Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Փայլան Ներկայ Եղաւ Ս. Խաչ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին

Հոկտեմբեր 5, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0000paylan3

Կիրակի, սեպտեմբեր 25-ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ տուաւ իր պատգամը: Պատարագին ներկայ էր Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր:

Նշենք, որ Փայլանի Լոս Անճելըս այցելութեան առիթով, շաբաթավերջին կազմակերպուած էին զանազան ձեռնարկներ եւ ժողովրդային հանդիպումներ. արդարեւ, շաբաթ, սեպտեմբեր 24-ին, «Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ փոքրամասնութիւնները» նիւթով համագումար կայացաւ «Ուոտպըրի» համալսարանին մէջ, նոյն օրը երեկոյեան ընթրիք-հանդիպում` Ազգային Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, իսկ սեպտեմբեր 25-ի երեկոյեան` հանդիպում հայկական համայնքի զաւակներուն հետ, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ:

Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ մէջ օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան: Պատարագին ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամներէն Անդրանիկ Գասպարեան եւ Թերեզ Քեմանճեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, նաեւ` ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի, Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքի, Պոլսահայ միութեան, Հայ իրաւաբանական միութեան եւ քոյր միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Առաջնորդը իր պատգամը սկսաւ` ողջունելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու յարգարժան հիւրը: Ապա խօսքը ուղղելով անոր` ըսաւ. «Ահաւասիկ աւելի քան տարիէ մը ի վեր, իբրեւ մէկ անդամը Թուրքիոյ խորհրդարանին, Կարոն իր երկրին ու աշխարհի մէջ ճանչցուած է իբրեւ պաշտպան փոքրամասնութեանց իրաւունքներու, պայքարող` խտրականութեան դէմ, բայց մանաւանդ` նորագոյն մէկ դրօշակիրը Թուրքիոյ պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Քանիցս լսեցինք ու ականատես եղանք, որ իր որդեգրած ճամբուն վրայ յանդուգն ու անսակարկ նուիրումին պատճառով բիրտ վերաբերմունքի հանդիպեցաւ հո՛ն, ուր կը նկատուի ժողովրդավարութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան ու հաւասարութեան բեմ…»:

Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակին` առաջնորդը յիշեցուց, որ Մայիս 28-ին թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենայ Հանրապետական մաղթանք, ապա աւելցուց. «Ձեր այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ այն օրերուն, երբ քանի մը օր առաջ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր, տօնեցինք Հայաստանի վերանկախացման 25-րդ տարեդարձը: Հպարտութեամբ հետեւեցանք Երեւանի փառատօնին, որուն ներկայ եղաւ Արամ Ա. կաթողիկոս»:

Այնուհետեւ առաջնորդը վեր առաւ օրուան խորհուրդը, որ կը բխէր Վարագայ Ս. Խաչի տօնէն, նուիրուած` Քրիստոսի խաչափայտի մասունքի գիւտին, պատմական Վան քաղաքի մօտակայ Վարագայ վանքին մէջ, իբրեւ արդիւնք հրաշալի տեսիլքի մը, որմէ «բխող պատգամները այսօր ալ այժմէական են եւ ներշնչող», ըսաւ ան:

Շարունակելով իր պատգամը` առաջնորդը խաղաղութիւն մաղթեց «համայն աշխարհին, Միջին Արեւելքին, Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան, Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին»: Ապա իր բարեմաղթանքները ուղղելով Կարօ Փայլանին` ըսաւ. «Կը մաղթենք, որ ձեր առաքելութեան նաւը շարունակէ անփորձ ու անվտանգ առաջնորդուիլ փոթորկոտ ծովերու մէջէն, չկասի խութերու բախելով, եւ ձեր կրած լուսատու ջահը Թուրքիոյ հայութեան ու ձեր գործակիցներուն համար մնայ յոյսի աղբիւր, ինչպէս որ Վարագայ Ս. Խաչը լուսաւորած է հայութեան երկնակամարը դարեր շարունակ ու մինչեւ այսօր մեզի համար եղած է հաւատքի, իրաւունքի ու արդարութեան յոյսի ապաւէն: Վստա՛հ եղէք, ինչպէս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ միայնակ չէք եւ ունիք հայ, քիւրտ, թուրք համախոհներ ու պայքարի լծակիցներ, նոյնպէս ալ աշխարհացրիւ հայութիւնն ու արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու այլ պաշտպաններ կը կանգնին ձեր կողքին, կը կանգնին նո՛յն խրամատին մէջ` հաւատալով բարեշրջումի ու յաղթանակի»:

Հաղորդութեան պահուն, խուռներամ հաւատացեալներու շարքին, Կարօ Փայլան եւս Ս. հաղորդութիւն ստացաւ առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ:

Արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան «Թումանեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ` ի պատիւ Կարօ Փայլանի: Նախքան ճաշը` Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները առիթը ունեցան իրենց միտքերը յուզող հարցումներով մտերմիկ զրոյցի պահ մը ունենալու հայ երեսփոխանին հետ եւ ստացան սպառիչ պատասխաններ:

Սրբազանը սեղանը օրհնեց եւ բարի գալուստ ու բարի կեցութիւն մաղթեց յարգարժան հիւրին: Խօսք առին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա Յովսէփեանն ու ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը: Կարօ Փայլան, իր կարգին, շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց համայնքին ցուցաբերուած ջերմ եւ խանդավառ ընդունելութեան համար:

Յետմիջօրէին Կարօ Փայլան այցելեց Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանը եւ ծաղկեփունջ զետեղեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:

Նախորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Մինչեւ Փոքրիկ Հայաստան… Կարօ Փայլանը Եւ Մենք

Յաջորդը

Նշանակալի Այցելութիւններ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?