Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարազօդ Կոճատ Զոյգը. Բ. Կատարողական

Փետրուար 7, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Թեաթրոն» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ ներկայացուց Նիլ Սայմընի «Կոճատ զոյգը –                իգական տարբերակ» կատակերգութիւնը: Յօդուածին առաջին մասը կը վերաբերէր կատակերգութեան բնոյթին եւ լեզուին:

Բեմայարդարում եւ այլն.- Որմազդը աւելի տեղեկատուական եւ նկարագրական էր, քան` գեղարուեստական: Կրնար ըլլալ ժուժկալ եւ արտայայտիչ: Բեմադրիչը գործածած է շարժապատկերի երաժշտութիւնը(1): Բեմը դասաւորուած էր կատակերգութեան բազմաթիւ ելոյթներու դասաւորումի հետեւողութեամբ:  Կ’օգտագործուէր հարթակի գրեթէ ամբողջ տարածքը: Բարի՛: Աւելի կարեւոր եւ աչքառու տեսարանները կը կատարուէին բեմին աջ կողմին վրայ: Բարի՛: Բացման տեսարանի թափթփածութիւնը ունէր ծաղրանկարային բնոյթ: Այդ թերեւս բանալի մըն էր հասկնալու բեմադրիչի մօտեցումը:  Նկատելի է, որ թափթփածութիւնը աճած էր ելոյթէ ելոյթ: Հարկ էր, որ զգեստաւորումը ըլլար աւելի յարիր: Նրբաճաշակ, միջին տարիքի կին Ֆլորա, օրինակ, մուտք գործեց հագին պատառոտած ճինզ, որ վայել է պարմանուհիի մը: Պատառոտած ճինզով հանդէս եկաւ նաեւ անոր ընկերուհիներէն մին: Կիներու հագուկապը առհասարակ չէր արտայայտեր անոնց ընկերային դիրքը: Բեմադրիչ մը (Նաթան Մակի) վեց կիներուն տուած է Թրիվիալ Փըրսութ խաղի վեց գոյներով հաքուկապ` նշելու համար անոնց վեց տարբեր խառնուածքները: Կարելի էր այս ուղղութեամբ աւելի խորունկ մտածել:
Ինչպէս գրեթէ բոլոր կատակերգութիւններու պարագային, լուսաւորումը չունէր մեծ դեր: Բեմի ամբողջ տարածքը հաւասարապէս լուսաւոր էր: «Աղջամուղջ» տիրեց երկու անգամ, երբ Ֆլորա կը հեռաձայնէր զինք լքած ամուսնին: Լսուեցաւ նաեւ լարային տխուր մեղեդի: Բարի՛: Ի դէպ, այդ տեսարանը բնագիրին աւելցուած էր բեմադրիչին կողմէ: Առ ի ծանօթութիւն ընթերցողին, «Տէր Մելքոնեան» սրահի «աղջամուղջերը» սարքի սահմանափակ կարողութեան պատճառով պարտադրաբար կը ստանան արնագոյն երանգաւորում` մեկնաբանական շփոթի մատնելով հանդիսատեսը:

Խաղարկութիւնը արժեւորելէ առաջ հարկ է հասկնալ, թէ ի՛նչ էր պահանջած բեմադրիչը դերասաններէն: Այսինքն հարցը ուղղակի կ’առնչուի բեմադրիչի մեկնաբանութեան: Ինծի թուեցաւ, թէ անոնցմէ պահանջուած էր բեմի վրայ յառաջացնել շարժում եւ տուրուդմբոց, ըլլալ «ծիծաղաշարժ»: Այս գլխովին հակոտնեայ է Սայմընի մօտեցումին, ըստ որուն, պէտք չէ փորձել խաղալ «ծիծաղաշարժ»: Այդ կը սպաննէ կատակերգութիւնը (2):

Սելին Գասարճեանի (Վերա), Գոհար Պասմաճեանի (Միքի), Կասիա Պեշտիքեանի (Ռընէ) եւ Սեդա Պոյաճեանի (Սիլվի) բաժին ինկած էին աննախանձելի դերեր: Սայմըն ոչ մէկ ճիգ վատնած էր զանոնք վերածելու համար ապրող տիպարներու: Մնացած էին մէկ տարածաչափային, մէկ յատկանիշ կրող յարացոյցեր: Լիարիւն տիպարներ չէին: Անոնք բեմի վրայ էին արձակելու համար սայմընական սրախօսութիւններ եւ կամ` թիրախ դառնալու անոնց: Եւ քանի որ սայմընական սրախօսութիւնները ջնջուած կամ անհասկնալի դարձած էին անյաջող թարգմանութեան պատճառով, հէգ աղջիկները մնացած էին ան-դեր: Չէր օգներ նաեւ միապաղաղ գնդացրային կշռոյթը: Բեմադրիչը փորձած էր թատերական գործողութեան բացակայութիւնը պարտկել վազվզուքով եւ այլ արհեստական շարժուձեւերով: Տուեալ թատրերգութեան անծանօթ հանդիսատեսը չի կասկածիր իսկ, որ բեմի վրայ վազվզող աղջնակները կը ներկայացնեն միջին տարիքի, մասնագիտութեան տէր կիներ… ի դէպ, բոլորը «թոյն» սրամիտ` ի բացառեալ պարզամիտ Վերան:

Շատ զարմանալիօրէն բեմադրիչը անտեսած էր ոչ թէ մէկ, այլ երկու «աթոռներու խաղ»-երը, որոնք նախատեսուած էին նոյնինքն հեղինակին կողմէ: Յատկապէս զարմանալի, որովհետեւ, ըստ կատակերգական դասագիրքին, ձախաւեր շարժումի կրկնութիւնը զայն աւելի ծիծաղելի կը դարձնէ (4):

Առոգանութիւնն ու շեշտադրումը ընդհանուր առմամբ կը հետեւէին մեր բեմի տաղտկալի սովորութեան: Աւելի նման էին դպրոցական տրամախօսութեան, քան` արհեստավարժ թատրոնի: Այս ցաւոտ հարցը յատուկ չէ ներկայ ելոյթին:

Տիպարներ.- Ռընէ ունի արտակարգօրէն սուր հոտառութիւն (ծաղրանկարային): Անդադար կը գանգատի հոտերէ եւ օդի ապականութենէ: Այս իմաստով, ամենափոքր դերն էր: Ի զուր չէ, որ վերջին ելոյթին մէջ ձանձրոյթն ու անգործութիւնը փարատելու համար սկսած էր անդադար… ծխել: Այլ տիպարներ իրենց ձանձրոյթը փարատելու համար կը թերթէին պատկերազարդ գիրքեր:

Միքի ոստիկան մըն է: Առ այդ, ունի անվրդով խառնուածք եւ սիսթեմաթիկ մտածելակերպ: Հաւասարակշռութիւն բերող տարրն է: Խաղարկութիւնը, սակայն, այդ չէր արտայայտեր: Միքի շփոթահար կ’երթեւեկէր կարճադարձ զիկզակներով: Այլ խօսքով, հարցը տիպարի մեկնաբանութեան մէջ էր: Դերասանուհին համակրելի է: Հարկ է, որ ապագային փորձէ ձեռք բերել բեմական ձայն: Այդ հարցը առաւել կամ նուազ չափով առկայ էր այլ դերակատարներու պարագային եւս:

Սիլվի անհամբեր եւ ջղային է (ծաղրանկարային): Սեդա Պոյաճեան փորձառու դերասանուհի է: Այսուհանդերձ, հակառակ իր եռանդուն շարժուձեւերուն, պարզ չէ, թէ ինչպէ՛ս կը ծրագրէր «բռնաբարել» Վերան: Բնագիրին մէջ ան կը սպառնայ «պատանդ վերցնել» հէգ Վերան:

Վերա պարզամիտ եւ քիչ մը արտակեդրոն (eccentric) կին մըն է: Թիրախ է Սիլվիի գրոհներուն: Ի դէպ, Սելին Գասարճեան ամենեւին նման չէր «աշխարհի ամենահին բոյս»-ին: Ունի լաւ դիմախաղ: Ակնյայտօրէն ինքզինք հանգիստ կը զգար բեմի վրայ: Հարկ էր, որ ունենար կերպարի տարիքին յարիր շարժուձեւ:

Սպանացի «եղբայրներու» ելոյթը ներկայացման միակ գունագեղ մասն էր: Դերակատարները ցուցաբերեցին խելացի խաղարկութիւն` արտայայտելու համար իրարմէ տարբեր մշակոյթներու միջեւ հաղորդակցութեան դժուարութիւնը: Հեսուս Ֆլորայի արական տարբերակն էր: Նոյնիսկ կը խորշէր իրեն շատ մօտեցող կիներէ: Ակնյայտ է, որ Մայքըլ Գուտուզեան կը տիրապետէ իր մարմինին: Նիլ Սայմըն խաղաց այնպէս, ինչպէս հարկ է: Մանուէլ Թոքմաճեան ցուցաբերեց իր ամենայաջող կերպարը: Կարողացաւ ունենալ բեմական ներկայութիւն: Հարկ էր սակայն, որ շարժուձեւերը ըլլային նուազ ցուցադրական: Այսուհանդերձ, այդ կարելի էր վերագրել իր առոյգ, կեանքը սիրող կերպարին: Շա՛տ բարի:

Ֆլորա կատակերգութեան ողնայարն է: Դիպաշարը հիւսուած է իր շուրջ: Ֆլորա մաքրասէր եւ կոկիկ է: Կը խնամէ իր արտաքինը եւ առողջութիւնը, հաճոյք կ’առնէ տնային աշխատանքէ, իր շուրջիններու համար  համադամներ պատրաստելէ: Արտակարգօրէն կիրթ եւ զարգացած է: Միով բանիւ կատարեալ տանտիկնոջ մը ծայրայեղութիւնն է: Ֆլորա անհաւասարակշիռ, անոպայ խելագար մը չէ: Ան չի հոտոտար իր ընկերուհիներու մազերը կամ փսխեր 12-րդ յարկի պատուհանն ի վար: Ան չափազանց կիրթ կին է ոեւէ մէկու… «մայրը թաղելու» համար: Խաղարկութեան մէջ կար մեկնաբանութեան շատ լուրջ հարց: Այս մասին` աւելի ուշ: Տիպարը վերածուած էր ջղագարի մը, որ անդադար կը պրկուի եւ զիլ ձայնով կը ճչայ,  անձ մը ատակ է իր լաւագոյն ընկերուհիները կոպտելու` ի սէր մաշած սեղանի դոճի (վերնիշ) պահպանման: Հարկ է, որ Մայիսեան մշակէ բեմական ձայն եւ խուսափի աժան ծիծաղ կորզելու փորձութենէն:

Օլիվ անձ մըն է, որ կը սիրէ կեանքը, կը սիրէ արկածախնդրութիւնը, «ռիսք»-ը: Յաջող է իր գործին մէջ: Ժամանակ չունի տնային բթացնող ապերախտ աշխատանքի: Այս իմաստով, շատ փարտոն կիներէ… ունի արական գիծեր: Կարելի է երեւակայել, որ ան ատակ է մայրեր… «թաղելու»: Դերակատարը, «ցաւօք», ունէր կանացի համակրելի արտաքին: Առաջին ելոյթին մէջ բնազդաբար սրբեց խաղի սեղանի վրայ թափած գարեջուրը: Հարկ է, որ անդրադառնար նաեւ, թէ նկարել սիրողներ լաւ կը ճանչնան Էլ Կրեքոն: Քերոբեան ունի բնածին ձիրք, խելացի խաղարկութիւն, բեմակական ձայն եւ ներկայութիւն: Շա՛տ բարի: Կը թելադրեմ, որ հետագային նուազ վերամբարձ վերաբերմունք ունենայ իր խաղընկերներու հանդէպ: Այդ կը խանգարէ բեմի «քիմիան»:

Սայմըն կը խօսի համատեղ ապրելու դժուարութեան մասին առհասարակ: Երկու կողմերը հաւասարապէս պատասխանատու են: Իսկ մենք բեմի վրայ տեսանք կողմ մը, որ էր անտանելի, եւ կողմ մը, որ էր համակրելի: Այդ կ’առաջնորդէ տիպարի դատումին եւ ոչ մարդկային յարաբերութիւններու: Ի մասնաւորի` ամուսնական յարաբերութիւններու: Սայմըն համարում չունի ամուսնութեան հաստատութեան վրայ: Տիպարներէն մէկը մօտաւորապէս կ’ըսէ. «Այդ երկա՛ր ամուսնութիւն է, այլ` ո՛չ յաջող ամուսնութիւն»: Ֆլորայի ընտանիքի անդամներէն քանի մը հոգին ամուսնալուծուած է:

Միասեռական.- Սայմընի զոյգերը ունին ակնյայտ ակնարկներ «ամուսնութեան»: Ֆելիքս ունի իգական հակումներ: Արական Օսքար կ’առաջարկէ կենակցիլ եւ կ’աւելցնէ. «Հերն անիծած, մատանի՞ կ’ուզես»: Հետագային կը յայտարարէ ապահարզան: Նոյն տեսարանն ու խօսքերը կը կրկնուին իգական տարբերակին մէջ: Աւելի՛ն. Օլիվ ամուսնութեան առաջարկի պահուն ծունկի կու գայ Ֆլորայի առջեւ: Մարձումի տեսարանի շարժումները շատ քիչ բան կը ձգէին երեւակայութեան, մանաւանդ` առաջին օրուան ելոյթին մէջ: Նկատել` Ֆլորայի ծալած ծունկը, որ ցուցանիշ է սեռային հաճոյքի: Այժմ կը մէջբերեմ գուցէ եւ ընդմիջուած երկխօսութիւնը: Կանխաւ ներողամտութիւն կը խնդրեմ ընթերցողէն.

Օլիվ.- «Ծռի՛ր… կը ցաւցնե՞մ…»  Ֆլորանս.- «Ո՛չ … երբեք երկար չի տեւեր»… Օլիվ.- «Թերեւս այս անգամ տեւէ»… Ֆլորանս.- «Գիշե՛ր բարի, Սիտնի»: Աւելի ուշ.- «Սիտնի այլեւս զիս պիտի չշփէ…»: «Շփել»-ը ուրեմն ունէր փոխաբերական իմաստ: Ֆլորանս յանդիմանեց Օլիվը, երբ ան ուշ դարձաւ տուն (Ո՞ւր գնացիր, ո՞ւր մնացիր էս գիշեր…) եւ այլն:

Սայմըն կը թելադրէ, որ սպանացի տղաքը եղբայրներ չեն: Բազմաթիւ բեմադրիչներ այդ ցոյց կու տան` ընտրելով դերասաններ, որոնք ոչ մէկ նմանութիւն ունին իրարու: Անոնք կը ձեւացնեն եղբայրներ ըլլալ` որպէս քողարկում (քամուֆլաժ): Կնոջ մը ապաստան տալը կրնայ ծառայել որպէս քողարկում: Հեսուս կը բացատրէ, որ ամերիկեան ընկերութիւնը չի հանդուրժեր «ուրախ մարդիկը» (gay): Թէ` դրացիները սխալ ենթադրութիւններ կ’ընեն, երբ զիրենք մերկ տեսնեն:

Դերակատարները հասկցած էին այս կէտը: Հեսուս մատներու ծայրով իր զիստէն հեռացուց Օլիվի ձեռքը: Ապա այնքան շփոթեցաւ անոր յառաջխաղացքէն, որ քիչ էր մնացեր գլորէր թիկնաթոռէն վար: Ֆլորանս, որ կը խուսափէր տղոցմէ, քանի մը անգամ ինքնաբուխ համբուրեց Օլիվը: Առաջին արարին մէջ Ֆլորա զզուանքով դպաւ Օլիվի կուրծքին: Իգական հոմոֆոպիան  գրեթէ չգոյ է: Թերեւս առհասարակ դժուարութիւն ունէր մարդոց հետ յարաբերութիւններ հաստատելու:

Սայմընի միտք բանին այն է, որ մարդկային յարաբերութիւնները համերաշխ եւ խաղաղ չեն կրնար ըլլալ: Միասեռական եւ տարասեռական ամուսնութիւնները կ’ունենան իրերանման հարցեր: Թէ գոյ են արական ե՛ւ իգական «Կոճատ զոյգեր» … իմա` ամոլներ:

Բեմադրութիւն.-  Սայմընի կատակերգութեան բեմադրութիւնը «անկարելի առաքելութիւն» էր, որովհետեւ թատերական գործողութիւնը  չգոյ սեպուելու աստիճան ոսին է: Կատակերգութիւնը հիմնուած է լեզուական խաղերու եւ Նիւ Եորքի հրէական միջին դասակարգի խիստ իւրայատուկ մշակոյթին վրայ: «Մեռեալ ծովու մագաղաթները», «Մեղքը մեր գլխուն», «Կլորիա Շթայնեմ» եւ այլն` հրէական ակնարկներ են:

Մշակոյթի եւ լեզուի անբաւարար ծանօթութեան  պատճառով ելոյթին մէջ սպրդած են շատ մեծ թիւով սխալ թարգմանութիւններ: Դուրս մնացած են նոյնպէս մեծ թիւով սրախօսութիւններ եւ ակնարկներ: Ջնջուած էր, օրինակ, ակնարկը հայելիներու: Սարսած ժապաւէններու մշակոյթին մէջ ընդունուած է, որ հայելին չի ցոլացներ արիւնախում չղջիկ մարդիկը (vampire): Կան նաեւ ակնարկներ, որ պարզապէս անհասկնալի են.-  T-Bird (Բաց ինքնաշարժ), Speed (թմրեցուցիչ), «Յիշէ Ալամոն»: Ձեռքի արատները խոշոր են ոչ թէ պլպլացող փոքրիկ աստղերու, այլ Մեծ շերեփի չափ (Մեծ արջի համաստեղութիւն) (5) եւ այլն:

Սայմընական սրախօսութիւնը փոխարինուած էր փողոցային վարքով եւ ասքով, որոնք, ցաւօք, աճեցան ելոյթէ ելոյթ: Կատակերգութիւնը վերածուած էր ծինախաթար էակի մը (mutant): Trivial Pursuit ընդհանուր զարգացումի խաղ է: Տիպարները կիներ են, որոնք թերեւս ծանօթ չեն յարաբերականութեան տեսութեան, բայց կը ճանչնան մշակոյթի մարդիկ, ինչպէս` Վերա Հրուպա Ռալսթընը, Փէյն Ուէպըր, Ատլայ Սթիվընսըն եւ այլք: Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ անոնք յանկարծ ըսեն. «Մա՛յրը թաղեմ, մէկ հատ մոտելը տեսե՞ր ես»: Նուրբ սրամտութիւնը փոխարինուած էր զուգարանի աղմուկով, փսխուքով, խլինքով, քաշկռտուքով եւ փողոցային յիշոցներով:

«Ծաղկեցուած» էին յատկապէս Օլիվ-Ֆլորանս քաշքշուքն ու վէճերը` յաւելումներով եւ փոփոխութիւններով, որոնք յաճախ յարիր չեն տիպարներու նկարագրին: Օլիվ այնքան բծախնդիր է, որ ճաշի պնակները մաքրելու համար կրնայ նոյնիսկ դիմել ատամնաբուժի: Այս ծիծաղելի է, որովհետեւ Նիւ Եորքի մէջ ատամնաբուժը պիտի պահանջէ ահռելի գումար: Օլիվի նման անձ մը երբեք աղտոտ պնակները իրեն հետ անկողին չի տանիր: Օլիվ անհոգ է, բայց` ոչ կծի: Ինչո՞ւ պսակի հագուստին վրայ «քոլա» պիտի թափէր եւ ոչ` շամփանիա: Եւ այլն:

Մեկնաբանական.- Բեմադրիչի մեկնաբանութիւնը հակոտնեայ է բնագրի տրամաբանութեան: Սայմըն կ’ըսէ, որ յարաբերութիւնները դժուար են, բայց` ոչ անկարելի: Թէ` մարդիկ ատակ են իրենց վարքը բարեփոխելու: Օսքար եւ Օլիվ  վերջին տեսարանին մէջ կ’ըսեն. «Ի սէր Աստծու, ուշադիր եղէք, այս իմ տունն է, ոչ խոզի ախոռ»: Օսքար կը դառնայ պատասխանատու հայր: Օլիվ խնամքով կը ծալէ անձեռոցիկները: Միւս կողմէ` Ֆելիքս եւ Ֆլորա կը թօթափեն իրենց կախուածութիւնը նախկին կողակիցէն:  Անոնք կը հեռանան բեմէն: Յստակ չէ, թէ որքա՛ն պիտի պահպանեն իրենց վարքը: Այս գծով կատակերգութիւնը բաց է մեկնաբանութեան:

Ելոյթի վերջաբանը յոյժ յոռետեսական էր: Ամուսինի հրաժեշտի հեռաձայնէն ետք Օլիվ փուլ կու գայ որպէս կին: Կը հրաժարի «Էնթել-տանթել» Թրիվիալ Փըրսութ իգական խաղէն եւ կը բանայ փոքերի սեղան: Փոքերը արական ծէս է: Ֆլորա ցուցադրական շարժումներով իրեն հետ կը տանի խորհրդանիշ աւելը: Իմա` չէ հրաժարած իր վարքէն: Երկու կողմերը աւելի եւս կը խրին իրենց խրամներուն մէջ:  Ֆելիքս դուրս գալէ առաջ կ’ըսէ, թէ պիտի շարունակէ մնալ Օսքարի փոքերի սեղանին վրայ: Ֆլորա հաւատարմութեան այդպիսի յայտարարութիւն չ’ըներ: Մարդկային յարաբերութիւնները դատապարտուած են ձախողութեան: Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:

Բեմադրիչը ընտրած էր «ամբոխները հաճոյացնող» (3), շուկայական, մակերեսային հեղինակի մը գործը: Մեկնաբանութիւնը աւելի եւս արժեզրկած էր կատակերգութիւնը` աւելցնելով արհեստական տուրուդմբոց եւ անխնամ «ակայական» ասք: Սուրէն Խտըշեան նախապէս փաստած է, որ ատակ է շատ աւելի որակաւոր բեմադրութեան: Յուսանք, որ իր շնորհքը կը ցուցաբերէ յաջորդ գործով:

Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ:

————————-

1.- Neil Hefti The Odd Couple | Soundtrack Suite 1968.
2.- James Lipton, Տեսակցութիւն, The Art of Theater No. 10, 1992.
3.- W. Hughes South Boston News & Record November 23, 2009.
4.- Տես «Եղանակի տեսութիւն», «Ազդակ», 26 նոյ. 2016:
5.- Big Dipper: Հիւսիսային աստղի համաստեղութիւնը ունի բազմաթիւ անուանումներ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1967)

Յաջորդը

Համաշխարհային Աւանդական Քաղաքականութեան Փոփոխութիւն Այսօրուանից

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?