Մենք մանուկներ հայ ազգի,
Ծարաւ հայ լեզուի երգի,
Հայ դպրոցի զինուորներ,
Սուրբ Մեսրոպի յաջորդներ:
Հայ դպրոցը մեր ազգային գոյութեան ու յաւերժութեան երաշխաւորն է. անով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը սփիւռքեան մեր դժուարին պայմաններուն մէջ:
Հայ պատանիները, երբ հասակ կ’առնեն այդ հարազատ դարբնոցին` հայ վարժարանին մէջ եւ անձնազոհ ուսուցիչներու շունչին տակ կը զինուին հայրենասիրական վեհ գաղափարներով ու կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն, անոնք ապագային, իբրեւ գիտակից սերունդ, տէր կը կանգնին իրենց ազգային արժէքներուն` հայրենիք, մշակոյթ, լեզու…
Հինգշաբթի, 22 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ Ազգ. Ռուբինեան-Ս. Մ. վարժարանի աշակերտները իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ ժամանեցին դպրոց:
Վերամուտ էր. աշակերտները շատ կարօտցած էին իրենց դպրոցական գեղեցիկ օրերը, ուսուցիչներն ու դասընկերները:
Դպրոցի բակին տօնական մթնոլորտը մեծ ուրախութիւն պատճառեց բոլորին, մանաւանդ` գեղեցիկ զարդարանքներն ու պատկերները, լիբանանեան ու հայկական եռագոյն դրօշներն ու գոյնզգոյն փուչիկները, ինչպէս նաեւ` հայկական երաժշտութիւնը:
Աշակերտները ողջունեցին զիրար, ուրախ ժամանակ անցուցին եւ առիթը ունեցան ծանօթանալու վարժարանի նորեկ աշակերտներուն:
Առաջին զանգը հնչեցուց վարժարանի հայերէն առարկաներու ուսուցչուհի Ազնիւ Ալթունեանը եւ աշակերտները իրենց դաստիարակներու ընկերակցութեամբ եկեղեցի մտնելով`Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի պատգամը ունկնդրեցին, ապա անոր ձեռամբ` հաղորդուեցան, որմէ ետք բոլորը հիւրասիրուեցան համեղ կարկանդակներով եւ հիւթերով. որը տրամադրուած էր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ:
Ապա աշակերտները դասարանային շարքերով կանգնած, հպարտ կեցուածքով լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները կատարեցին:
Ազնիւ Ալթունեան ողջունեց բոլորը եւ բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը մեծ ցնծութեամբ կը տօնէ մայր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը:
Ան հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեանը` արտասանելու համար իր սրտի խօսքը: Տնօրէնը վերամուտի առթիւ աշակերտներուն յաջողութիւն մաղթեց, իսկ Հայաստանին` նորանոր վերելք եւ անկախութեան 25-ամեակը շնորհաւորեց:
Տնօրէնի խօսքէն ետք, դարձեալ հայկական պարեղանակներէն խանդավառուած, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկները շուրջպարերով հանդէս եկան:
Աշակերտները վերամուտի առիթով իրենց դաստիարակներու կողմէ ստացան ձեռային աշխատանքներ:
Կէսօրին, երբ մեկնումի ժամը հասած էր, աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները:
ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ-ԱՍՄԻՆԵԱՆ