Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Նուռի Այգիներ` Ազատագրուած Հողերու Վրայ (2)

Հոկտեմբեր 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Արցախի ազատագրուած տարածքներուն վրայ, Առաջամուղ գիւղի կառուցումէն ետք, գիւղի բնակիչներուն համար անհրաժեշտ էր ստեղծել տնտեսական զարգացման հնարաւորութիւններ: Բնակիչներուն մէկ մասը զինուորականներու ընտանիքներ էին, կային նաեւ գիւղապետարանի ու դպրոցի աշխատակիցներ: Այլ բնակիչներ Առաջամուղ տեղափոխուած էին շրջակայ գիւղերէն, իսկ ոմանք Ազրպէյճանէն եկած գաղթականներ էին: 18 ընտանիքներ եկած էին կեանք տալու անապատի վերածուած այս հողերուն, իսկ Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ Ֆոնտ»-ը գիւղի ընդարձակման աշխատանքներուն միանալով` արդէն աւելի քան անհրաժեշտ կը դառնար գիւղի տնտեսական կեանքի կազմակերպումը: Շուրջ հինգ տարի առաջ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Ֆրետ Հայրապետեան, բազմաթիւ ծրագիրներ ուսումնասիրելէ ետք, որոշեց ֆինանսաւորել նուռի այգիներու հիմնումը` Առաջամուղի յարակից տարածքի մը վրայ:

Առաջին հերթին պէտք էր արտերուն համար որոգման ջուր ապահովել: Թէեւ խորհրդային տարիներուն այս շրջանը որոգման ցանցով ապահովուած էր, բայց ըստ որոշ տեղեկութիւններու, այս հողերու ազատագրումէն ետք, քանի մը բարձրաստիճան հայ զինուորականներ, որոնք մինչեւ օրս «մեծ» անուններ են հայ քաղաքական իրականութեան մէջ, որոգման այդ ջուրի խողովակները սեփականացուցին ու ապա ծախեցին իրանցի վաճառականներու: Երկրորդ, պէտք էր գտնել մասնագէտ մշակներ, որոնք ունէին համապատասխան գիտելիք եւ փորձ: Դեռ` պէտք էր դաշտը մաքրել քարերէն, բերել հերկող մեքենաներ եւ այլն:

– Գիտէինք, որ դիւրին չէր այս գործը, բայց նաեւ համոզուած էինք, որ գիւղացիներուն համար ասիկա աշխատանք ստեղծելու ամենալաւ միջոցն էր: Յետոյ, մեր նպատակն էր նուռի վաճառքէն գոյացած եկամուտը վերստին ներդրել գիւղին մէջ, որպէսզի աւելի՛ բազմանան տնտեսական զարգացման հնարաւորութիւնները,- պատմեց Ֆրետ, երբ վերջերս միասին կ՛այցելէինք Առաջամուղ:

Քանի մը տարի ետք նուռի ծառերը աճեցան ու արդէն պատրաստ էին բերք տալու, բայց պատահեցաւ անսպասելին. ծառերու ծաղկումի առաջին տարուան աննախընթաց ցուրտը, իսկ երկրորդ տարուան աւերիչ կարկուտը փճացուցին ոչ միայն նոր աճող պտուղը, այլեւ` ծառերն ու գիւղացիներու տնամերձ այգիները: Կլիմայական նպաստաւոր պայմաններ ունեցող Առաջամուղին համար այս ցուրտն ու կարկուտը աննախընթաց էին:

– Հիասթափուած էինք պատահածէն, որովհետեւ նման բան չէինք ակնկալեր, մանաւանդ որ շրջանի կլիման շատ մեղմ է` բաղդատած Արցախի եւ Հայաստանի միւս շրջաններուն: Բայց գիտէինք, որ սա նաեւ մեր կամքի ուժին, այս հողին վրայ գոյատեւելու մեր վճռակամութեան քննութիւնն էր,- ըսաւ Ֆրետ, երբ հարց տուի իր ապրումներուն մասին:

Բարեբախտաբար կարելի եղաւ փրկել ծառերն ու այգիները: Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի մասնագէտները համապատասխան միջամտութիւններով կրցան կարկուտէն վնասուած ծառերը բուժել: Ֆրետն ու ես յայտնապէս ուրախ էինք, որ կարելի եղած էր փրկել այգին:

– Հայրենիքը մէկ օրէն կամ մէկ տարիէն չի կառուցուիր: Ամէն օր պէտք է ջուր տալ, խնամել: Կարեւորը այն է, որ այգին այստե՛ղ է, Առաջամո՛ւղն ալ կանգուն է եւ օրէ օր աւելի կ՛ընդարձակուի: Մեր շունչը երկար է, եւ բերքը անպայմա՛ն պիտի ունենանք: Եթէ չհաւատանք այս հողին ու այս ժողովուրդին, եթէ չխնամենք ու չաշխատինք, ապա ի՛նչ իմաստ ունի ազատագրուած հող ունենալը: Հողը արիւն ու քրտինք է: Շատերը իրենց արիւնը տուին, իսկ մենք պարտաւոր ենք մեր քրտինքը թափել այստեղ,- ըսաւ Ֆրետ, երբ արդէն Երեւան կը վերադառնայինք:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

Նախորդը

Մեծագոյն Ախտի` Գործազրկութեան` Ախտաճանաչման Անսքող Փորձ

Յաջորդը

222 Տարի Առաջ. «Ազդարար»-ի Հրատարակութիւնը Մատրասի Մէջ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?