Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պունտեսթակի Թուրք Երեսփոխան. «Երիտթուրքերը Դաւաճաններ Են. Թալէաթն Ու Էնվերը` Ոճրագործներ»

Յուլիս 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

2 յունիս 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր հանդէս եկաւ կրքոտ ելոյթով` ի պաշտպանութիւն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին, միաժամանակ ընդունելով Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը այս զանգուածային ոճրագործութեան մէջ:

Օզտեմիր ծնած է Գերմանիա, թուրք եւ չերքեզ գաղթականներու ընտանիքի մէջ: Թրքական ծագումով առաջին անձն էր, որ ընտրուեցաւ Պունտեսթակի անդամ (1994-2002): 2013-ին ան վերադարձաւ Գերմանիոյ խորհրդարան` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ 2004-2009 թուականներուն իբրեւ երեսփոխան գործելէ ետք:

Շնորհիւ Պունտեսթակի բոլոր կուսակցութիւններու աջակցութեան` Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը, որուն համար Օզտեմիր վաղուց ի վեր կը պայքարէր, ընդունուեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ` ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (միայն 1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ):

Ստորեւ թարգմանաբար ներկայացուած են հատուածներ Օզտեմիրի ուշագրաւ ելոյթէն, որով ան հանդէս եկաւ Պունտեսթակի մէջ, 2 յունիսին,  կուրծքին կրելով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի խորհրդանիշ «անմոռուկ» նշանը.

«Ժամանակի նպատակայարմարութեան մասին ոչ մէկ հարց կրնայ յառաջանալ, երբ խօսքը կը վերաբերի ցեղասպանութեան նման աներեւակայելի դաժանութեան մը: Մենք գիտենք, որ երկար եւ յոգնեցուցիչ ձգձգումներէ ետք, Գերմանիա, իբրեւ ոճրագործութեան մեղսակից, այդ իրադարձութիւնը բացայայտօրէն կ՛անուանէ իր իսկական անունով… Սա Գերմանիոյ պատմութեան մէկ մասն է»: Օզտեմիր յիշեցուց գերմանական կայսրութեան վարչապետ Պեթման Հոլվեկի սառնասիրտ ու դաժան խօսքերը. «Մեր միակ նպատակը պատերազմի ընթացքին Թուրքիան մեր կողքին պահելն էր եւ նշանակութիւն չունէր` հայերը կը բնաջնջուէի՞ն, թէ՞ ոչ»:

Օզտեմիր ազդեցիկ յայտարարութեամբ ուղղակիօրէն դիմեց Պունտեսթակի նիստին մասնակցող հայ հիւրերուն. «Միայն այն պատճառով, որ մենք անցեալին մեղսակից եղած ենք այս սոսկալի ոճրագործութեան, չի նշանակեր, որ այսօր ալ կը պատրաստուինք կանգնիլ ժխտողներու կողքին»:

Օզտեմիր յորդորեց Գերմանիոյ միլիոնաւոր թուրք բնակիչները` հպարտանալ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայեր փրկած «հերոս թուրքերով», եւ ոչ թէ` «Թալէաթի ու Էնվերի նման ոճրագործներով»:

Այնուհետեւ թրքական ծագումով գերմանացի խորհրդարանականը յայտարարեց, որ իրեն ցաւ պատճառող ամէնէն տգեղ արտայայտութիւնը Թուրքիոյ մէջ «հայ» բառի օգտագործումն է իբրեւ «հայհոյանք»: «Անոնք ինծի կը հարցնեն, թէ արդեօք ես հա՞յ եմ: Հայ ըլլալը ես իբրեւ անարգանք չեմ ընդունիր: Սերելով սիւննի մահմետական ընտանիքէ` արեւելեան քրիստոնէութիւնը ինծի անհանգստութիւն չի պատճառեր»:

Օզտեմիր մէջբերեց խօսքերը իր պոլսահայ բարեկամ Հրանդ Տինքին, որ սպաննուած էր Պոլսոյ մէջ թուրք ծայրայեղականի մը կողմէ. «Եթէ այսօր հայերը ապրէին Վանի մէջ, այդ քաղաքը կը դառնար Արեւելքի Փարիզը»: 2015-ի մարտին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Օզտեմիր «Սիվիլնեթ»-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Տինքի յայտարարութեան. «Ես գացի Ցեղասպանութեան թանգարան եւ կարդացի անուններն ու մասնագիտութիւնները այն մարդոց, զորս մենք կորսնցուցած էինք: Անոնք Պոլսոյ ամէնէն հեռատես եւ վառ մտաւորականներն էին եւ անոնք սպաննուեցան` սկսած ճարտարապետներէն, մտաւորականներէն, լրագրողներէն, գրողներէն… Օսմանեան կայսրութիւնը ոչնչացուց իր պատմութեան ամէնէն յառաջադէմ քաղաքացիները: Օսմանեան կայսրութիւնը ահռելի մեծ կորուստ կրած է: Կը կարծեմ, որ այսօր Թուրքիոյ` առաւել զարգացած երկիրներու շարքին չգտնուելուն պատճառներէն մէկը այն է, որ երիտթուրքերը հերոսներ չէին, այլ` դաւաճաններ: Անոնք մեծ վնաս հասցուցին հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն, ինչպէս նաեւ` թուրքերուն»:

Գերմանիոյ խորհրդարանի թուրք երեսփոխանը իր ինը վայրկեաննոց ելոյթը, որ բազմիցս ընդհատուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով, աւարտեց` յայտարարելով, որ` «Պունտեսթակի երեսփոխաններուն վտանգ չի սպառնար իրենց կարծիքը արտայայտելուն մէջ: Ես վստահ եմ, որ զիս չեն ձերբակալեր խորհրդարանէն տուն վերադառնալու ճամբուն, կամ իմ երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը չի վերցուիր: Զիս չեն ծեծեր կամ սպաններ: Նոյն բանը չեմ կրնար ըսել Թուրքիոյ մէջ իմ պաշտօնակիցներուս մասին»:

Այսուամենայնիւ, Օզտեմիր չէր սպասեր, որ Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի հաստատումէն ետք ան եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի իր տասը թուրք պաշտօնակիցները կը յայտնուին ոստիկանութեան հսկողութեան տակ` թուրք ծայրայեղականներու կողմէ մահուան բազմաթիւ սպառնալիքներ ստանալէ ետք:

Նախագահ Էրտողան հիթլերեան ժամանակաշրջանի ցեղային ստուգումներ յիշեցնող իր յայտարարութեան մէջ առաջարկեց Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին աջակցած Գերմանիոյ խորհրդարանի 11 թուրք երեսփոխաններուն արեան քննութիւն կատարել` անոնց «թուրք» ըլլալը ապացուցելու համար: Մինչ այդ, Օզտեմիրի հօր հայրենի Թոքատ (Թուրքիա) քաղաքի պաշտօնեաները անոր անունը ջնջեցին քաղաքի պատուաւոր մարդոց ցանկէն:

Սակայն, Գերմանիոյ դէմ ամպագորգոռ սպառնալիքներ ընելէ ետք, Էրտողան ստիպուած եղաւ զսպել ինքզինք` հասկնալով, որ նման անպատասխանատու քայլեր կրնան կործանարար ազդեցութիւն ունենալ նոյնինքն Թուրքիոյ արդէն իսկ փլուզուող տնտեսութեան վրայ…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Եաշար Քուրթ Թողարկել Է Իր Նոր Ալպոմը

Յաջորդը

Թուրքիայի Յեղաշրջումները. 1960, 1971 Եւ 1980 Թուականներ

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?