Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

222 Տարի Առաջ. «Ազդարար»-ի Հրատարակութիւնը Մատրասի Մէջ

Հոկտեմբեր 15, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

«Ազդարար»-ի թիւերէն մէկը
«Ազդարար»-ի թիւերէն մէկը

222 տարի առաջ, 14 հոկտեմբեր 1794-ին Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ հիմնադրուեցաւ հայկական առաջին տպագիր պարբերականը` «Ազդարար»-ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսաւ 16 հոկտեմբերին:

Մատրաս (ներկայիս` Չեննա), Պենկալեան ծոցի ափին, առեւտրական եւ մշակութային կեդրոն է եւ կարեւոր նաւահանգիստ: Հայեր հոն բնակութիւն հաստատած են ԺԶ. դարուն:

Հնդկահայ գաղութին գրական եւ քաղաքական գործունէութեան կորիզը 1770-ական տարիներուն կազմուած Մատրասի խմբակն էր, որուն անդամներէն յիշենք Յովսէփ Էմին, Շահամիր Շահամիրեան եւ Մովսէս Բաղրամեան:

Շահամիր Շահամիրեանի նախաձեռնութեամբ 1772-ին Մատրասի մէջ հիմնուեցաւ Հնդկաստանի մէջ հայկական առաջին տպարանը:

Շահամիրեանի գործը այնուհետեւ շարունակեց Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան: Ծնած` 1750-ին, Շիրազ, ան  քահանայ ձեռնադրուած էր 1770-ական տարիներուն: Ինքնուս կերպով սորված էր պարսկերէն եւ արաբերէն, գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն. սորված էր նաեւ արհեստներ: 1784-ին ան Մատրաս ղրկուեցաւ իբրեւ քահանայ, գործակցեցաւ Շահամիրեանի հետ եւ 1789-ին հիմնեց հայկական երկրորդ տպարանը Մատրասի մէջ:

Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան
Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեան

Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան 1789-1790 տարիներուն երկու փոքր գրքոյկներ հրատարակելէ ետք, 1791-ին հրատարակեց Թադէոս Սոգինեանցի «Տետրակ, Որ Կոչի Ողբ Հայաստանեայց»-ը եւ Պաղտասար  Դպիրի երկհատոր քերականութիւնը, 1792-ին` Յովսէփ Արղութեանի «Օրինակ Հանդիսաւոր Ծանուցման եւ Ողբոց», Յակոբ Ջուղայեցիի «Գրքուկ Երկրաչափական» եւ Ներսէս Շնորհալիի «Գիրք, Որ Կոչի Յիսուս Որդի» երկերը եւ 1793-ին` «Գիրք Պորփիւրի, Որ Կոչի Ներածութիւն»-ը:

Շմաւոնեանի տպարանը չսահմանափակուեցաւ միայն հայ իրականութեան մէջ ծառայելէ, այլ աշխատեցաւ ծառայել նաեւ ուրիշ ազգերու եւ մեծ ծառայութիւններ մատուցեց մանաւանդ պարսիկներուն: Արդարեւ, Հնդկաստանի արեւմտեան ծովափնեայ շրջաններուն մէջ բաւական թիւով զրադաշտական  պարսիկներ կ՛ապրին, որոնք դարեր առաջ Պարսկաստանէն հալածական` Հնդկաստան ապաստան գտած են: Շմաւոնեան իր պարսկերէնի հմտութեամբ մեծապէս օգտակար եղաւ անոնց պարսկերէն տառերով տպարան մը հիմնելով, այն ժամանակ, երբ Պարսկաստանի մէջ մամուլի մասին մտածող իսկ չկար:

Այնուհետեւ Շմաւոնեան 1789-ին իր տպարանը օժտեց նաեւ արաբերէն տառերով եւ հետագային ալ` լատիներէն տառերով:

Սակայն Շմաւոնեանի եւ անոր տպարանին ամէնէն մեծ երախտիքը եղաւ հայ առաջին պարբերականին` «Ազդարար»-ի հրատարակութիւնը 1794-ին: Շմաւոնեան «Ազդարար»-ը խմբագրեց գրաբար եւ մասամբ ալ հնդկահայ եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով: Անոր նպատակն էր հաղորդել ընթացիկ ամսուան կարեւոր լուրերը, մանաւանդ` հնդկահայ եւ մատրասահայ կեանքին անցքերը. կը տպուէին նաեւ կրօնական, բարոյական, գրական ու պատմական յօդուածներ: «Ազդարար» տարածուած էր ո՛չ միայն Մատրասի եւ Հնդկաստանի մէջ, այլ նաեւ` Պոլսոյ, Նոր Նախիջեւանի, Էջմիածինի եւ այլ շրջաններու մէջ:

«Ազդարար»-ի կարգ մը համարներ տպագրուած են պատկերազարդ, կարմրագոյն տառերով:

Մատրաս
Մատրաս

«Ազդարար» թղթակցութիւններ կը ստանար Մատրասէն, Կալկաթայէն, Չինաստանէն, Ֆիլիփիններէն եւ Պասրայէն: Թերթի աշխատակիցներէն էր հրապարակախօս Սէթ Մամեան: Գրական բաժինին մէջ տպագրուած է Յակոբ Սիմոնեան Այուպեանցի «Հէյտար խանի պատմութիւնը»: Յարութիւն քահանայ թարգմանած է նաեւ ամերիկացի մանկագիր Թովմաս Տէյի «Փոքրիկ Ճէքի պատմութիւն»-ը, Էտիսընի «Միրզայի տեսիլքը» եւ Սթիլլի Սանթոն Պարսիսայի պատմութիւնը: Տպագրուած է նաեւ Խաչատուր Կեսարացիի «Պատմութեան պարսից»-ը:

«Ազդարար» կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայ քաղաքական մտքի զարգացման մէջ եւ հայոց ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական ենթահողը պատրաստեց:

«Ազդարար» հրատարակուեցաւ 18 համար եւ փակուեցաւ 1796 փետրուարին:

«Ազդարար»-ի փակումէն ետք Շմաւոնեան շարունակեց գիրքերու հրատարակութիւնը. 1796-ին ան հրատարակեց ֆրանսացի բնագէտներ Պիւֆոնի եւ Պոմարի «Համառօտ Պատմութիւն Մեղուաց»-ը, 1797-ին` «Գիրք Անուանեալ Ղեկավար Մանկանց»-ը եւ Դաւիթ Անյաղթի «Գիրք Սահմանաց»-ը, 1803-ին` «Փոքրիկ Բառագիր»-ը, 1806ին` «Անցք Կամ Գործք Քառասուն Երեք, Եւ Քառասուն Եւ Չորս Երրորդ Ժողովոց Մատրասից Հայոց»-ը, իսկ 1809-ին` ֆրանսացի հեղինակ Մարմոնթէլի «Պելիսարիոս»-ը:

Շմաւոնեան 1809-ին տպարանը յանձնեց իր աշակերտներուն եւ անիկա նոր վարչութեան մը հովանաւորութեան տակ անցաւ յանձին Աղա Սամուէլ Մուրատի եւ Աւետիք Յարութիւն Շերխօսեանի. իսկ 1812-էն սկսեալ տպարանին գործը շարունակեցին Յակոբ եւ Յովսէփ Նազար Շամրեանները, մինչեւ որ 1818-ին տպարանը փակուեցաւ:

Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեան այնուհետեւ ինքզինք նուիրեց հնդկահայ գաղութի հասարակական եւ դաստիարակչական կեանքին եւ վախճանեցաւ 1824 յունուար 29-ին (փետրուար 9):

 

 

 

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. Նուռի Այգիներ` Ազատագրուած Հողերու Վրայ (2)

Յաջորդը

Նամակ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?