Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դո՞ւն Ալ Բրուտոս

Հոկտեմբեր 1, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Անցնող հինգշաբթի, երեւանաբնակ եւ անձնապէս այս յօդուածագիրին ծանօթ լրագրող Վարդ Սիմոնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ բաւական ընդվզած ոճով մը գրառում մը կատարած էր` խնդրոյ առարկայ դարձնելով ՀՅ Դաշնակցութեան (իր բառերով) «արդարամտութիւնը եւ բարոյականութիւնը»:

Իր ընդվզումին պատճառը լուր մըն էր, որուն յղումը եւս տեղադրած էր:

Այս յօդուածագիրը, իբրեւ դաշնակցական հրապարակագիր, բնականաբար պիտի հետաքրքրուէր, թէ «բանն ինչո՞ւմն էր», ի՞նչն էր, որ պատճառ դարձած էր լրագրող Վարդ Սիմոնեանի ընդվզումին:

Սեղմելով նշեալ յղումը` պարզուեցաւ, որ տեղական ինքնակառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը (ՏԻԶ) հետեւեալ լուրը հրապարակած է. ուրեմն, 21 սեպտեմբերին, ՏԻԶ նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Լոքեան այցելած է Սիւնիք եւ մասնակցած` Կապանի մէջ վերանկախացման 25-ամեակի ձեռնարկներու: Այս տօնին առիթով Դաւիթ Լոքեան բարեմաղթանքի խօսքեր ուղղած է մարզի բնակչութեան «եւ ՀՀ նախագահի կողմից պետական պարգեւների ու պատուաւոր կոչումների (է) արժանացրել մի շարք սիւնեցիների»:

Այսպէս, «Գորիսի հիմնական դպրոցի դասվար Ժասմին Խաչատրեանը պարգեւատրուել է «Մովսէս Խորենացի» մետալով: Կապանի ԲԿ-ի աւագ մանկաբարձուհի Էլվիրա Օհանեանը` «Մխիթար Հերացի» մետալով: Երախտագիտութեան մետալներ են շնորհուել «Նորոգշին» ԲԲԸ-ի տնօրէն Ռազմիկ Փարսեանին եւ «Հակ-Ժոս» ՍՊԸ գործադիր տնօրէն Սպարտակ Յակոբեանին: «Սիւնեաց Երկիր» թերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Սամուէլ Ալեքսանեանն արժանացել է Վաստակաւոր լրագրողի կոչմանը»:

Իր կողմէ, Դաւիթ Լոքեան նշեալ նախարարութեան յուշամետալներով պատուած է մարզի երկու ուրիշ պաշտօնատարներ: Վե՛րջ:

Այսքանէն պարզ կը դառնայ, որ

Ա) Դաւիթ Լոքեան 21 սեպտեմբերին Սիւնիք այցելած է մասնակցելու 25-ամեակի տօնակատարութեան:

Բ) Այդ առիթով ան հանրապետութեան նախագահին կողմէ որոշուած շքանշաններ յանձնած է շարք մը անձերու:

Գ) Իր գլխաւորած նախարարութեան կողմէ պատուած է մարզային երկու այլ պաշտօնատարներ:

Նախարարութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկատուութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ տուինք իր իսկական պարունակին մէջ, որպէսզի ընթերցողը ճշգրիտ պատկերացում ունենայ եղածին մասին:

Հիմա գանք բուն նիւթին:

Այս դէպքը զայրացուցած է լրագրող Վարդ Սիմոնեանը, որ Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած է հետեւեալ գրառումը (կու տանք ամբողջութեամբ). «Այսուհետ էլ ոչ մի դաշնակցական թող չխօսի արդարութիւնից ու բարոյականութիւնից, քանի դեռ չի դատապարտել ընկեր ՏԻԶ նախարար Լոքեանի այս հերոսական արարքը: Մարդը սեպտեմբերի 21-ի ազիզ օրով գնում է Սիւնիք, որ վաստակաւոր լրագրողի կոչում յանձնի Լիսկայի անձնական օգտագործման գուսան, վաստակաւոր դանոսչիկ ու կաշառակերութեան չեմպիոն Ալեքսանեան Սամուէլին: Ամօթ է եւ նողկալի… Սիւնիքը երկրի ողնաշարն է. մի՛ նուաստացրէք Բարձրերի երկիրը, մի՛ վիրաւորէք լրագրողական համայնքի արժանապատուութիւնը…» (ՎԲ.- Բազմակէտերը գրառումին կը պատկանին. իսկ Լիսկան Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանն է):

Նախարարութեան լրատուութիւնը չկարդացած մէկը Վարդ Սիմոնեանի գրառումէն կը հասկնայ հետեւեալը.

Ա) «Մարդը», այսինքն` նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Լոքեան,  «արհամարհելով» 21 սեպտեմբերի «ազիզ օրը» եւ փոխանակ Երեւան մնալով` մասնակցելու 25-ամեակի տօնակատարութիւններուն, Կապան մեկնած է. աններելի յանցանք…

Բ) Այդ չի բաւեր, Սամուէլ Ալեքսանեան անունով «անձնական օգտագործման գուսան»-ի եւ «դանոսչիկ»-ի մը (ռուսերէն կը նշանակէ` մատնիչ) տուած է Վաստակաւոր լրագրողի կոչում:

Գ) Հետեւաբար եղածը «անբարոյութիւն եւ անարդարութիւն» է ոչ միայն Դաւիթ Լոքեանի, այլ` ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ:

Դ) Լոքեան այս ձեւով նաեւ վիրաւորած է «լրագրողական համայնքի արժանապատուութիւնը»:

Աւելորդ է ըսելը, որ Վարդ Սիմոնեանի այս դիմատետրային գրառումին հետեւեցաւ իր գրածին համահունչ եւ հակադաշնակցական իսկական վայնասուն մը, «է՛լ գող փիսօ, է՛լ քաչալ շուն», «մինը բահով, մինը փետով», Բադին, Կոզբադին, Սիւդին, Չարխադին… Մէկ կամ երկու հոգի փորձեցին լրատուութեան չորուցամաք տուեալները ընդգծել` ցոյց տալու համար ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, որուն բնաւ չէր առնչուեր Վարդ Սիմոնեանին գրառումը (ինչպէս պարզօրէն ցոյց տուինք վերը), բայց անոնք ալ ստացան «փետի» իրենց բաժինը եւ իրենց ձայները խլացան ընդհանուր խժալուր աղմուկին մէջ:

Խնդրոյ առարկայ լրագրողին իրաւունքն է, իբրեւ անհատ, համակրիլ, կամ հակակրիլ Դաշնակցութեան. խնդիր չկայ: Սակայն երբ հրապարակաւ տեսակէտ կ՛արտայայտէ, պարտաւոր է իր ըսելիքները կամ կարծիքները բանաձեւել ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈ՛Ւ հիման վրայ. այդ կը պահանջէ «լրագրողական համայնքի արժանապատուութիւնը» եւ լրագրողական սկզբունքը: Ինք կ՛ուզէ ձգել այն տպաւորութիւնը, որ նախարարի պաշտօնակատար (այժմ նախարար) Դաւիթ Լոքեան մինչեւ Կապան քշեր-գացեր է Սիւնիքի իրապէս տխրահռչակ մարզպետի «անձնական օգտագործման գուսան»-ը պարգեւատրելու: Մինչդեռ նախարարը Կապան գացեր է երկրի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ եւ Սիւնիք ապրող ԲԱԶՄԱԹԻՒ գործիչներու փոխանցելու նախագահին որոշած շքանշանները: Այդ «բազմաթիւներուն» մասին եւս խօսք չկայ Վարդ Սիմոնեանի գրառումին մէջ:

Կրնայ ըլլալ, որ նախագահը իր պարգեւատրումներուն մէջ վիճելի անձեր նկատի ունեցեր է: Կրնանք համաձայն չըլլալ այս իմաստով իր որոշումներուն: Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ պարգեւատրուած լրագրողը ծախու գրիչ է եւ պալատական երգիչ, նոյնիսկ` «դանոսչիկ», ինչպէս կ՛ըսէ Վարդ Սիմոնեան: Անձնապէս ծանօթ չենք, բայց քիչ թէ շատ ծանօթ ըլլալով Սիւնիքի իրապէս տխրահռչակ մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի շահատակութիւններուն, մեծ է հաւանականութիւնը, որ Վարդ Սիմոնեանին տեսակէտը, տուեալ խմբագրին նկատմամբ, կրնայ ճիշդ ըլլալ: Սակայն նոյն այդ խմբագիրը պարգեւատրելու որոշումը կը պատկանի ո՛չ թէ Դաւիթ Լոքեանին, այլ` հանրապետութեան նախագահին: Այնպէս որ, եթէ «դատապարտումի» խնդիր կայ այս որոշումին մէջ, ատոր սլաքը պէտք է ուղղուի նախագահին եւ ոչ թէ Լոքեանին եւ Դաշնակցութեան: Մինչդեռ Վարդ Սիմոնեան ոչ մէկ խօսք ունի որոշման բո՛ւն հեղինակ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասին: Լրագրողը պիտի ուզէ՞, որ մարդիկ մտածեն այս վերջին կէտին մասին: Այս յօդուածագիրը պիտի չուզէ հոն մղուիլ:

Այս բոլորին մէջ նաեւ ժպիտով վերյիշեցինք հանրածանօթ երգը.

Կարկուտ, կայծակ եւ երկրաշարժ,
Սով, պատերազմ, հիւանդութիւն,
Ով չի գիտեր, թող իմանայ`
Մեղաւոր է Դաշնակցութիւն:

Լրագրող Վարդ Սիմոնեան, ինչպէս յստակ կ՛երեւի մինչեւ հիմա մեր նշած տուեալներէն, անտեսած է չոր իրողութիւնները ու այս իմաստով ալ գործած է էապէս հակադրուելով ի՛ր իսկ դաւանած լրագրողական սկզբունքներուն: Ինք ակնառու վաստակ ունեցող լրագրող է. քաջ կը գիտակցի հանրային կեանքը ճշմարտութեամբ եւ մանաւանդ ամբողջակա՛ն ճշմարտութեամբ առաջնորդելու կարեւորութեան, սակայն իր վերոնշեալ գրառումով ինքզինք կը դնէ այս սկզբունքին հակոտնեայ դիրքին մէջ` վիրաւորելով (իր բառերով) «լրագրողական համայնքի արժանապատուութիւնը», ինչ որ այս յօդուածագիրը կը մղէ զարմանքի եւ ափսոսանքի` լրագրողին հաշուոյն:

Եւ հիմա, երկու հազար տարուան հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէ լրագրող Վարդ Սիմոնեանի մասին` «Դո՞ւն ալ, Բրուտո՛ս»: Յարգելի լրագրողին կ՛իյնայ իր ընթերցողներէն ներողութիւն խնդրել իր այս սխալին համար, որպէսզի մեր հանրային կեանքը եւ լրագրութիւնը վերաշահին զինք` այլեւս երբե՛ք չկորսնցնելու ակնկալութեամբ:

 

28 Սեպտեմբեր 2016
Լոս Անճելըս

vproodian@gmail.com

 

Նախորդը

Ճատրակ. Առաջին Անգամ Տեղի Կ՛ունենայ «Երեւան Օփըն» Միջազգային Մրցաշարքը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Հալէպի Կացութեան

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?