Ազգային արդար հպարտութեամբ, միախառնուած` անսահման խանդավառութեամբ եւ անհամբերութեամբ, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը երկուշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2016-ին պատրաստ էին դիմաւորելու վաղուց սպասուած մերօրեայ ազգային հերոս, ասպետ եւ իսկական յեղափոխական Կարօ Փայլանը:
Աշակերտները տեղեակ էին անոր սխրագործութիւններուն եւ կեանքին մասին: Անոնք իրենց դասարաններէն ներս յիշած ու գնահատած էին իր գործունէութիւնը: Տարիներէ ի վեր անոր տարած քաղաքական գործունէութիւնը դաստիարակիչ ուղեցոյց եղած էր իրենց ազգային դաստիարակութեան խճանկարին մէջ: Սակայն այս օրը ուրիշ արժէք ու հմայք ունէր բոլորիս, բայց մանաւանդ աշակերտներուն համար: Անոնք մարմնաւորուած պիտի տեսնէին մեր օրերու Գրիգոր Զօհրապն ու Արմէն Գարոն, որոնք ծառայած էին նոյն խորհրդարանին, որուն առջեւ խիզախօրէն Կարօ Փայլան բարձրացուց նահատակ խորհրդարանականներուն պատկերները, եւ ուր տակաւին ան կը ծառայէ այսօր` որպէս արդարութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան հսկայ ջատագով:
Վարժարանիս շրջափակէն ու մարզասրահէն ներս գտնուող աշակերտական խուռներամ բազմութիւնը, եղանակի ջերմութենէն աւելի, ջերմացած էր հոգիով ու ազգային շունչով եւ պատրաստ էր դիմաւորելու խոնարհ հերոսը:
Եռագոյններով, երգերով ու ծափողջոյններով զինք ներս ընդունեցինք, իսկ Արա Եագուպեան վարժարանի աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց անոր: Հայկական ակումբի անդամները, հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժանմունքի դասատուներուն հետ միասին, զայն մարզասրահ առաջնորդեցին: Բակին մէջ շարուած էին դրօշակներ վերցուցած նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներ: Բակէն անցած միջոցին «Հայեր միացէ՛ք» երգի կատարումներով ան հասաւ մարզասրահ, ուր զինք կը սպասէին երկրորդականի բոլոր աշակերտները:
Քայլերգները կատարեցին նախակրթարանի երգչախումբի անդամները` Լուսինէ Գալստեանի ղեկավարութեամբ, մինչ տեսերիզով ցուցադրուեցան Կարօ Փայլանի գործունէութենէն հատուածներ:
Վերժինի Թուլումեան ներկայացուց Կարօ Փայլանի կենսագրականը` դրուատելով անոր սխրանքները եւ ազգային արարքները: Ան յայտնեց, թէ` «Կարօ Փայլան հաւատարիմ զինուոր, արդար իրաւունքներու պաշտպան մըն է, որ ի գին ամէն սպառնալիքներու, քաջութեամբ, իր պաշտօնի ստանձնման առաջին իսկ օրէն սկսաւ փոքրամասնութիւններու մարդկային իրաւունքները պաշտպանելու»:
Ապա ուսուցիչ Սարօ Նազարեան պաշտօնապէս բարի գալուստ մաղթեց Փայլանին եւ ողջունեց ներկայ բոլոր հիւրերը, տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեանը, ուսուցիչները ու բոլոր աշակերտները: Նազարեան Աճառեանի բառարանէն մէջբերում մը ըրաւ Կարօ անուան իմաստին մասին եւ ապա նախախնամութեան բարի կարգադրութեամբ հերոսին «Կարօ» կոչուիլը յիշատակեց: Ան ըսաւ, թէ այս պարագային, արդարացած էր նախախնամութեան կամքը. արդարեւ, Կարօ Փայլան արդարացուցած է իր անունին իմաստը եւ դարձած է բոլորի՛ն առաջնորդը` քաջութեան, արդարութեան եւ հայրենասիրութեան իմաստով:
Այնուհետեւ աշակերտները 1915-ի նահատակ մտաւորականներու եւ մինչեւ մերօրեայ Արցախի նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճիի պատկերները բարձրացուցին` իրենց արտասանած խօսքերու հնչողութեան ներքեւ եւ Արմէն Շահինեանի տուտուկի հնչիւններուն ընկերակցութեամբ: Պատկերը բաւական տպաւորիչ եւ յուզիչ էր. ներկայ հիւրերը եւ աշակերտները կատարեալ ուշադրութեամբ կը հետեւէին ընթացքին:
Ապա բեմ բարձրացաւ Կարօ Փայլան, որ իր խոր տպաւորութիւնն ու երջանկութիւնը յայտնեց ի տես այս գեղեցիկ ընդունելութեան, որուն արժանացած էր եւ շատ յուզուած էր անոր համար: Փայլան իր ընտանիքին եւ մանկութեան մասին կարճ ներածական մը տուաւ, ապա աշակերտներուն ուղղած հարցումներուն պատասխանեց: Աշակերտները անհամբեր էին այս պահը ապրելու. անոնք բաւական խելացի ու կարեւոր հարցումներ ուղղեցին Փայլանին` Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակին եւ հայութեան, մանաւանդ անոնց ապրած պայմաններուն մասին: Փայլան մեծ բաւարարութեամբ կը հետեւէր աշակերտներու հարցումներուն եւ անոնց ազգային ոգիի դրսեւորման: Աշակերտները նոյնպէս չափազանց լաւ տպաւորուեցան Կարօ Փայլանի խօսքերով ու անոր ներշնչած ազգային ոգիով:
Իսկակա՛ն տպաւորիչ ու պատմական պահ մըն էր այդ օրը, որ աշակերտներու յիշողութենէն երբե՛ք պիտի չվերանայ իրենց ամբողջ կեանքին տեւողութեան:
Վերջաւորութեան, Թաթիանա Ակոբօղլու եւ Սեւանա Մանուկեան շնորհակալական խօսք եւ հպարտութիւն յայտնեցին նման հայ քաղաքական հերոս մը հիւրընկալելու եւ առհասարակ զայն հայ իրականութեան մէջ ունենալու համար: Թաթիանան, որպէս պոլսահայ, քանի մը տող յայտնեց երեք լեզուներով` հայերէնով, անգլերէնով եւ թրքերէնով, ըսելով, թէ որպէս հերոս եւ լոյսի ու յոյսի ճանապարհ կը տեսնէ Փայլանը, եւ վստահեցուց, թէ ան իր արարքներով ու կեանքով դաստիարակիչ օրինակ մը պիտի ըլլայ բոլորիս համար: Իսկ Սեւանա Մանուկեան, որպէս Աշակերտական խորհուրդի նախագահ, բարձր գնահատեց Փայլանի ամբողջ գործունէութիւնը եւ հաստատեց, թէ ան պիտի դառնայ նոր սերունդի մշտական պայծառ հերոսը, որ անընդհատ պիտի լուսաւորէ բոլորին ուղին եւ իր օրինակին հետեւելու ու արդարութեան համար պայքարելու կայծը պիտի վառէ նոր սերունդի միտքին ու հոգիին մէջ:
(Թղթակցութիւնը` Վարժարանէն)