Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով` Լաւագոյն Թարգմանիչի Ընտրութեան Մրցանք` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Հոկտեմբեր 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sofia-1_10716

Թարգմանչաց տօնին նշումը այս տարի տարբեր հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծեց Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ, որովհետեւ աշակերտական ընթացիկ հանդիսութեան կողքին, քոլեճը շաբթուան մը վրայ երկարած մրցանքներով ընտրեց իր լաւագոյն թարգմանիչները:

Մրցանքներու շարքը սկսաւ թարգմանչաց շաբթուան սկիզբը, երբ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները քանի մը հանգրուանով հաւաքուեցան քոլեճին հանդիսասրահը եւ հայերէնի թարգմանեցին անգլերէն եւ արաբերէն հանրածանօթ գրութիւններ` հայութեան եւ Հայաստանի մասին: Յատուկ դատական կազմ մը կատարեց սրբագրութիւնները եւ ընտրեց լաւագոյն թարգմանիչ աշակերտները:

Արդիւնքներուն հրապարակումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 հոկտեմբերին կազմակերպուած աշակերտական հանդիսութեան ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի փոխ տեսուչ Պսակ աբղ. Թեփիրճեան:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքը կատարեց Արմիկ Մարկոսեանը: Ան շեշտեց հայ գիրի եւ գրականութեան կարեւորութիւնը` մեր ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման պայքարին մէջ: Ան թելադրեց աշակերտներուն` հաւատարիմ ժառանգորդները ըլլալ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի ազգային-մշակութային ժառանգութեան:

sofia-3_10716

Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց «Որք զարդարեցին» շարականէն հատուածի մը երգեցողութիւն` խումբ մը աշակերտներու կողմէ, խմբային արտասանութիւն` Թաթուլ Վանանդեցիի «Հայ գիրը» եւ «Միայն մէկ գիր» (եօթներորդ դասարանի աշակերտներ), երկխօսութիւն մը` «Մարդն ու ժամանակը» (Արազ Էլէյճեան եւ Ժագ Խաչօ), մեներգ` «Յիս քու ղիմէթն» (Նաթալի Տեկիրմէնճեան, կիթառի ընկերակցութեամբ Սէրուժ Խանճիհանեանի), մենախօսութիւն` Մկրտիչ Մարկոսեանի «Հայերէն առաջին լրագիրս» (Դրօ Միրզայեան):

Այնուհետեւ, քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան խօսեցաւ լաւագոյն թարգմանիչի ընտրութեան կազմակերպման շարժառիթին մասին եւ ըսաւ, որ լեզուն մեր օրերու ամէնէն ազդու զէնքն է, որուն պէտք է տիրապետել լաւապէս` զայն կարենալ օգտագործելու համար հաւաքական մեր կեանքին եւ նպատակներուն կենսագործման ի խնդիր: Մենք այսօր պէտք ունինք օտար լեզուներու քաջածանօթ տղոց ու աղջիկներու, որոնք կարենան մեր ազգային կառոյցներուն մէջ գործել եւ մեր Դատին ի նպաստ իրենց կարեւոր ներդրումը ունենալ:

Տնօրէնը իր կարճ խօսքէն ետք յայտարարեց քոլեճին միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններուն անգլերէնի եւ արաբերէնի լաւագոյն թարգմանիչներուն անունները: Քոլեճին լաւագոյն թարգմանիչը հռչակուեցաւ երկու լեզուներու լաւագոյն թարգմանութիւնը կատարած, ԺԱ. դասարանի աշակերտ Գէորգ Եագուպեանը: Բոլոր մրցանակակիրները իրենց մրցանակները` անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն գիրքեր ստացան Պսակ աբղ. Թեփիրճեանի ձեռամբ:

Հանդիսութեան վերջին բաժինով օրուան պատգամը տուաւ Պսակ Աբղ. Թեփիրճեան: Ան յայտնեց, որ Թարգմանչաց տօնը կարելի չէ պարփակել տարուան մը մէկ օրով: Թարգմանչացը մնայուն շարժում է, յարատեւ ջանք է` հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը կենդանի եւ հարուստ պահելու: Թարգմանչացը մեր ինքնութիւնն է եւ զրահն է: Թարգմանիչներու ոգիով մենք կ’ապրինք դարերէ ի վեր: Այդ ոգին ամուր կը պահէ մեր հաւատքը մեր լեզուին հանդէպ, որուն նկատմամբ հիները ունէին պաշտամունքի աստիճանի հասնող յարգանք:

Այսօր, դժբախտաբար, լեզուն կը նահանջէ, ոգին կը նահանջէ եւ ազգային դիմագիծը կ’աղարտի, նշեց պատգամախօսը: Հարկ է ականջ տալ Թարգմանչաց սերունդի պատգամին եւ գիրք կարդալ, հայերէն խօսիլ, հայերէն կարդալ եւ հայերէն արտայայտուիլ, որպէսզի այլասերման եւ ձուլման վտանգներէն պաշտպանուինք, մեր հոյակապ քաղաքակրթութիւնը պահպանենք ու զարգացնենք, շեշտեց ան:

Հանդիսութեան աւարտին անակնկալ մը կը սպասէր ներկաներուն: Քոլեճին Աշակերտական խորհուրդին ներկայացուցիչը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց պատգամախօս հայր սուրբը եւ տնօրէն Վիգէն Աւագեանը, որ սփիւռքի նախարարութեան որոշումով արժանացած էր «Մայրենիի պաշտպան» մրցանակին:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ քոլեճին քայլերգով:

Նախորդը

Ազգ. Ռուբինեան-Ս.Մ. Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Տօնական Վերամուտը

Յաջորդը

Մշակոյթը Եւ Մայրենին Պատիւն Են Հայուն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?