Յօդուածներ

222 Տարի Առաջ.  «Ազդարար»-ի Հրատարակութիւնը Մատրասի Մէջ

222 Տարի Առաջ. «Ազդարար»-ի Հրատարակութիւնը Մատրասի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ «Ազդարար»-ի թիւերէն մէկը 222 տարի առաջ, 14 հոկտեմբեր 1794-ին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հիմնադրուեցաւ հայկական առաջին տպագիր պարբերականը` «Ազդարար»-ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 16 հոկտեմբերին: Մատրաս (ներկայիս` Չեննա), Պենկալեան ծոցի ափին, առեւտրական եւ մշակութային կեդրոն է եւ կարեւոր նաւահանգիստ: Հայեր հոն բնակութիւն հաստատած են ԺԶ. դարուն: Հնդկահայ գաղութին գրական եւ քաղաքական գործունէութեան կորիզը 1770-ական տարիներուն կազմուած Մատրասի...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Նուռի Այգիներ` Ազատագրուած Հողերու Վրայ (2)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Արցախի ազատագրուած տարածքներուն վրայ, Առաջամուղ գիւղի կառուցումէն ետք, գիւղի բնակիչներուն համար անհրաժեշտ էր ստեղծել տնտեսական զարգացման հնարաւորութիւններ: Բնակիչներուն մէկ մասը զինուորականներու ընտանիքներ էին, կային նաեւ գիւղապետարանի ու դպրոցի աշխատակիցներ: Այլ բնակիչներ Առաջամուղ տեղափոխուած էին շրջակայ գիւղերէն, իսկ ոմանք Ազրպէյճանէն եկած գաղթականներ էին: 18 ընտանիքներ եկած էին կեանք տալու անապատի վերածուած այս հողերուն, իսկ Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ Ֆոնտ»-ը գիւղի...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Մեծագոյն Ախտի` Գործազրկութեան` Ախտաճանաչման Անսքող Փորձ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Գործազրկութիւնը Կը Քանդէ Արժէք Եւ Երազ Ժամանակակից մարդկութեան դիմագրաւած մեծագոյն ախտը գործազրկութիւնն է: Դժբախտութեան աղբիւր` անհատներու, ընտանիքներու, ժողովուրդներու, ազգերու, երկիրներու եւ մարդկութեան համար: Երկիրներու պառակտումներու, ներքին սուր պայքարներու եւ ապակայունացումներու հիմնական պատճառ է գործազրկութիւնը, որ դարձած է անհակակշռելի ախտ: Ախտ, զոր կ’ուզենք եւ հասկնալ որպէս հետեւանք, առանց առարկայական վերաբերում ճշդելու անոր պատճառներուն մասին: Այս ախտին դէմ պետութիւնները կը...

Ռուբէն Կիպինեանի Անմեռ Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ռուբէն Կիպինեանի Անմեռ Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Քառասուն օրեր առաջ խոր վիշտով հրաժեշտ տուինք Ռուբէն Կիպինեանին, որդին Սամուէլ եւ Ժաքլին Կիպինեաններուն, որոնց ընտանեկան ջերմ ու հաւատքով լեցուն յարկին տակ հասակ նետեց Ռուբէն: 15 մարտ 1960-ին ծնած Ռուբէն Կիպինեանի մէջ անոր ծնողները կանուխէն նկատեցին սէրը նորաձեւութեան հանդէպ, ուստի, Պէյրութի մէջ ուսումը աւարտելէ ետք զայն ղրկեցին Իտալիա` ուսումը կատարելագործելու առիթ ընձեռելով անոր: Ռուբէն Կիպինեան իւրայատուկ ճաշակով եւ բծախնդիր ոճով...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 27. Հայ Աշակերտը Հարազատ Օճախ Կանչողը Ըլլայի՜…

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Անցնող երկու օրերուն Համազգայինի տպարան յանձնուած Ճեմարանի «Կանթեղ» միջնակարգ բաժինի պարբերաթերթին տպագրութիւնը աւարտեցաւ: Աշակերտական հրատարակութիւնները մի՛շտ ալ ընթերցողին հետաքրքրութիւնը կը շարժեն: Այս պարբերաթերթին մէջ Ճեմարանի 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ կարգի աշակերտները իրենց գրական փորձերը կատարած են, եւ վստահաբա՛ր այսօր այդ փորձերուն հրատարակութիւնը արդար հպարտութեամբ կը լեցնէ զիրենք: Այդտեղ պատանեկան, մարդկային եւ ազգային իրենց անմեղ ու հարազատ ապրումները դրսեւորած...

«Այս Համերգիս Համար Ժողովուրդիս Կը Փորձեմ  Հասնիլ Տարբեր Ազդակներով, Ինչպէս Հայկական  Մեր Ժողովրդային Երգերը` Տեղաւորուած  Ճազ Երաժշտութեան Մեղեդիներուն Մէջ»  Կ՛ըսէ Րաֆֆի Մանտալեան

«Այս Համերգիս Համար Ժողովուրդիս Կը Փորձեմ Հասնիլ Տարբեր Ազդակներով, Ինչպէս Հայկական Մեր Ժողովրդային Երգերը` Տեղաւորուած Ճազ Երաժշտութեան Մեղեդիներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Րաֆֆի Մանտալեան

Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Լիբանանի ճազ երաժշտութեան հարթակի նշանաւոր կիթառահար լիբանանահայ տաղանդաւոր երիտասարդ Րաֆֆի Մանտալեան հոկտեմբեր 22-ին պիտի ներկայացնէ փունջ մը հայկական վերամշակումներ եւ հեղինակային յօրինումներ, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթըր» սրահին մէջ: Մանտալեան այս մենահամերգը կ՛անուանէ «Borderland» (Պորտըրլենտ), այսինքն` սահմանամերձ շրջան: «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Րաֆֆի Մանտալեան համերգին մասին տուաւ մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ իր երաժշտական ասպարէզին...

Հալէպի Ազատագրութիւնը` Արեւմուտքի  Եւ Անոր  Դաշնակիցներուն  Ջախջախիչ Պարտութիւնը

Մշակոյթը Եւ Մայրենին Պատիւն Են Հայուն

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Ժողովուրդներ, իրենց պատմութեան մէջ գաղափարներ, արժէքներ, մարդկային տիպարներ առանձնացնելով, ստեղծած են զանազան  տօներ` մայրերու օր, աշխատանքի օր, անկախութեան օր, նահատակաց օր, մշակոյթի օր եւ այլն: Ղարաբաղ ծնած, Սարդարապատի  հերոսամարտին մասնակցած, բարձրագոյն ուսումը  Եւրոպայի  մէջ ստացած  մեր երանաշնորհ Գարեգին Ա.  Յովսէփեանց կաթողիկոսը յատուկ կոնդակով մը հոկտեմբեր ամիսը յայտարարած է «Մշակոյթի  ամիս»: Հայ ժողովուրդը Թարգմանչաց տօնը կը յիշատակէ  հոկտեմբեր ամսուան...

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով`  Լաւագոյն Թարգմանիչի Ընտրութեան Մրցանք` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով` Լաւագոյն Թարգմանիչի Ընտրութեան Մրցանք` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Թարգմանչաց տօնին նշումը այս տարի տարբեր հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեց Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ, որովհետեւ աշակերտական ընթացիկ հանդիսութեան կողքին, քոլեճը շաբթուան մը վրայ երկարած մրցանքներով ընտրեց իր լաւագոյն թարգմանիչները: Մրցանքներու շարքը սկսաւ թարգմանչաց շաբթուան սկիզբը, երբ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քանի մը հանգրուանով հաւաքուեցան քոլեճին հանդիսասրահը եւ հայերէնի թարգմանեցին անգլերէն եւ արաբերէն հանրածանօթ գրութիւններ` հայութեան եւ Հայաստանի...

Ազգ. Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Տօնական Վերամուտը

Ազգ. Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Տօնական Վերամուտը

Մենք մանուկներ հայ ազգի, Ծարաւ հայ լեզուի երգի, Հայ դպրոցի զինուորներ, Սուրբ Մեսրոպի յաջորդներ: Հայ դպրոցը մեր ազգային գոյութեան ու յաւերժութեան երաշխաւորն է. անով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը սփիւռքեան մեր դժուարին պայմաններուն մէջ: Հայ պատանիները, երբ հասակ կ’առնեն այդ հարազատ դարբնոցին` հայ վարժարանին մէջ եւ անձնազոհ ուսուցիչներու շունչին տակ կը զինուին հայրենասիրական  վեհ գաղափարներով ու կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, անոնք...

Մեսրոպեանը Կը Գործակցի The Little Engineer Կազմակերպութեան Հետ

Մեսրոպեանը Կը Գործակցի The Little Engineer Կազմակերպութեան Հետ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը այս տարեշրջանին կը սկսի գործադրել աշակերտներու գիտական զարգացման ծրագիր մը` հանրայայտ The Little Engineer կազմակերպութեան հետ գործակցաբար: Սոյն ծրագրին մասնակից աշակերտները պիտի սորվին օգտագործել արհեստագիտական նորագոյն միջոցներ եւ անոնցմով պիտի պատրաստեն տարբեր արտադրութիւններ: Անոնք պիտի կազմեն մարդամեքենաներ, պիտի կատարեն եռաչափ տպագրութիւն (3D printing), պիտի սորվին համակարգչային ծրագրաւորման լեզուներ  եւ պիտի իրականացնեն զանազան այլ գիտափորձեր` ուսողութեան,...

Դժուար Է Թուրքիոյ Մէջ Ապրիլը

Դժուար Է Թուրքիոյ Մէջ Ապրիլը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միջազգային հեղինակաւոր լրատու միջոցներ, նաեւ` թուրք խիզախ յօդուածագիրներ եւ մեկնաբաններ, գրեթէ ամէն օր կ՛անդրադառնան Թուրքիոյ մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակին, իշխանութիւններու գործունէութեան, մամլոյ, ազատ արտայայտուելու եւ մարդկային իրաւունքներու քմահաճ խախտումներուն: Առարկայական լրատուութենէն անդին երթալով` վաւերական մեկնաբաններ կը յայտնեն կարծիքներ եւ կ՛ընեն հաստատումներ, որոնք անշուշտ հաճելի չեն թուիր նախագահական շրջանակներուն: Կը ներկայացնենք քանի մը օրինակներ: Ն. Թանտողան Ույսալ (Թուրքիոյ...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ Հին Ու Նոր Առաջարկներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Կառավարութեան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ինչո՞ւ համար Հայաստանի մէջ կառավարութիւններու փոփոխութիւնները մեր վրայ այն տպաւորութիւնը կը թողուն, թէ` անոնք կը կատարուին դիպուածային կերպով, առժամեայ-ժամանակաւոր, անցումային, անհեռատես եւ թատերական անորոշութեան ու սպասողական մթնոլորտի մը մէջ, եւ ոչ թէ իբրեւ բնական հետեւանք անոր գործունէութեան-կատարողութեան ըստ էութեան, բնագաւառ առ բնագաւառ համակարգային արժեւորումին ու գնահատումին: Յստակ է պատասխանը: Անոնք արդարօրէն տեղի կ՛ունենան ժողովրդային տագնապի մը պատճառով, եւ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Էրտողանի Ամբարտաւանութեան Տարածքային Ախորժակները

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Մինչ Իրաք կը պատրաստուի Իսլամական Պետութեան ճիրաններէն Մոսուլ քաղաքի ազատագրման, Թուրքիա կը թուի հետամուտ ըլլալ իր զինեալ ուժերուն համար ոտնաշաւիղի տարածքներ ապահովել Իրաքի ու յատկապէս Մոսուլի մէջ։ Այս նպատակին համար, տարի մը առաջ թրքական զօրքեր, առանց Իրաքի կառավարութեան արտօնութեան, տեղադրուեցան Իրաքի հիւսիս արեւելեան Պաաշիքա շրջանը, որ մերձակայ է Մոսուլ քաղաքին։ Այսօր, այս շրջանին մէջ մօտ 2000 թուրք բանակայիններ...

Յիշելով Իտէալական Եւ Իտէալ Ունեցող Մեծերը.  Սփիւռքահայ Գրականութեան Տիտաններէն Եդուարդ Պոյաճեանին Հետ

Յիշելով Իտէալական Եւ Իտէալ Ունեցող Մեծերը. Սփիւռքահայ Գրականութեան Տիտաններէն Եդուարդ Պոյաճեանին Հետ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ «Պայքարիլ` ըսել է մեծնալ փոթորիկներուն ոճով, նմանութեամբը ովկիանոսը սարսող բոլո՛ր ալեկոծութեանց: Պայքարիլ` ըսել է ուժի եւ բարոյականութեան մրրիկ մը բարձրացնել հոգիներուն ցամաք աւազամասերուն վրայ. աւել մը` ընդհանուր ապականութեան համար: «Դեկտեմբերի մռայլ, թխպոտ, արհաւրական երկնքին նմանութիւնը կ'ուզեմ, որ ունենայ երիտասարդ պայքարողը, որպէսզի կարենայ քանդել, բայց մանաւանդ` վերստեղծել»: Մեր ուսանողի հակազդեցութիւնը ստանալու ծարաւով լեցուած Պարոնն էր, Սնապեանը, որ վերոյիշեալ տողերը...

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Ու «Համազգային»-ի Գործակցութեամբ Հայագիտական Գիտաժողով Պոլսոյ Մէջ

«Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Ու «Համազգային»-ի Գործակցութեամբ Հայագիտական Գիտաժողով Պոլսոյ Մէջ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ 7-8 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ կայացաւ «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն` խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որուն կազմակերպիչներն էին «Հրանդ Տինք» հիմնարկն ու «Համազգային»-ը` հովանաւորութեամբ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ու Պոլսոյ մէջ Շուէտի գլխաւոր հիւպատոսութեան: Գիտաժողովը կայացաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Անարատ յղութիւն» շէնքին «Հաւաք» սրահին մէջ: «Հրանդ Տինք» հիմնարկը ամէնամեայ գիտաժողովներով կը ջանայ արծարծել հարցեր, որոնց քննարկումը...

Քաղաքակրթական Տարբերութիւններ

Մենք Բոլորս Հալէպահայեր Ենք

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 6-րդ տարին թեւակոխելով եւ աւելի քան երեք տարիներէ ի վեր սուրիահայութեան սիրտը համարուող մեր բոլորին երազային Հալէպը կը հարուածուի: Հալէպը անցնող շաբաթներուն կրեց ու կը շարունակէ կրել ամէնէն զօրաւոր հարուածները: Հակառակ անոր որ վերջին շրջանին Սուրիոյ տագնապի հորիզոնին վրայ խաղաղութեան յոյսեր կ՛երեւէին, Հալէպը ստացաւ ահաբեկչական ծանր հարուածներ, ունեցանք կորուստներ, նահատակներ, վիրաւորներ, ծանր վիրաւորներ, նիւթական ծանր վնասներ: Ժողովուրդը անմխիթար...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս` Սփիւռքահայ Եւ Հայաստանցի Գործիչներու Մասնակցութեամբ «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան մամուլի սրահին մէջ 24 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ասուլիս` «Հայաստանի անկախութեան 25 տարիները. ձեռքբերումներ եւ չլուծուած խնդիրներ. Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները. երկրի ներկան եւ դէպի զարգացում տանող բարեփոխումները. ապագան եւ անվտանգութեան երաշխիքները» խորագիրով: Բանախօսներն էին ամերիկահայ գրող, հասարակական գործիչ, «Քալիֆորնիա Քուրիր» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ  հրատարակիչ Յարութ Սասունեան,...

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ.  Հայ Ազատամարտիկներու Նուաճումները Լաչինի, Մարտունիի Եւ Զանգելանի Ճակատներուն Վրայ

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Հայ Ազատամարտիկներու Նուաճումները Լաչինի, Մարտունիի Եւ Զանգելանի Ճակատներուն Վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Ապրուստի Եւ Վառելանիւթի Սուր Տագնապներ Հայաստանի Մէջ Արցախի հայկական բնակավայրերուն վրայ ազերիական օդանաւային ու հրետանային ռմբակոծումներն ու յարձակումները կը շարունակուէին: 1992-ի նոյեմբերի վերջաւորութեան Ստեփանակերտ, Ասկերան, Շուշի եւ շրջակայ գիւղեր սաստկօրէն ռմբակոծուեցան: Հայաստանի սահմանամերձ գիւղեր եւս պարբերաբար յարձակումներու կ՛ենթարկուէին: «Ազդակ», 30 նոյեմբեր 1992-ի թիւով եւ «Դարաւոր ուխտի օր մը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախն է մեր այսօրուան...

Ակնարկ.   Այժմու Աշխարհամարտի  Տեղայնացուած Տարբերակը

Ակնարկ. Այժմու Աշխարհամարտի Տեղայնացուած Տարբերակը

Եմէնի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պատահածները եւ անոնց զուգահեռ կատարուող յայտարարութիւններու առաստաղին աննախադէպօրէն բարձրացումը եւ տակաւին այդ ուղղութեամբ առօրեայ կշռոյթով արձանագրուող մագլցողականութիւնը հետեւողներուն միտքին մէջ կը մրճահարեն համաշխարհային պատերազմի առաջնորդուելու մտավախութիւնը: Որքան ալ քաղաքականօրէն տրամաբանենք, որ յայտարարութիւնները միշտ չէ, որ առնչութիւն ունին առնուող քայլերուն հետ, այսուհանդերձ իրադարձութիւնները նման մտավախութեան ժողովրդային մակարդակի վրայ ենթահող գտնելու հիմնաւորումներ կ՛ապահովեն: Միաժամանակ մտածողութիւնները կը կրկնեն...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Միացեալ Նահանգներ Տուած Հովուապետական Այցելութիւնը  «Հայ Եկեղեցւոյ, Դպրոցներուն Եւ Ազգային Արժէքներուն Մեր Պատկանելիութեան Գիտակցութիւնը Հիմքը Կը Կազմէ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման»  Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Միացեալ Նահանգներ Տուած Հովուապետական Այցելութիւնը «Հայ Եկեղեցւոյ, Դպրոցներուն Եւ Ազգային Արժէքներուն Մեր Պատկանելիութեան Գիտակցութիւնը Հիմքը Կը Կազմէ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի կազմակերպութեամբ, Արամ Ա. կաթողիկոսին հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, ուրբաթ, 30 սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Սիվիք» կեդրոնին մէջ, Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1000 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան: Ներկայ էին նաեւ միաբան ու քահանայ հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան...

Page 885 of 1110 1 … 884 885 886 … 1,110

Արխիւներ