը, հարցը կը փակուէր. կամ Քալիֆորնիոյ հայերէնով` ՕՔԷՅ կ՛ըլլար…

Իմ գաղափարակից ընկերներէս իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեանի «Արամ Մանուկեանի տունը եւ Հայաստանի կառավարութեան սահմանադրական պարտաւորութիւնը» խորագիրով յօդուածը (լոյս տեսած Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի վերջին համարին եւ Yerkir.am կայքին վրայ) հարցին կը մօտենայ թէ՛ ազգային արժէքներու տիրութիւն ընելու եւ թէ՛ օրինական-օրէնսդրական տեսանկիւններէն, բացատրելով, թէ ՀՀ օրէնքներու ո՛ր տրամադրութիւններուն հիման վրայ Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ (եւ պարտաւոր է) վերատիրանալ Արամ Մանուկեանի տան:

Անկախութեան յաջորդած տարիներուն «զարմանահրաշ» բաներ պատահեցան Հայաստանի մէջ:

Պետական ինչքերը սեփականաշնորհելու (երբեմն ալ` ազգային հարստութիւնը կողոպտելու) խօլ արշաւին մէջ ՀՀ իշխանութիւնները վաճառքի հանեցին նաեւ ազգային արժէք ներկայացնող կառոյցներ: Ասոնց շարքին` Արամի տունը եւ… առաջին հանրապետութեան կառավարութեան շէնքը, որ կը գտնուի Տիգրան Մեծ եւ Հանրապետութիւն փողոցներուն անկիւնը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի շէնքին դիմացը: Կարծէք առաջին կառավարութեան շէնքին վաճառքին ստեղծած վիրաւորանքը չէր բաւեր, հոն տեղաւորուեցաւ… փիցայի ճաշարան մը` իր հսկայ ցուցանակով, այս անգամ… իբրեւ անարգանք:

Հիմնական յանցաւորը անշուշտ նշեալ շէնքը գնողը չէ, հոն ճաշարան հաստատած գործարարը չէ, այլ` ՀՀ օրուան իշխանութիւնները, որոնք պատմական արժէք ունեցող այդ կառոյցին հետ ոչ միայն արժեզրկեցին   իրենց ազգային-բարոյական դիմագիծը, այլ նաեւ խոցեցին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին ազգային արժանապատուութիւնը:

Այս օրերուն Արցախի հարցով ճնշումները սկսած են ուժեղանալու Հայաստանի վրայ: Ընդհանուր դրուածքը` հողային զիջումներ կորզել մեզմէ, Արցախի կարգավիճակին մասին անորոշ ու մշուշապատ «խոստումներու» փոխարէն:

Նոյն այս ծիրէն ներս մանրամասնութիւն պէտք չէ համարուի Լաւրովի Պաքու այցելութիւնը եւ այդ ալ` առանց Երեւանը նկատի ունենալու իր ժամանակացոյցին վրայ: Ոչ ալ մանրամասնութիւն է Ազրպէյճանին զէնքեր վաճառելու ռուսական նոր խոստումը` Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխինին կողմէ:

Հայկական կողմին համար հաշուի առնուելիք են նաեւ ազրպէյճանական օդուժի ռազմափորձերը` սահմանագիծէն միայն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Անկախ անկէ, որ հայկական դիւանագիտութիւնը ինչպէս կը նաւարկէ այս խութերուն մէջէն (եւ ասիկա ամբողջութեամբ տարբեր վերլուծումի կը կարօտի), մէկ բան կայ նաեւ, որ ՀՀ իշխանութիւնները պարտաւոր են ընելու: Այդ ալ հայութեան ազգային հաւաքական կամքը ուժեղացնելն է, որ ուղղակի կ՛առնչուի մեր այսօրուան նիւթին:

Այս մէկը անորոշ ու վերացական միտք չէ եւ անհրաժեշտ է այս ուղղութեամբ անյապաղ քայլեր առնել, որովհետեւ ազգային հաւաքական կամքի ուժեղացումը նաեւ կ՛ամրապնդէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ յարգանք կը պարտադրէ անոր նկատմամբ:

DSC01251

Այս պահուս մեզ բնաւ չի հետաքրքրեր, թէ Արամի տան հողամասին վրայ ի՛նչ պիտի կառուցուի. ինքնաշարժներու կայանատեղի՞, թէ՞ փիցայի ճաշարան: Հիմնականը այն է, որ`

ԱՌԱՋԻՆ, այս տունը`

Ա) Օրինական ձեւով իր սեփականատէրէն պէտք է ետ առնուի եւ

Բ) Վերածուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի տուն-թանգարանի:

ԵՐԿՐՈՐԴ, նոյն տրամաբանութեամբ եւ դարձեալ օրէնքի ճամբով` ազգայնացնել

առաջին հանրապետութեան շէնքը եւ զայն վերածել նոյն այդ հանրապետութեան թանգարանի:

Եւ վերջապէս ԵՐՐՈՐԴ,

Կառավարութեան մակարդակով որոշել` Արամ Մանուկեանի մեծադիր արձանը տեղադրել Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պատմութեան թանգարանի շէնքերուն եռանկիւնէն ներս (թէ ճիշդ ո՛ւր` այդ մէկը այլեւս գեղագիտական-ճարտարապետական խնդիր է):

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման հարիւրամեակին մնացած է նուազ քան երկու տարի, ինչ որ տրամաբանական ժամկէտ է այս իրագործումներուն համար: Սակայն էականը այժմէն իսկ այս որոշումները կայացնելն է` իրագործման թիրախ ունենալով 28 մայիս 2018 թուականը:

Անկէ ետք, թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր տիկին Մարիա Զախարովա (կամ Արեւմուտքի իր պաշտօնակիցները) կը հաւնի՞, չի՞ հաւնիր, կ՛ընդունի՞, թէ՞ կ՛ընդվզի, իր կամ իր գերադասին խնդիրն է. Նժդեհի արձանին օրինակով:

Այս որոշումներու գործադրութենէն ետք հայրենաբնակ ժողովուրդը, սփիւռքէն Հայաստան այցելողները, մեր դպրոցական երեխաներն ու պատանիները` սփիւռքէն թէ Հայաստանէն, երկիւղածութեամբ պիտի մտնեն այս թանգարաններէն ներս եւ ազգային հպարտութեան զգացումներով դուրս պիտի ելլեն, իսկ օտարները` Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ յաւելեալ յարգանքով:

Այս զոյգ թանգարանները եւ արձանը աւելի դիպուկ պիտի դարձնեն նաեւ հայկական բանակին «թոփ-թֆանք»-ը: Եւ այս ամբողջութեան մէջն է, որ մեր շրջապատին համարձակօրէն եւ իրաւամբ կրնանք ըսել` «Մեր դէմ խաղ չկա՛յ»:

Այնպէս որ, Հայաստանի ու հայութեան համար լուրջ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար կարեւոր է մեր ազգային հաւաքական կամքին եւ հետեւաբար նաեւ` հայկական գերիշխանութեան ուժեղացումը:

Կը սպասենք Հայաստանի իշխանութիւններուն արձագանգին: Գնդակը իրենց դաշտն է:

Լոս Անճելըս
14 յուլիս 2016

vproodian@gmail.com

 

Նախորդը

Սլաքներ. Ինքզինք Յարգելու Խնդիր

Յաջորդը

Երկրագունդի Բնակչութեան Հսկայաքայլ Աճին Մեծ Հոգերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?