
1920-ականներուն սկիզբը Կիլիկիոյ եւ Հայկական Միջագետքի հայութեան իր պապենական հողերէն վերջնական պարպումէն ետք, այդ շրջաններու հայերը հաստատուեցան գլխաւորաբար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Տարագրութեան այս դառն ճակատագիրէն անմասն չմնացին նաեւ Ուրֆայի հայերը, որոնք հազիւ հաստատուեցան Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, անմիջապէս սկսան մտածել ինքնակազմակերպման եւ դիւցազնական Ուրֆայի ժառանգութիւնը պահպանելու մասին: Այս ճիգին շնորհիւ 1923-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնը: Եթէ պիտի թուենք, միութեան պատմութեան մէջ մեծագոյն գործերը թիւով երկուքն են` 1955 թուականին 1264 էջնոց «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները» յուշամատեանին հրատարակութիւնը եւ միեւնոյն տարին նոյն յուշամատեանին մէջ հրատարակուած տարագիր ուրֆացիներու մարդահամարը:

Այդ մարդահամարին հիման վրայ այն ժամանակ աշխարհի տարածքին կ’ապրէր 9171 ուրֆացի: Ուրֆայի հայրենակցական միութեան երկար տարիներու վարչական նախկին անդամ եւ նախկին ատենապետ Գէորգ Նալպանտեան «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ վստահաբար 21-րդ դարուն թիւերը փոխուած են, այս պատճառով ալ ներկայիս միութեան գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ նոր մարդահամարի միջոցով աւելի յստակ պատկերացում մը կազմուի աշխարհի մէջ ուրֆացիներու թիւին մասին, առաւել կը մտածուի ուրֆացիներու անդամաքարտի դրութիւն հաստատելու մասին:

Ուրֆայի հայրենակցական միութիւնը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը զանազան մակարդակներու վրայ: Արդէն ամէն տարի կը հրապարակուի միութեան Ամանորի օրացոյցը, միեւնոյն ժամանակ կը մտածուի միութեան նոթատետրի հրատարակման մասին: Վերջինս պիտի ընդգրկէ 1923-էն մինչեւ հիմա միութեան վարչական կազմերուն անուանացանկերը:

Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը մնայուն կապի մէջ է աշխարհասփիւռ Ուրֆայի հայրենակցական միութիւններուն հետ: Բացի մնայուն համագործակցութիւն կայ Լիբանանի մէջ գործող այլ հայրենակցական միութիւններուն հետ: Այդ համագործակցութիւնը կը դրսեւորուի միացեալ ձեռնարկներու ընդմէջէն: Նախորդ տարիներուն միութիւնը այսպիսի միացեալ ձեռնարկներու մասնակցած է Պուրճ Համուտի քաղապետարանի հրապարակին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին եւ Անթունիէ դպրոցին մէջ, ցուցադրուած են Ուրֆայի ճաշատեսակները, այնքան իւրայատուկ ձեռագործները, տարազները, Ուրֆայի քարտէսը եւ այլն: Միութեան տիկնանց միութիւնը կը մնայ աշխուժ, մանաւանդ` ընկերային ձեռնարկներու առումով: Տարեկան կը կազմակերպուին 2 ձեռնարկներ:

Խօսելով ապագայի անմիջական ծրագիրներուն մասին` Նալպանտեան կը նշէ, որ միութիւնը վստահաբար յառաջիկային եւս պիտի շարունակէ հայկական դպրոցներու աշակերտներուն կրթաթոշակ տրամադրել` շարունակելով իր առաքելութիւնը նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու առումով: Ամէն տարի միութեան այս օժանդակութենէն կ՛օգտուին բացառապէս հայկական դպրոց յաճախող մօտաւորապէս 75-110 աշակերտ:
Իսկ ապագայի մեծագոյն երազը կը մնայ կոթողական «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները» յուշամատեանին թուայնացումը: